ՀՄԸՄ-ի Երիտասարդական Ա. Համագումարը Աշխատանքները Աւարտեց Յաջողութեամբ
Շաբաթ, 11 մայիսի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Աթէնքի մէջ երկօրեայ իր աշխատանքները աւարտեց ՀՄԸՄ-ի պատմութեան առաջին երիտասարդական համագումարը, որուն մասնակցեցան միութեան 17 շրջաններէն 39 երիտասարդ-երիտասարդուհիներ, շրջաններէ վարչական ներկայացուցիչներ, ՀՄԸՄ-ի Յունաստանի Շրջանային վարչութեան եւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամներ: ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպութեամբ եւ Յունաստանի Շրջանային վարչութեան հիւրընկալութեամբ իրագործուած այս համագումարը առաջին օրը` ուրբաթ, 10 մայիսին, զեկուցումներու լոյսին տակ քննեց երեք նիւթեր. -...




















