Կազմակերպութեամբ Հայկազեան համալսարանին, հինգշաբթի, 18 ապրիլ 2019-ին համալսարանի «Մուկար» պարտէզին մէջ նշուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 104-ամեակը:
Համալսարանի ուսանողները, անձնակազմը, շրջանի բարեկամներն ու դրացիները շրջագայելով մօտեցան «Մուկար» պարտէզին մէջ զետեղուած Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յուշակոթողին (անմոռուկ ծաղիկ), ուր ծաղիկներ խոնարհեցնելով` տուին յարգանքի իրենց տուրքը: Հոգեպարար այս արարողութեան տուտուկի նուագով կ՛ընկերակցէր Սագօ Եագուպեանը:
Հայկազեան համալսարանի «Աւանդներու ակումբ»-ին անունով խօսք առաւ Մեղրի Գազանճեանը եւ ողջունեց ներկաները: Մինաս Ադամեանը, ընկերակցութեամբ Արի Վարդանեանի (կիթառ), երգեց «Զինուորի երգը», ապա Ռազմիկ Տէրունեանը ասմունքեց Գէորգ Էմինի բանաստեղծական կտորներէն մին: Իսկ համալսարանի ուսանողներէն Գէորգ Եագուպեանը ասմունքեց Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած բանաստեղծութիւն մը, որ ինք գրած է:
Ձեռնարկը աւարտեցաւ Հայկազեան համալսարանի հոգեւոր տեսուչ վեր. Ուիլպըրթ Վան Սանէի ուղերձով:
19 ապրիլ 2019-ին, Հայոց ցեղասպանութեան 104-ամեակը ոգեկոչելու ծիրին մէջ, Հայկազեան համալսարանը կազմակերպած էր «1,5 million reasons to bike for a cause» խորագիրով հեծելարշաւ, ուր 40 մասնակցողներ, Ցեղասպանութեան յատուկ թի-շըրթներ հագած, մօտաւորապէս 1 ժամ քշեցին կեդրոնական Պէյրութի փողոցները:
Իսկ 17-24 ապրիլ 2019-ին Հայաստան գտնուող «Էքսթրիմ» ակումբի ուսանողները, որոնք Վայոց Ձորի մէջ լեռնագնացութիւն-քայլարշաւի մը միջոցով «Սեսոպել» հաստատութեան դրամահաւաքի նպատակով գացած էին, 24 ապրիլին Հայկազեան համալսարանը ներկայացնելով` այցելեցին Ծիծեռնակաբերդի Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր, ուր ծաղիկներ զետեղելով` իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին Հայոց ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներու յիշատակը յաւերժացնող Ծիծեռնակաբերդի յուշարձանին եւ անմար կրակին մօտ: