Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երիտասարդական Հանդիպում` ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի Հետ

Մայիս 1, 2019
| Newsletter, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` երեքշաբթի, 30 ապրիլ 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան եւ Զաւարեան ուսանողական միութեան անդամները հանդիպում մը ունեցան ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի հետ:

Հանդիպումի ընթացքին ողջոյնի խօսքով մը ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Արշօ Պալեան ներկաներուն բացատրեց հանդիպումին նպատակը եւ հրաւիրեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ  Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը փոխանցելու իր խօսքը:

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը, որուն  նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած էր այս հանդիպումը, ներկայացուց եկող շրջանի ՀՅԴ Բիւրոյի որդեգրած ուղղեգիծը: Ան ներկայացուց Հայաստանի ներքաղաքական վիճակը եւ հայաստանեան օրակարգին վրայ գտնուող  հարցերուն նկատմամբ կուսակցութեան պաշտօնական կեցուածքը: Ան խօսեցաւ Հայաստանի տնտեսութեան, արդարադատութեան, հարկային համակարգին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ ընկերային արդարութիւն հաստատելու ուղղութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի աշխատանքներուն մասին: Ան հաստատեց, որ երիտասարդութիւնը հիմնական դեր ունի այդ  աշխատանքներու իրագործման հոլովոյթին մէջ եւ նկատել տուաւ, որ ՀՅԴ Բիւրոյի համար երիտասարդութեան եւ ուսանողութեան կարծիքը կենսական կը նկատուի:

Ան միջազգային օրինակներէ մեկնելով, երիտասարդութեան յստակօրէն բացատրեց տարբեր քաղաքական մօտեցումներ, տարբեր վարչաձեւեր, որոնք պատմականօրէն յաջողութիւն արձանագրած են եւ շատ մեծ հաւանականութեամբ նաեւ յաջող տարբերակներ կրնան ըլլալ հայաստանեան քաղաքական դաշտին մէջ: Ան նկատել տուաւ, որ Դաշնակցութիւնը կառչած է եւ կառչած կը մնայ իր ընկերվարական սկզբունքներուն, սակայն անդրադարձաւ այն իրողութեան, որ ընկերվարութիւնը իւրաքանչիւր երկրի մէջ տարբեր ձեւով ընկալուած է, եւ այդ խնդիրէն մեկնելով, պէտք է կարենալ ճիշդ ձեւով բացատրել եւ աշխատիլ այդ ուղղութեամբ:

Հանդիպումի ընթացքին Յակոբ Տէր Խաչատուրեան համառօտ ձեւով նաեւ ներկայացուց սփիւռքի տարբեր գաղութներու այսօրուան իրավիճակը` կրթական, տնտեսական, քաղաքական եւ ընկերային իմաստով: Ան լուսարձակի տակ առաւ Հայ դատի աշխատանքները եւ անոնց արձանագրած մակընթացութիւնները: ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը նաեւ կեդրոնացաւ արցախեան տագնապին վրայ, ներկայացուց կուսակցութեան կեցուածքը եւ այսօր տեղի ունեցող բանակցութիւններու կարգավիճակը: Ան խօսեցաւ նաեւ Հայաստանի մէջ ազգ-բանակ գաղափարի ամրապնդման կարեւորութեան մասին:

Հանդիպումի աւարտին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն:

 

Նախորդը

ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» Կոմիտէի Քարոզչական Յանձնախումբ. Կլոր Սեղան` Հայոց Ցեղասպանութեան 104-ամեակին Նուիրուած

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի  Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին

Յուլիս 12, 2025
Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան.  Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան. Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 12, 2025
Մեսրոպեան Բարձրագոյն Եւ Արուեստից Վարժարաններու Ամավերջի Հանդէս
Գաղութային

Մեսրոպեան Բարձրագոյն Եւ Արուեստից Վարժարաններու Ամավերջի Հանդէս

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?