Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ Ժտէյտիի Մասնաճիւղի Սկաուտական Խորհուրդին Եւ Խմբապետական Կազմին. Հայոց Ցեղասպանութեան 104-ամեակի Ոգեկոչում

Մայիս 1, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երկուշաբթի, 29 ապրիլ 2019-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Նահր Մոթի «Անի» ակումբին դիմաց գտնուող պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 104-ամեակի ոգեկոչում` հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ Ժտէյտիի մասնաճիւղի վարչութեան, կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ Ժտէյտիի մասնաճիւղի սկաուտական խորհուրդին ու խմբապետական կազմին եւ ներկայութեամբ ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան։

Ձեռնարկը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն յոտնկայս ունկնդրութեամբ: Ապա Սէրլի Խաչատուրեան հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն նահատակներուն յիշատակը: Իր բացման խօսքին մէջ Սէրլի Խաչատուրեան նշեց, որ 104  տարիներ ետք  միջազգային ընտանիքը տակաւին կառչած կը մնայ կրաւորական հանդիսատեսի  իր դերին: 104 տարիներ ետք թուրքերը կը մնան նոյնը: Անոնք իրենց դիմագիծը փոխարինած են եւրոպական գլխարկով, արաբական գիրերը` լատինական տառերով, սակայն կը պահեն իրենց կիսավայրենի եւ բարբարոս նկարագիրը:

Ան ահազանգ հնչեցուց, որ մեր կոթողներն ու եկեղեցիները օրըստօրէ կը փճացուին, ունինք շղթայուած Մասիս մը: Այս բոլորը մանաւանդ հայ սկաուտներուն մէջ պէտք է արթնցնէ պայքարելու ոգի, արժանապատուութեան խնդիր մը: Իր խօսքի աւարտին ան կոչ ուղղեց պայքարելու զանազան ձեւերով, յատկապէս մեր լեզուն ու մշակոյթը պահպանելով եւ թրքական երեւոյթներու դէմ պայքարելով:

Գեղարուեստական յայտագիրը ընթացաւ հետեւեալ կարգով. Հայոց ցեղասպանութեան մասին տեսերիզի ցուցադրութիւն, ասմունք` Նարօտ Խաչատուր` «Ճամբայ բացէք ես Ղարս կ՛երթամ», դարձեալ տեսերիզի ցուցադրութիւն, ուր լիբանանցիներ կ՛արտայայտեն Հայոց ցեղասպանութեան մասին իրենց տեսակէտները, մեներգ եւ նուագ` Կայէլ Ապուսէֆեան` «Վեր կաց եղբայր», «Գնացի երկիր»` ընկերակցութեամբ «Հայք» նուագախումբին:

Օրուան բանախօս, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Վաչէ Նաճարեան իր խօսքին սկիզբը նշեց, որ ՀՄԸՄ ծնունդ առած է Եղեռնի ցաւէն ու տառապանքէն, մեր նահատակներու արեամբ մկրտուած, մեր ժողովուրդին ու Հայ դատին ծառայելու աշխատանքին նուիրուած: Ան ըսաւ, թէ ՀՄԸՄ-ի քայլերգին բառերը խտացումն են նահատակներու ժառանգին:

Ապա Վաչէ Նաճարեան խօսեցաւ ՀՄԸՄ-ի գաղափարի հիմնադիր Շաւարշ Քրիսեանի մասին եւ ըսաւ, թէ ան Պոլսոյ հայ ընտրանիին շարքին 24 ապրիլ 1915-ի գիշերը կը ձերբակալուի, կ՛աքսորուի եւ կը նահատակուի: Այս ձեւով ան ՀՄԸՄ-ի երդումին նահատակը դարձաւ: Ան խօսեցաւ նաեւ ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան մասին եւ նշեց, որ ան ծնաւ ամենադժուարին պայմաններուն մէջ: ՀՄԸՄ իր նպատակը դարձուց վերականգնել ընկճուած հայութիւնը եւ դարձաւ ազգային միութիւն մը` բխած հայ հոգիէն եւ հայ միտքէն: Հայոց ցեղասպանութեան  անժխտելի իրականութենէն 104 տարիներ անցած են, սերունդներ փոխուած են սակայն Հայոց ցեղասպանութեան ընդունումն ու հողերու վերադարձը կը մնան առաջնահերթ: Այսօր հայութիւնը աշխարհի տարածքին կենդանի վկայութիւն է Թուրքիոյ հրէշային ծրագիրի ձախողութեան: Հայութիւնը հաւատաց ու փաստեց, որ ինք հազարամեակներու մշակոյթ ունեցող, ապրող ու ստեղծագործող ազգ է եւ իր անմնացորդ նպաստը բերած է ու կը շարունակէ բերել մարդկային քաղաքակրթութեան:

Վաչէ Նաճարեան խօսեցաւ նաեւ այսօրուան պարզած վիճակին մասին եւ յայտնեց, որ այսօր ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի նոր զէնքերով, Թուրքիա պետական մակարդակի վրայ կը ծաւալէ պատմական իրողութիւններու խեղաթիւրման եւ ժխտումի ծրագրաւորուած եւ հետեւողական քաղաքականութիւն: Ան ըսաւ, թէ ապրիլեան ոգեկոչումները պէտք է դառնան առիթ քննական աչք նետելու մեր հայակերտման պայքարին առաւել դրսեւորման եւ մեր արդար պահանջներուն աւելի հանդիսաւոր ձեւակերպման: Երբ ՀՄԸՄ-ական սկաուտը կ՛ուխտէ եւ երդում կը կատարէ Եռագոյնին, հայրենիքին եւ պատուոյն վրայ, ան կը դառնայ գաղափարապաշտ զինուորը հայ ազգին:

Իր խօսքի աւարտին Վաչէ Նաճարեան նշեց, որ ջահը կը մնայ բոցավառ, իսկ անոր բոցավառումը հզօրացնելու համար մեր բոլորին հաւաքական աշխատանքի կարօտը կայ: ՀՄԸՄ-ականին պատգամը կը մնայ նոյնը. «Հսկայ նուիրման տորմիղ հրաթեւ, կամաւոր բանակ, յառաջ անսասան, յառաջ անդեդեւ, դէպի յաղթանակ», եզրափակեց ան:

Ապա քայլարշաւ տեղի ունեցաւ Ժտէյտիի մէջ եւ Ծիծեռնակաբերդի յուշարձանի մանրակերտին դիմաց մոմավառութիւն եւ բարեխօսական աղօթք:

Հուսկ օրհնութեան խօսք ուղղեց Լիբանանի թեմի քարոզիչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան: Ան նշեց, որ այսօրուան հաւաքը առիթ է ըլլալու մեր նահատակ սուրբերուն հետ, որպէսզի անոնք իբրեւ բարեխօսներ ուղեկցին մեզի` մեր ուսերուն դրուած պահանջատիրութիւնը կատարեալ կերպով յառաջ մղել կարենալու համար: 104 տարիներ ետք մեր կանչը` իբրեւ ապրիլեան Եղեռնի ժառանգորդներ, կը շեփորէ: Սակայն 104 տարիներ ետք յիշելու եւ պահանջելու ժամանակաշրջանը արդէն անցած է: Մեր նշանաբանը պէտք է փոխել այսուհետեւ. ժամանակը հասած է պայքարելու եւ յաղթելու, հաստատեց ան:

Հայր սուրբը անդրադարձաւ նաեւ օրեր առաջ տեղի ունեցած ապրիլեան քայլարշաւը մեղադրողներուն եւ յայտնեց, որ անոնք չէին ապրած այն զգացումը, ինչ որ հայերը զգացած էին 1915 թուականին:

Ան գնահատեց ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը եւ ի մասնաւորի ՀՄԸՄ Ժտէյտիի մասնաճիւղը, որոնք սկաուտներուն մէջ կը սերմանեն ապրիլքսանչորսեան ոգին, պայքարը, ուժը, կամքը եւ նկարագիրը: ՀՄԸՄ-ի նշանաբանը` «Բարձրացի՛ր-բարձրացո՛ւր»-ը գայլիկներուն ու սկաուտներուն մէջ այսօր կը շաղախէ ու կը սերմանէ ապրիլեան մեր նահատակ սուրբերու արեան կանչը: Հայու նկարագիրը, աննկուն կամքը շատ աւելի տարբեր են այն ժամանակէն երբ թուրքը համարձակեցաւ սպաննել մեզ:

Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան յիշեց նաեւ պատմութեան հերոսները, որոնց առաջնորդութեամբ եւ քայլերով ապրիլ 24-ի ոգեկոչումները յոյսի նշոյլ, կամքի ուժեղացում եւ մանաւանդ նկարագիրի կերտում դարձած են: Ան մասնաւորաբար յիշեց Կոմիտասը, որուն կենդանի նահատակութիւնը մեր մէջ արթնցուցած է եկեղեցւոյ, ազգին հանդէպ հաւատք: Հայր սուրբը լուսարձակի տակ առաւ նաեւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան բացած դատը` Սիսի կաթողիկոսարանին վերադարձին վերաբերեալ: Ան եզրափակեց իր խօսքը եւ ըսաւ, որ մեր նահատակներու ոգեկոչումը միայն խօսք պիտի չըլլայ մեր կեանքին մէջ, այլեւ` գործ:

Ձեռնարկի աւարտին ներկաները սկաուտներուն հետ երգեցին «Կիլիկիա» մաղթերգը եւ «Յառաջ նահատակ» քայլերգը:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Մամուլին Անդրադարձը Հայոց Ցեղասպանութեան 104-ամեակի Ոգեկոչման

Յաջորդը

ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» Կոմիտէի Քարոզչական Յանձնախումբ. Կլոր Սեղան` Հայոց Ցեղասպանութեան 104-ամեակին Նուիրուած

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի  Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին

Յուլիս 12, 2025
Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան.  Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան. Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 12, 2025
Մեսրոպեան Բարձրագոյն Եւ Արուեստից Վարժարաններու Ամավերջի Հանդէս
Գաղութային

Մեսրոպեան Բարձրագոյն Եւ Արուեստից Վարժարաններու Ամավերջի Հանդէս

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?