ՆԱՐԷ ԱՂԱՍԱՐԳԻՍԵԱՆ
Դարերու ընթացքին մէնութիւնը իբրեւ միջոց օգտագործուած է տարբեր նպատակներու համար: Գիտնականներ մէնութեան միջոցով կրցած են գտնել գիտական աշխարհի ամէնէն կարեւոր հիմերը: Արուեստագէտներ մէկուսացած են ստեղծելու համար յարմարագոյն պայմանները, որպէսզի մտածեն եւ իրենց երեւակայութիւնը դրսեւորեն գրութեամբ, երաժշտութեամբ, նկարչութեամբ եւ այլն: Մինչդեռ անդին, մէնութիւնը օգտագործուած է իբրեւ պատժական միջոց, օրինակ՝ բանտերու մէջ, ուր բանտարկեալներ կը մէկուսացուէին երկար տարիներ զրկուելով մարդկային որեւէ յարաբերութենէ կամ նոյնիսկ պարզ խօսակցութենէ: Հիմնական տարբերութիւնը այս երկուքին միջեւ այն է, որ առաջինը ազատ կամքով եւ որոշումով մինակ մնալ է, իսկ երկրորդը՝ ստիպողական մէնութիւն:
Մինակ մնալու գաղափարը շատ անգամ կը կապենք մէնութեան հետ՝ հաւատալով, որ մէկը կը յանգի միւսին: Կ’ենթադրենք, որ մինակ մնալը, բնականաբար, տխուր իրավիճակ կը ներկայացնէ եւ նոյնիսկ ճամբայ կը բանայ ձանձրոյթի, հոգեկան ընկճուածութեան կամ անկումի, որոնք մէնութիւնը բնորոշող յատկանիշներ են: Բայց մինակ մնալն ու մէնութիւնը բաւական տարբեր են իրարմէ եւ մեր հոգեկանին վրայ բոլորովին տարբեր ազդեցութիւն կ’ունենան: Մինակ մնալու որոշումը կ’ենթադրէ, որ հարկ եղած պարագային միշտ առիթը ըլլայ վերադառնալու մարդկային յարաբերութիւններուն, մինչդեռ մէնութեան պարագային, անձը դատապարտուած կ’ըլլայ այդ վիճակին մէջ ըլլալու եւ կը կորսնցնէ ամէն յոյս դէպի «բնականոն» կեանք վերադառնալու:
«Քորոնա» ժահրի արագ տարածման պատճառով մարդոց ազատ շարժումի սահմանափակման ի հետեւանք, շատերս ստիպուած մնացինք մինակ: Թէեւ այս մէկը կամքէ անկախ եւ ստիպողական մէնութիւն էր, բայց շատեր յաջողեցան անկէ քաղել մինակ մնալու օգուտները: Անոնք, որոնք մոռցած էին, թէ ի՛նչ կը նշանակէ հանգիստ ընել, ժամանակ ունեցան անջատուելու անվերջանալի գործերէն եւ իրենց մարմնին ու մտքին հանգիստ տուին. շատեր վերյիշեցին իրենց ունեցած ձիրքերն ու հետաքրքրութիւնները եւ վերսկսան անոնց վրայ աշխատիլ ու հոգեկան գոհունակութիւն ստանալ անոնցմէ. ուրիշներ այս առիթը օգտագործեցին մտային դադարի եւ ինքնարտացոլման համար, անոնք փորձեցին վերլուծել իրենք-զիրենք, գտնել այն թերութիւններ, որոնց վրայ աշխատելով կրնան կարգ մը անձնական հանգոյցներ քակել: Միւս կողմէ, այսօր կ’ապրինք ժամանակաշրջան մը, երբ ընկերային ցանցերը մեծ դերակատարութիւն ունին մեր կեանքին մէջ. անոնք մեզի մտածել կու տան, թէ մեկուսացումը ուղղակիօրէն կապուած է ոչ ուրախ ապրելակերպի: Ուրեմն, շատերու համար դժուար եղաւ համակերպիլ իրականութեան հետ եւ գտնել իրենց հանգստութիւնը, որովհետեւ ընկերային ցանցերը մեզ համոզած էին, որ միշտ շրջապատուած պէտք է ըլլանք ընկերներով եւ կատարեալ կեանք մը ունենալու համար պէտք է ուրիշին «վաւերացում»-ը ստանալ:
Կ՛ուզեմ ձեզի հետ բաժնել իմ մինակ մնալու փորձառութիւնս՝ քանի մը տողով: «Քորոնա» ժահրի ամէնէն վատ օրերուն փոխադրուեցայ նոր քաղաք մը, որ շատ ծանր կերպով ազդուած էր հիւանդութենէն: Թռիչք գտնելն ու տեղ հասնիլը մտահոգութիւն մըն էր, իսկ հասնելէս ետք մնալու տեղ գնտելը՝ ուրիշ մտահոգութիւն:
Ամայացած քաղաքին մէջ արդէն օրական 900 անհատ կը մահանար, եւ ժամական դրութեամբ կրնայինք լսել ճչակներուն ձայները մօտ 4 շտապ օգնութեան ինքնաշարժներու, որոնք կը սուրային արագօրէն հիւանդանոց հասնելու վարակակիրները: Վերադառնալով մեր նիւթին՝ ըսեմ, որ ես ալ, իմ կարգիս, ստիպուեցայ մինակ մնալ շաբաթներով, բայց, բարեբախտաբար, իմ հանգստութիւնս յաջողեցայ գտնել այս բոլորին մէջ: Կրցայ ստեղծել յստակ ժամանակացոյց մը, որ ինծի առիթ չտուաւ (մինչ օրս) ձանձրանալու կամ ընկճուելու: Օրական ժամանակ տրամադրեցի գործի, մարզանքի, հանգիստի, պրպտելու եւ մտածելու: Այս բոլորէն բացի, այս առիթը օգտագործեցի «Զաւարեանական էջ»-ին համար այս փոքր յօդուածը գրելու եւ ձեզի հետ կիսելու վերջին քանի մը շաբաթներու մտածումներս:
Ինքնաբերաբար մինակ մնալու առիթը օգտագործեցի մտային դադարի եւ ինքնարտացոլման համար, որոնց արդիւնքը հիմա կը տեսնեմ ընտանիքիս կամ ընկերներուս հետ առցանց յարաբերութիւններուս ընդմէջէն:
Իսկ փորձելով վերլուծել այս համաշխարհային փորձառութիւնը, սկսայ մտածել, թէ արդեօք իրապէ՞ս մինակ էինք այս վերջին շաբաթներուն ընթացքին: Արդեօք կրցա՞նք առնուազն մէկ օր մինակ մնալ, երբ համացանցը մնայուն ներկայութիւն էր մեր կեանքին մէջ: Կրնա՞յ ըլլալ պէտք էր նաեւ մեր ժամանակացոյցին մէջ աւելցնէինք համացանցէ կամ հեռախօսէ զուրկ մնալու բաժին մը, զգալու համար, թէ մեր կեանքէն որքա՛ն ժամանակ կը տրամադրենք անոնց եւ տեսնելու, թէ ինչպէ՛ս կրնայ ըլլալ կեանքը առանց անոնց: Թերեւս շատերս պարապութիւն պիտի զգայինք այդ պարագային, բայց բոլորիս համար առիթ պիտի ըլլար մեր երեւակայութեան ուժ տալու եւ այլընտրանքներ գտնելու մեր կեանքը «դիւրացնող» ձեւերու, նաեւ աւելի եւս ամրապնդելու մեր կեդրոնացումն ու արդիւնաւէտութիւնը:
Կ’ընդունիմ, որ բաւական երկար էր (եւ տակաւին է՛) համաճարակի պատճառով մինակ մնալու ժամանակաշրջանը, բայց ապագային, երբ վերադառնանք մեր խճողուած կեանքին, լաւ կ’ըլլայ դարձեալ փորձ մը կատարենք մինակ մնալու առիթներ գտնելու եւ մենք մեզի ժամանակ տրամադրելու. Հաւանաբար այդ պարագային աւելի եւս արդիւնաւէտ ըլլայ առանձնութիւնը։