Արագ Հոսանքին
ՄԱՆՈՒԷԼԼԱ ՕՀԱՆՆԷՍԵԱՆ Բազմաթիւ դիւրութիւններ, արագ տեղեկութիւններ, արագ հաղորդակցութիւններ, արագ ծառայութիւններ, արագ-արագ… սակայն, ճիշդ ո՞ր արագութեամբ է, որ միեւնոյն ժամանակ կը փճանայ մեր արժէքներու աշխարհը, եւ որքանո՞վ պատասխանատու ենք մենք այդ հոսանքին ենթարկուելու, ուղղակի կամ անուղղակի, ակամայ կամ կամովին, խորքին չվնասող կամ վնասով լի իրականութիւններուն… Հարցումներ, որոնց անպայմանօրէն պատասխաններ չունինք առաջին իսկ անդրադարձէն, սակայն անկասկած անոնք հրաւէրներ են, շարժառիթներ, որոնք մեզ...






