Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անթիպոթիքի Դիմադրողականութիւն Antibiotic Resistance

May 30, 2020
| Զաւարեանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱԼԻՔ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ

1944-ին, Համաշխարհային Բ. պատերազմի վերջաւորութեան, առաջին անգամն ըլլալով անթիպիոթիքներ սկսան արտադրուիլ հիւանդութիւններ դարմանելու (salmonella, pneumonia, tuberculosis…) համար:

Անթիպիոթիքը, երբ ճիշդ քանակով եւ անհրաժեշտ ժամանակին չի գործածուի, դրական ազդեցութեան կողքին կրնայ նաեւ շատ մը ժխտական անդրադարձներ ունենալ:

2017-ին Միացեալ Նահանգներու Նեւատա նահանգի առողջապահական պատասխանատուներ մահուան պարագայ մը արձանագրեցին: Զարմանալիօրէն, klebsiella pneumonia-է տառապող կին մը 26 տարբեր անթիպիոթիքներու դիմադրողականութիւն ցոյց տուաւ, ինչ որ պատճառ դարձաւ անոր մահուան:

Հետաքրքրականը այն է, որ վերոյիշեալ անհանգստութիւնը ընդհանրապէս մահացու չէ, եւ բժշկականօրէն՝ դարմանելի: Այս բոլորը պատահած էր, որովհետեւ ան տարիներու ընթացքին զանազան անթիպիոթիքներու չափազանցուած եւ անտեղի գործածութեամբ իր մարմինին մէջ դիմադրողականութիւն յառաջացուցած էր:

  • Անթիպիոթիքի գործածութեան նպատակներ

Ընդհանրապէս անթիպիոթիքները կը գործածուին երկու տարբեր նպատակներու համար: Առաջինը՝ բժշկական, իսկ երկրորդը՝ անասնաբուծութեան եւ երկրագործութեան (անթիպիոթիքի արտադրութեան 80 տոկոսը կը գործածուի սոյն նպատակին համար):

  • Բժշկականը կը գործածուի մարդ անհատներու մօտ որոշ առողջապահան խնդիրներ, հիւանդութիւններ դարմանելու:
  • Անասնաբուծութեան պարագային կը գործածուի՝

ա) որոշ հիւանդութիւններ դարմանելու

բ) որոշ հիւանդութիւններ կանխարգիլելու

գ) անասուններու աճման գործընթացը արագացնելու:

  • Անթիպիոթիքի դիմադրողականութեան յառաջացում

Անթիպիոթիքի դիմադրողականութիւնը կը յառաջանայ տարբեր պատճառներով՝

ա) երբ անձ մը ինքնագլուխ կամ անտեղի անթիպիոթիք գործածէ (viral infection-ներ որոնք կարելի է առանց անթիպիոթիքի բուժել եւ անձը անհոգ կերպով գործածէ զանոնք):

բ) երբ անասուններուն մեծ քանակով անթիպիոթիք կը ներարկեն, նոյնպէս անոնց մօտ կը յառաջանայ վերոյիշեալը: Իսկ մարդ անհատը, երբ սնանի այս անասուններուն միսով, կաթով կամ անոնց ածած հաւկիթով, ինքնաբերաբար անոր մօտ կը յառաջանայ այս դիմադրողականութիւնը:

գ) հողագործութեան մէջ անասուններուն թրիքը կը գործածուի իբրեւ բոյսերու պարարտացուցիչ: Մենք երբ սնանինք այս բոյսերով, բնականաբար մեր մօտ ալ պիտի յառաջանայ այս մէկը:

  • Ինչ ընել

– Անթիպիոթիքը սպառել միայն ու միայն բժիշկի արտօնութեամբ եւ ճշդուած քանակով:
– Անասնաբուծութեան մէջ աւելի զգոյշ եւ չափաւոր կերպով օգտագործել անթիպիոթիքը:

 

 

Նախորդը

Առաքինի Հայուհին Եւ Նուիրեալ Կրթական Մշակը (Մարալ Անթօեանի Յիշատակին)

Յաջորդը

Մինակ Եմ, Մինակ Ես, Մինակ Է

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Զաւարեանական

Զաւարեանական . Մեր Խօսքը

October 2, 2026
«Երբ Ոտքդ Դնես Արարատի Գագաթին, Արդէն Հասած Կ՛Ըլլաս Իտէալին, Ճշմարտութեան Եւ Կատարեալին» ՍԱԳՕ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ
Զաւարեանական

«Երբ Ոտքդ Դնես Արարատի Գագաթին, Արդէն Հասած Կ՛Ըլլաս Իտէալին, Ճշմարտութեան Եւ Կատարեալին» ՍԱԳՕ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ

October 2, 2026
Արարատ` Երազէն Դէպի Իրականութիւն
Զաւարեանական

Արարատ` Երազէն Դէպի Իրականութիւն

October 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.