Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ուսանողութիւնը Պէտք Է Առաջատար Դառնայ Մեր Գաղափարական Շարժումին Մէջ» Կ՛ըսէ Շահան Գանտահարեան

Յունուար 30, 2020
| Զաւարեանական, Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երիտասարդութիւնը եւ յատկապէս ուսանողութիւնը միշտ ալ մեծ դեր ունեցած են ազգային կեանքին պատկանող տարբեր կառոյցներու աշխատանքին, ազգային եւ համազգային նուաճումներուն իր ապրած երկրի զարգացման ու բարգաւաճման գործընթացներուն մէջ:

Ուսանողութիւնը տարբեր միջոցներով յաջողած է եւ կը յաջողի իր խօսքը, գաղափարները, նորարարական միտքերը լսելի դարձնել հասարակութեան բոլոր խաւերուն: Այս գաղափարներուն շուրջ ԶՈՄ-ը «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր եւ տնօրէն Շահան Գանտահարեանին հետ ունեցաւ զրոյց մը, զոր ստորեւ կը նեկայացնենք:

ԶՈՄ.- Ուսանողութեան դերը ազգային կեանքին մէջ ո՞ւր է, ի՞նչ ներդրում ունի եւ ի՞նչ են ակնկալութիւնները:

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ.- Ըստ իս, մեր ազգային կեանքին մէջ ուսանողութիւնը ներկայ է: Հարկ է նշել, որ ժամանակի ընթացքին ուսանողներուն տոկոսը բարձրացած է, եւ այսօր դպրոցական շրջանաւարտ խաւի երիտասարդութեան մեծամասնութիւնը բարձրագոյն ուսում կը ստանայ: Հետեւաբար անոնք ներդրում ունին ազգային կեանքին մէջ` կուսակցական, միութենական, կրօնական, մարզական, հայրենակցական եւ այլ միութիւններու անդամակցելով: Մեր ուսանողութիւնը ամէն տեղ է եւ իր մտածումներով, առաջարկներով, քննադատութիւններով բաւական աշխուժ ներկայութիւն է:

Բոլոր վիճակագրութիւնները ցոյց կու տան, որ ներկայ աշխարհիս մէջ, ուր վըրչուըլ տարածքը մեծ տեղ կը գրաւէ, ըլլայ Դիմատետրի, ըլլայ տարբեր ընկերային ցանցերու վրայ, ամէնէն աշխուժ ներկայութիւնը ընդհանրապէս երիտասարդ խաւն է: Այսօր երիտասարդութեան համար արտայայտուելու միջոցներէն են ընկերային ցանցերը: Եւ այնտեղ, երբ իրենց կողմէ գրուած քննարկումներու կը հետեւինք, կը տեսնենք, թէ երիտասարդութիւնը, հետեւաբար ուսանողութիւնը, ներկայ է յաճախ հետաքրքրական գաղափարներով: Եւ որովհետեւ նոր սերունդը եւ ինքնաբերաբար մեր ուսանողութիւնը միշտ նորարարութեան կողմնակից է, նոր գաղափարներով եւ շինիչ քննադատութիւններով դրական մասնակցութիւն կը բերէ մեր կեանքէն ներս:

Խօսելով Լիբանանի վերջին իրադարձութիւններուն մասին` կ՛ուզեմ անդրադառնալ ուսանողութեան դերին եւ զաւարեանական ընկերներուն աշխուժ մասնակցութեան` լիբանանեան հնամաշ իրավիճակը փոխելու պահանջը բարձրաձայնող ալիքին: Նոյնն էր պարագան Հայաստանի մէջ վերջին ժողովրդային շարժումին ընթացքին. ամէնէն աշխուժ տարրը ուսանողութիւնն էր, որ համարձակօրէն դուրս գալով` իր պահանջները ներկայացուց: Ուսանող խաւը դրական աշխուժութիւն կը ցուցաբերէ մեր ազգային կեանքին մէջ:

Ինչ կը վերաբերի ուսանողութեան ապագայ ընելիքներուն, ես քարոզի ձեւով թելադրանքներ տալու համաձայն չեմ: Ուսանողութիւնը շատ լաւ գիտէ, թէ ի՛նչ պէտք է ընէ: Ուսանողը քաջ կը գիտակցի, որ պէտք է նորարար ձեւեր որդեգրել` ժամանակի հետ քայլ պահելու, առաջ երթալու եւ աւելի արդիւնաւէտ դառնալու համար: Այսօր ուսանողութիւնը շատ լաւ գիտէ, թէ ի՛նչ պէտք է փոխել եւ կամ բարեփոխել: Այս իսկ պատճառով ես կը խուսափիմ թելադրանքներ տալէ: Ուսումնասիրելէ ետք պատմութիւնը, կարելի է տեսնել, թէ իւրաքանչիւր ժամանակահատուածի ընթացքին, ուսանողութիւնը, որուն մէջ կ՛ընդգրկեմ երիտասարդութիւնը, միշտ ճիշդ դիրքորոշուած է: Մօտիկ ապագային, երբ այսօրուան ուսանողութեան յանձնուի մեր ազգային ղեկավարութիւնը, անոնք միշտ թող յիշեն իրենց ուսանողական տարիներուն ունեցած հակազդեցութիւնները, իրագործումներն ու ծրագրաւորումները:

ԶՈՄ.- Այսօր ի՞նչն է, որ կը պակսի ուսանողութիւնը ուղղելու յօդուածագրութեան:

Շ. Գ.- Յօդուածագրութիւնը, հրապարակագրութիւնը, եւ այս բոլորը ինքնին հոլովոյթի կ՛ենթարկուին այսօր, այս մէկը միայն ուսանողութեան խնդիրը չէ: Հրապարակագրութիւնը մանաւանդ գաղափարագրութիւնը այսօր այն չէ, ի՛նչ որ էր ժամանակին: Այս մէկը միայն հայկական երեւոյթ մըն ալ չէ, այլ կապուած է միջազգային երեւոյթներու: Ժամանակին կուսակցական պաշտօնաթերթեր գոյութիւն ունէին, գաղափարական բանավէճ կար, գաղափարաբանական ուսումնասիրութիւններ տեղի կ՛ունենային, յօդուածներ, միտքեր արտադրելու, հասարակագիտական նիւթեր ծաւալելու ընդհանուր ուղղուածութիւններ կային: Այս մէկը Պաղ պատերազմի աւարտէն, Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք, երբ չէզոքացաւ ընդհանուր երկբեւեռացումը, ժամանակի ընթացքին գաղափարական հրապարակագրութիւնը հետզհետէ տժգունեցաւ, մանաւանդ երբ ընկերային ցանցերու վրայ սկսաւ զարգանալ արագ հաղորդակցելու, արագ քննարկում եւ մտածում յայտնելու դրութիւնը: Հարկ է մէջբերել, որ շատ մը կուսակցութիւններ արդէն իսկ փակած են իրենց պաշտօնաթերթերը:

Ասիկա նաեւ որոշ չափով դասական տպագիր մամուլի տագնապին հետ կրնայ կապուած ըլլալ: Բայց միայն մամուլի խնդիր չէ, այլ նաեւ միջազգային երեւոյթ է, որուն տրամաբանականօրէն մաս պիտի կազմէ հայկական իրականութիւնը:

Ուսանողութեան մէջ նկատուած յօդուածագրութեան կամ գաղափարագրութեան հարցը միայն իրեն չի վերաբերիր, այլ ընդհանուր է: Սակայն ուսանողութիւնը կրնայ որոշ նախաձեռնութիւններ կատարել, ոչ անպայման դասական, այլ` յօդուածագրութեան, բովանդակութեան, բնոյթի, ոճի եւ նիւթերու նորութիւն բերելու նպատակադրումով: Այս մէկը արդէն իսկ նկատելի է Զաւարեան ուսանողութեան էջին պարագային, ուր կը գտնենք նոր մօտեցումներ, հարցերը ընկալելու տարբեր դիտանկիւններ, հայկական վերլուծումները միջազգային իրադարձութիւններուն հետ կապելու թեքուածութիւններ: Շատ լաւ երեւոյթ մըն է այս մէկը, որովհետեւ համահայկական որոշ մտածողութիւն մը կայ այդ յօդուածներուն մէջ: Օրինակի համար` չընդունիլ հայաստանեան կարգ մը իրականութիւններ, մեր ազգային կեանքի որոշ լճացումները քննադատելու, բայց նաեւ` նոր տեսակէտեր հրամցնելու կամ իրավիճակի սրբագրութեան ուղիներ ցոյց տալու:

Կառուցողականութիւնը շատ կարեւոր է, օրինակի համար` խօսինք Զաւարեանական էջի մասին. ես պիտի չուզէի անոր յօդուածները «Ազդակ»-ի այլ էջերուն նման ըլլան: Զաւարեանական էջը երբեմն պէտք է անհանգստացնէ ե՛ւ ընթերցողը, ե՛ւ թերթի պատասխանատուներս. այս մէկը առողջ եւ բնական երեւոյթ մըն է: Այս պարագային, իբրեւ զուտ գաղափարական պաշտօնաթերթ` Զաւարեանական էջի խմբագրութիւնը իր կարգին պէտք է նկատի ունենայ եւ գերադասէ կուսակցութեան ընդհանուր քաղաքականութիւնը, որոշումները եւ այլն, սակայն այս բոլորով հանդերձ, ան իր սուր բնոյթը պէտք չէ կորսնցնէ:

Ընդհանուր առմամբ, չգրելը կրնանք կապել լեզուի տիրապետութեան հետ, որուն կողքին մթնոլորտն ալ իր յատուկ դերը ունի եւ կ՛առնչուի լրագրութիւնը իբրեւ նախասիրութիւն ընտրելու եւ ասպարէզ ունենալու խնդիրներուն հետ:

Որոշ հրատապ նիւթերու շուրջ քննարկումները, այսինքն խմբակի մը միջեւ որոշուած նիւթի մը շուրջ միտքերու փոխանակումը կրնայ նպաստել յօդուած գրելու գործընթացին:

ԶՈՄ.- Ի՞նչ կարելիութիւններ կան ուսանողութեան տրամադրելի` աշխուժացնելու յօդուածագրութիւնը եւ ազգային կեանքին մէջ իր մասնակցութիւնը:

Շ. Գ.- Յօդուածագրական եւ ազգային կեանքը պէտք է որ զուգահեռ ընթանան: Ազգային կեանքին մէջ աշխուժ ըլլալը առիթ կու տայ`  ժողովներու ընթացքին զեկուցելու, եզրակացութիւններու յանգելու, որոշումներ բանաձեւելու եւ գործադրելու ձեւեր որդեգրելու յանձնախումբերու միջոցով: Այդ ոլորտներէն մէկը բնականաբար կ՛ըլլայ յօդուածագրութիւնն ու հրատարակութիւնը: Բայց, ըստ իս, հրատարակութիւնը ոչ միայն թիւ մը լոյս ընծայելու խմբագրական զուտ աշխատանք մըն է, այլ նաեւ կը ծառայէ մարդուժի պատրաստութեան, այսինքն ան ձեւով մը վարժողական ծրագիր մըն է ոչ միայն յօդուած գրել սորվելու, այլ նաեւ գաղափարականօրէն հարցերը ընկալելու, գաղափարականօրէն արծարծելու, վերլուծելու,  նաեւ` կը ծառայէ վերլուծական եւ քննական միտք զարգացնելու:

Քննական միտքը ինքնին շատ կարեւոր գործօն մըն է այս պատկերին մէջ, որովհետեւ կը զարգացնէ ընկալութեան հաւաստիութիւնը, կը հեռացնէ անձը միակողմանիութենէն եւ թոյլ կու տայ, որ անձը աւելի առարկայական ըլլայ: Թոյլ կու տայ անդրադառնալ երեւոյթի մը շարժառիթներուն, պատճառա-հետեւանքային գործընթացներուն:

Մեր մամուլը աւանդաբար միշտ այդպէս եղած է: Այլազան կարծիքներ յարգելը մէկ կողմէն քննական միտքի հետ սերտօրէն առնչուիլ է եւ միւս կողմէն` քննարկումներու ճամբով եզրակացութեան հասնիլը, կը նպաստէ եւ կը զարգացնէ բանավէճը: Բանավէճը ինքնին կարելի է զարգացնել էջի, պրակի կամ այլ հրատարակութիւններու ճամբով: Խորապէս համոզուած եմ, որ մեր մամուլը ընդհանրապէս այս գործելաձեւը պէտք է շարունակէ պահպանել եւ այս գործելաոճին մէջ առաջնատարը ինծի համար ուսանողութիւնն է:

ԶՈՄ.- Ինչո՞ւ ուսանողութիւնը պէտք է մնայ գրական եւ մտաւորական կեանքին մէջ:

Շ. Գ.- Ուսանողութեան դերը շատ կարեւոր է նշուած երկու ոլորտներուն մէջ: Սակայն գոյատեւելու համար փոխկապակցուած շղթաներ կան. այս ոլորտին մէջ մնալու համար անհատ մը պէտք է ընտրէ ասպարէզ մը, օրինակ առնենք` մամուլ, վերլուծում, յօդուած գրել, վիճակագրութիւն պատրաստել… Բայց ինչպէս ըսի, այս մէկը ասպարէզ է, անձի մը գործն է:

Այսօրուան հասկացողութեամբ, գործը մասնագիտութիւն մըն է, եւ եթէ կ՛ուզենք, որ խումբ մը երիտասարդներ նուիրուին եւ մասնագիտանան այս ոլորտներուն մէջ, պէտք է փոխարէնը իրենց ասպարէզ ապահոված ըլլանք: Այս երկու խնդիրները իրարու կապուած են: Պէտք է յստակօրէն հեռանկար մը ունենանք, որպէսզի մամուլի մեր մարդուժի պատրաստութենէն ետք կարենանք իրենց ասպարէզ եւ ապրուստ ապահովել: Իսկ յաջորդ փուլը զանոնք պահելն է: Զանոնք պահելով` մենք պիտի երաշխաւորենք անոնց մնայուն արտադրողականութիւնը:

ԶՈՄ.- Ձեր պատգամը` ուսանողութեան:

Շ. Գ.- Պատգամ չեմ սիրեր տալ, բայց պարզապէս լուռ ձեւով կ՛ակնկալեմ, որ ուսանողութիւնը առաջատար դառնայ մեր գաղափարական շարժումին մէջ: Նախաձեռնութիւնները, ծրագիրները բխին ուսանողներէն, եւ այս ծրագիրները իրականանան վճռական քայլերու ընդմէջէն: Ուսանողութիւնը նաեւ դերակատար ըլլայ միտքեր արտադրելու մէջ, որովհետեւ միտքեր արտադրելու հիմնական միջավայրը մեր ուսանողական միութիւնն է, եւ այդ միտքերը տարածելու, ժողովրդականացնելու ամէնէն ազդեցիկ մասնիկը երիտասարդութիւնը` ուսանողութիւնն է:

Նախորդը

Յուշեր Մարտունիէն

Յաջորդը

Գաղութէ Գաղութ

RelatedPosts

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբ.  «Մարդը Աթլանթիսէն» Թատերախաղին Մասին Հեղինակ Վաչէ Ատրունիի Եւ Բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի Հետ Յատուկ Հարցազրոյց
Հարցազրոյց

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբ. «Մարդը Աթլանթիսէն» Թատերախաղին Մասին Հեղինակ Վաչէ Ատրունիի Եւ Բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի Հետ Յատուկ Հարցազրոյց

Հոկտեմբեր 6, 2025
Զրոյց` Իրաքահայ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Կարապետ Գալուստեանի Հետ
Հարցազրոյց

Զրոյց` Իրաքահայ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Կարապետ Գալուստեանի Հետ

Սեպտեմբեր 30, 2025
«Մեր Առաքելութեան Յարատեւման Ու Վերելքին Գաղտնիքը Պարզ Է` Կամք, Զոհողութիւն Եւ Ծառայութեան Ոգիին Նկատմամբ Հարազատութիւնը», «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Պերճ Աբգարեան
Հարցազրոյց

«Մեր Առաքելութեան Յարատեւման Ու Վերելքին Գաղտնիքը Պարզ Է` Կամք, Զոհողութիւն Եւ Ծառայութեան Ոգիին Նկատմամբ Հարազատութիւնը», «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Պերճ Աբգարեան

Սեպտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?