Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Խօսքը` Յեղաշրջման Ուղիով. Ցեղապաշտութեան Դէմ Պայքարը

Յունիս 13, 2020
| Զաւարեանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վերջին երկու շաբաթներուն եւ մինչեւ օրս համաշխարհային գետնի վրայ տեղի կ’ունենան ցեղապաշտութեան, անարդարութեան եւ խտրականութեան դէմ լայնածաւալ շարժումներ: Փողոցներուն մէջ, ինչպէս նաեւ ընկերային ցանցերուն վրայ ժողովուրդը ճիգ չի խնայեր իր բողոքի պատգամն ու ձայնը հասցնելու հանրութեան` աջակցութիւն յայտնելով «սեւամորթներուն» եւ փոքրամասնութիւններուն:

Սակայն, մինչ աշխարհը զբաղած է ցեղապաշտութեան դէմ պայքարով, Լիբանանի մէջ ականատես կ՛ըլլանք հակապատկերին: Այս քանի մը օրերուն ընթացքին  ընկերային ցանցերուն վրայ եւ լիբանանեան փողոցներուն մէջ Լիբանանի ընկերութիւնը կը վկայէ ցեղապաշտ կարգախօսեր եւ «հէյթ սփիչ»-ի վանկարկումներ` ուղղուած Լիբանանի հայերուն եւ Լիբանանի հայ համայնքին: Այս երեւոյթները իբրեւ դրդապատճառ ունին շարք մը քաղաքական նպատակներ, որոնք կ՛ամրապնդեն հայերուն դէմ այսպիսի ցեղապաշտ կեցուածք:

Պարզ է, որ այսպիսի աքթեր չեն ներկայացներ մեծամասնութեան կարծիքը, սակայն պէտք է նաեւ անդրադառնալ այն իրականութեան, թէ ցեղապաշտութիւնը մաս կը կազմէ Լիբանանի համակարգին:

Երբ կը խօսինք համակարգային* ցեղապաշտութեան մասին, կ՛անդրադառնանք խտրականութեան մը, որ արմատացած է աշխարհի, ընկերութեան եւ մարդոց կենցաղին մէջ: Այսպիսի իրավիճակ մը ճամբայ կը բանայ տարբեր տեսակի անարդարութիւններու, որոնք կը վնասեն աշխարհի եւ ընկերութիւններու էութիւնը` խլելով մարդ արարածին իրաւունքները:

Մեր առօրեայ կեանքին մէջ ցեղապաշտութիւնը տարբեր երեւոյթներով կը բացայայտուի` անհատներու, փոքրամասնութիւններու կամ այլ ժողովրդային խմբաւորումներու, ինչպէս` սուրիացի եւ պաղեստինցի գաղթականներու դէմ «հէյթ սփիչ»-ով, սուտանցի գաղթականներուն հանդէպ զատողութեամբ` իրենց մորթի գոյնի տարբերութեան պատճառով, իրաւունքներու կաշկանդում` անձի մը ազգութեան պատճառով: Չմոռնանք նաեւ Քաֆալայի համակարգը, որ կը շահագործէ օտարերկրացի եւ տնային աշխատաւորները` խլելով անոնց մարդկային իրաւունքները:

Մենք միայն մեր անձին նկատմամբ եղած ցեղապաշտութեան դէմ պէտք չէ ըմբոստանանք եւ պիտի չըմբոստանանք, այլ պիտի պայքարինք ամէն տեսակի զատողութեան, անարդարութեան եւ խտրականութեան դէմ: Ցեղապաշտութիւնը դատապարտելի է իր բոլոր ձեւերով, գոյներով եւ տեսակներով:

Իբրեւ մարդ արարած`պէտք է յարգենք ու պաշտպանենք բոլոր մարդ արարածները եւ անոնց իրաւունքները` որքան ալ տարբեր ըլլան անոնք իրենց էութեամբ եւ տեսակէտով:

Հետեւաբար, կոչ կ՛ուղղենք բոլորին` ըլլան անոնք երիտասարդ կամ տարեց, կին կամ տղամարդ, գործատէր կամ բանուոր, կուսակցական կամ անկուսակցական, հաւատացեալ կամ անհաւատ, որ միանան ցեղապաշտութեան, խտրականութեան եւ անարդարութեան դէմ պայքարին, ունենան իրենց յստակ խօսքը, ըլլան հանդուրժողականութեան ու արդարութեան պաշտպաններ եւ հաւասարութեան համար պայքարող ռահվիրաներ:

Ցեղապաշտութիւնը ներկառուցուած է աշխարհի քաղաքական եւ ընկերային համակարգերուն մէջ: Միացեալ ճիգերով ջանանք յաղթահարել համակարգային* ցեղապաշտութիւնը:

ՀՅԴ ԶԱՒԱՐԵԱՆ ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ

* systemic

 

 

Նախորդը

«Քորոնա» Ժահրի Ընթացքին Թուաբանական Պատկերումը

Յաջորդը

Յիշողութեան Թռչնիկիս Հետ Ոստոստում Ճեմարանէն Յիշատակներուս Ծառին Վրայ

RelatedPosts

Զաւարեանական. Մեր Խօսքը
Զաւարեանական

Զաւարեանական. Մեր Խօսքը

Օգոստոս 26, 2025
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Երիտասարդական Եւ Ուսանողական Համահայկական 12-րդ Բանակումը
Զաւարեանական

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Երիտասարդական Եւ Ուսանողական Համահայկական 12-րդ Բանակումը

Օգոստոս 26, 2025
Մհեր Ջուլհաճեանի Տիպարը
Զաւարեանական

Մհեր Ջուլհաճեանի Տիպարը

Օգոստոս 26, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?