ԱԼԵՔ ԷԼՊԷՔԵԱՆ
Այս յօդուածը կը նպատակադրէ ընթերցողին ծանօթացնել Հայաստանի մէջ գործող, Երեւանէն 36 քմ հեռաւորութեան վրայ գտնուող Մեծամօր քաղաքի հիւլէական ելեկտրակայանին: Մեծամօրի հիւլէական ելեկտրակայանը` իբրեւ կառոյց, իւրայատուկ է Կովկասի մէջ` նկատի ունենալով, որ անոր երկու հնոցները (reactors) VVER-440 (Water-water energetic reactors) տեսակի են: Հարկ է նշել, թէ անոնցմէ միայն մէկն է, որ կ՛աշխատի այսօրուան դրութեամբ եւ կ՛ապահովէ Հայաստանի ելեկտրականութեան 40 տոկոսը:

Մեծամօրի կորիզային ելեկտրակայանը յաճախ կ՛ենթարկուի քննադատութիւններու: Քննադատողներ անընդհատ կ՛անդրադառնան անոր ոչ ժամանակակից ըլլալուն եւ կը հաւատան, որ եթէ որեւէ ժամանակ ոչ չափաւոր նիւթրոններու հոսք մը տեղի ունենայ, անոր միջուկը կրնայ տաքնալ, հալիլ եւ դուրս արձակել «Այզոթոփները»: Օրինակ` «Պի.Պի.Սի.»-ի մէջ 27 մայիս 2019-ին լոյս տեսած յօդուածի մը մէջ կը նշուի, թէ Մեծամօրի ելեկտրակայանը աշխարհի ամէնէն վտանգաւոր նկատուող կորիզային ելեկտրակայաններէն մէկն է, որովհետեւ բաւական հին է ու կը գտնուի երկրաշարժային գօտիին վրայ: Քննադատողներու շարքին նաեւ կրնանք հանդիպիլ @StopMetsamor Twitter-եան էջին, որ աշխուժ ձեւով յօդուածներ կը հրատարակէ ապացուցելու համար կորիզային ելեկտրակայանի փակման անհրաժեշտութիւնը:
Անկախ այն իրականութենէն, որ ելեկտրակայանին ապագան տակաւին յստակ չէ, կ՛ուզեմ խօսիլ անոր հնոցներու ձեւաւորման եւ անոնց պատմութեան մասին, որմէ ետք ընթերցողին հայեցողութեան կը մնայ արժեւորել կայանին գործունեայ մնալուն անհրաժեշտութիւնը:
Նկատի ունենալով, որ հիւլէական հնոցները ունին բաւականին բարդ կառուցուածք, ուրեմն պիտի փորձեմ կարելի եղած սահմաններուն մէջ, ամփոփ կերպով ներկայացնել անոնց մասին:
Հիւլէական հնոցները հսկուած հակազդեցութիւններու շղթայ մը ստեղծելով (controlled chain reactions)` ուժանիւթ կ՛արտադրեն, եւ այնտեղ ամբարուած ջուրերը կը տաքցնեն: Ապա, այդ հակազդեցութիւններու իբրեւ արդիւնք` ջեռուցուած ջուրերը կը դարձնեն ջրանիւները (Turbines), եւ կ՛արտադրուի ելեկտրականութիւն:
Մեծամօրի հիւլէական ելեկտրակայանը Խորհրդային Միութեան իշխանութեանց ժամանակ Հայաստանի մէջ ստեղծուեցաւ` նպատակ ունենալով ելեկտրականութիւն արտադրել ամբողջ տարածաշրջանին համար: Հակառակ անոր որ հիւլէական ելեկտրակայանի ընդլայնումի ծրագիր մը գոյութիւն ունէր, 1988-ի երկրաշարժէն ետք ելեկտրակայանի ժամանակաւոր փակման պատճառով այդ ծրագիրը զանց առնուեցաւ: Ելեկտրակայանը ժամանակաւոր ձեւով փակուած էր, որովհետեւ ելեկտրականութիւնը անկանոն ձեւով կը հասնէր հնոցներ:
Խորհրդային Միութեան օրերուն Մեծամօր քաղաքը կառուցուած էր, որպէսզի հիւլէական ելեկտրակայանի աշխատողները բնակութիւն հաստատեն այնտեղ: Սակայն 1988-ի երկրաշարժէն ետք այդ աշխատողները կը փախչին դէպի իրենց տուները, որոնք կը գտնուէին Խորհրդային Միութեան այլ երկիրներու մէջ:
Այսօրուան դրութեամբ` հիւլէական կայանի երկու հնոցներէն միայն մէկը կը գործէ, որ իր կարգին իր կարողութիւններէն աւելի ծանրաբեռնուած է:
Դեկտեմբեր 2014-ին Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնները Ռուսիոյ հետ կը ստորագրեն համագործակցութեան համաձայնագիր մը, ըստ որուն, կորիզային ելեկտրակայանը գործող պիտի մնայ մինչեւ 2026:
2015 փետրուարին երկու երկիրները կը ստորագրեն այլ համաձայնագիր մը, ըստ որուն, Ռուսիա Հայաստանի պիտի տրամադրէ 270.000.000 տոլար արժողութեամբ վարկ, որուն 30.000.000-ը պարգեւ է Հայաստանի Հանրապետութեան: Այս գումարը Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնները պիտի տրամադրեն հիւլէական ելեկտրակայանին նորոգութեան: Կ՛արժէ նշել նաեւ, որ գումարը կարելի պիտի ըլլար Ռուսիոյ վերադարձնել ելեկտրականութեան վաճառքէն ձեռք բերուած շահերէն: Այս վերանորոգութեան ծրագիրը գործադրուեցաւ Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան (IAEA) հսկողութեան տակ:
Հիւլէական ելեկտրակայանը կառուցուած է պազալթեայ ենթահողի մը վրայ, որ հարուստ է իր բիւրեղեայ կառուցուածքով: Այս իրականութիւնը բաւարար փաստ է, որ անոր ենթահողը ամուր է:
Վերջապէս, կորիզային ուժանիւթի արտադրութիւնը ուժանիւթի արտադրութեան ամէնէն ապահով ձեւերէն մէկը կը նկատուի: Կ՛արժէ նշել նաեւ, որ կորիզային ելեկտրակայանները, ապականումի դիտանկիւնէն դիտուած, նուազ ապականում կը պատճառեն, քան հանքածուխով աշխատող ելեկտրակայանները: Ընդհանրապէս, մեր առօրեային մէջ «կորիզային» հասկացողութիւնը անմիջապէս կը կապենք ռումբերու, սակայն պէտք է նշել, որ հնոցները այս պարագային կ՛օգտագործեն 3,5 առ հարիւր իւրանիոմ, իսկ ռումբերու արտադրութեան համար պէտք է օգտագործել 80 առ հարիւր իւրանիոմ:
Ըստ Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան, Մեծամօրի ելեկտրակայանը կը նկատուի ապահով եւ անվտանգ: Տարբեր աղբիւրներու համաձայն, մօտ ապագային, նոր հնոցներ պիտի հասնին Հայաստան, Մեծամօրի հիւլէական ելեկտրակայանին համար: Հիւլէական ելեկտրակայանը Հայաստանի համար ելեկտրականութիւն արտադրելէ բացի, կորիզային բնագիտութեան ուսումնասիրութեան կեդրոն մը կը նկատուի, որ կ՛ընդունի խոստմնալից ուսանողներ` այնտեղ փորձառական շրջան մը անցնելու նպատակով: