ՆԺԴԵՀ ՊՈՏՐՈՒՄԵԱՆ
Կարծէք թէ աշխարհը եւ մանաւանդ Լիբանանը յաւելեալ տագնապի պէտք ունէր… Եւ ահա այս նոր հիւանդութիւնը մէջտեղ ելաւ: Դեկտեմբեր 2019-ին Չինաստանի մէջ յայտնաբերուած այս ժահրը արդէն իսկ տարածուած է աշխարհի չորս կողմերը եւ պատճառ դարձած, որ մարդիկ իրար անցնին եւ դիմեն կարելի եղած բոլոր միջոցներուն, որպէսզի դէմ դնեն այս ժահրին եւ նուազեցնեն անոր տարածումը:
Իտալիոյ մէջ «Քորոնա» ժահրի վարակման առաջին պարագան յայտնաբերուեցաւ յունուար 31-ին, եւ յայտնուեցաւ, որ Հռոմի մէջ երկու չինացի զբօսաշրջիկներ վարակուած են: Ժահրը շուտով տարածուեցաւ եւ այսօր Իտալիան ունի աւելի քան 50 հազար չբուժուած պարագաներ՝ աւելի շատ, քան աշխարհի բոլոր մնացած երկիրներուն ունեցած պարագաները: Ըստ ամերիկեան «Տը Աթլենթիք» թերթին, Իտալիոյ վարչապետը հրահանգած է, որ երկրին բոլոր բնակիչները ժամանակաւորապէս մնան իրենց տուները, որպէսզի արագօրէն կասեցնեն ժահրին վարակումը: Այսօր նման որոշումներ տուին աշխարհի գրեթէ բոլոր պետութիւնները:
Իսկ Քանատայի կառավարութիւնը կը քաջալերէ երկրին բնակիչները, որ վարակումի կասկածի պարագային ինքնամեկուսացման դիմեն մինչեւ բժիշկի մը կողմէ քննուին եւ ճշդուի վարակուած ըլլալ-չըլլալու կարգավիճակը: Քանատական կառավարութիւնը նաեւ որոշում տուաւ նիւթական օժանդակութիւններ կատարելու երկրին մէջ՝ տնտեսական ճկունութիւն պահելու համար: Առժամեայ որոշում տրուած է քանատական օդակայաններէն ճամբորդներ չընդունիլ, փոխարէնը պետութիւնը պատրաստակամութիւն յայտնած է շուրջ 5 հազար տոլարի գումար մը ղրկել երկրէն դուրս գտնուող քանատացիներուն, որպէսզի անոնք կարենան իրենց ապրուստը հոգալ մինչեւ անմիջական տագնապի աւարտը (ըստ Քանատայի կառավարական կայքէջին):
Գալով Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն… Սկիզբը կատակի առինք՝ ըսելով, որ այս օրերուն Լիբանան այնպիսի վատ օրեր կ՛ապրի, որ այս ժահրը գայ թէ ոչ տարբերութիւն պիտի չընէ ժողովուրդին համար: Ապա, երբ իմացանք, որ հիւանդութիւնը հասաւ Լիբանան, մեզ աւելի շատ հետաքրքրեց հիւանդին ո՛վ եւ ուրկէ՛ ըլլալը, քան կառավարութեան անմիջական որոշումներն ու առած քայլերը՝ մեր ապահովութեան համար: Իսկ գիտնալով լիբանանեան մտածելակերպը, չեմ կարծեր, թէ սովորական յամառ լիբանանցին պիտի մտահոգուէր եւ անհանգիստ զգալու պարագային ինքնամեկուսացման կամ բժիշկի պիտի դիմէր անտեսելով շուրջիններուն եւ ինքն իր ապահովութեան. եւ այսպիսով դեր պիտի խաղար ժահրին տարածման:
Ըստ ամերիկեան «Սթարթ Նիուզ» լրատուական կայքէջի Մարտ 16-ի տուեալներուն, «Քորոնա» ժահր ունեցող մարդոց միայն 1.4 տոկոսն է, որ մահուան հանգրուանին հասած են, եւ ընդհանրապէս մահացողները նախապէս անբուժելի այլ ախտ մը ունեցած անձեր են, իսկ այս ժահրը պատճառ դարձած է, որ հիւանդը աւելի արագ մահուան հասնի:
Ըստ երեւոյթին «Քորոնա» ժահրը պիտի չըլլայ այն հիւանդութիւնը, որ մարդ արարածը պիտի ջնջէ երկրագունդին վրայէն… Սակայն ինչո՞ւ ի զուր հիւանդանանք: Կարելի է նուազագոյն ճիգով առաջքը առնել այս հիւանդութեան: Քիչ մը մաքրութիւն եւ բծախնդրութիւն մինչեւ որ ժահրին համար պէտք եղած դարմանը կամ պատուաստը գտնուի:
Իսկ եթէ Լիբանանի պետութիւնն ու քաղաքապետարանները՝ դիմելով արտակարգ դրութեան, պիտի ուզեն Հիւսիսային Ամերիկեան կամ եւրոպական կարգ մը երկիրներուն որդեգրած քայլերուն հետեւիլ, պիտի ստիպեն մարդիկը, որ, թէկուզ իրենց ապահովութեան համար, միայն երկու շաբաթ իրենց խանութները գոցել: Սակայն կառավարութիւնը պէտք է ի մտի ունենայ, որ այս օրերուն Լիբանանի մէջ կան բազմաթիւ քաղաքացիներ, որոնք ընկերային ու տնտեսական շատ ահաւոր վիճակի մէջ են, օրը օրին կ՛աշխատին իրենց առօրեայ ծախսը ապահովելու։ Անոնք չունին մէկդի դրուած գումար, որպէսզի նոյնիսկ իրենց ուտելիքը ապահովեն: Պէտք է գիտակցինք, որ եթէ կան մարդիկ, որ չեն հետեւի կառավարութեան ցուցմունքներուն, ա՛յս է պատճառը: Այս օրը-օրին ապրող մարդիկը ինչպէ՞ս պիտի ապրին եւ ուրկէ՛ պիտի ապահովեն իրենց ապրուստը, եթէ իրենց ոչ մէկ այլընտրանք հրամցուի եւ վնասուց հատուցում չտրամադրուի: Եթէ այս մարդիկը պիտի ստիպուին իրենց խանութները գոցել, եւ կամ տունը նստելով իրենց գործերուն չերթալ, ո՞վ պիտի վերադարձնէ երկու շաբթուան իրենց կորսնցուցած աշխատավարձին փոխհատուցումը: Այդ աշխատանքի գումարով անոնք պիտի վճարէին զաւակի կրթաթոշակ, տունի վարձք եւ պիտի գնէին ուտելու պատառ մը հաց: Եթէ այս մարդիկը «Քորոնա» ժահրէն չմեռնին, անօթութենէն կրնան մեռնին…
Հակառակ կառավարութեան որոշումին, որ կը հրամայէ բոլոր վաճառատուներու եւ խանութներու փակումը, տակաւին կարգ մը շրջաններու մէջ կը տեսնենք, որ կառավարութիւնը նոյնքան ճնշում չի բանեցներ: Եթէ որեւէ օրէնք պիտի պարտադրուի լիբանանցի ժողովուրդին, պէտք է պարտադրուի բոլոր շրջաններուն, բոլոր համայնքներուն եւ բոլոր յարանուանութիւններուն պատկանող մարդկանց, ոչ միայն խեղճին, տկարին, բարիին եւ հնազանդին: