Հ. ԱԴԱՄԵԱՆ
Ո՞վ էր Կոմիտաս եւ ո՞վ կրնայ ըլլալ անոր յաջորդը…
Ընդհանրապէս, երբ որեւէ բանի մասին մտածենք, մեր միտքերուն մէջ կը պատկերացնենք այն բանը, որուն մասին մտածեցինք: Այս մասին քննարկած են բազմաթիւ փիլիսոփաներ, որոնցմէ են Արիստոտէլն ու Պղատոնը: Հոգեբաններ կը բացատրեն, որ մտածելու եւ մտային պատկերացումի միջեւ գոյութիւն ունեցող կապը անհրաժեշտ է ընկալելու համար որեւէ միտք: Փիլիսոփայութիւններ պիտի չընեմ, այլ այս նախաբանին վրայ հիմնուելով` պիտի գամ ըսելու, որ երբ մենք կը մտածենք Կոմիտասի մասին, անմիջապէս կ՛ունենանք երկու հիմնական մտային պատկերացումներ. առաջին` Կոմիտաս որպէս հանճար, երաժշտագէտ, հայ ժողովրդական երգերու փրկարար եւ անզուգական մտաւորական դէմք, իսկ երկրորդ` Կոմիտաս որպէս հոգեկանով անկայուն հայ մարդ:
Այսօր բոլորս կրնանք վկայել, որ հայերէն նոր երգերու մեծամասնութեան մէջ նկատելի ներկայութիւն են օտար ազգերու կամ ժողովուրդներու ազդեցութիւնները: Դժբախտաբար այս իրականութիւնը առկայ է թէ՛ սփիւռքի եւ թէ՛ հայրենիքի մէջ: Օտար ազդեցութիւնները բնականաբար կ՛աղաւաղեն հայ երաժշտութիւնը, եւ այդ իսկ պատճառով այսօր մենք կարիքը ունինք նոր Կոմիտաս վարդապետի մը, որ իր հանճարով փրկէ հայ երգն ու երաժշտութիւնը:
Այնուամենայնիւ, ես պիտի չխօսիմ այն Կոմիտաս վարդապետին մասին, որ պատկերացուցինք վերոնշեալ` առաջին մտային պատկերացումին ընդմէջէն, պիտի չխօսիմ այն Կոմիտասին մասին, որ պիտի փրկէ մեր այժմու երգն ու երաժշտութիւնը, այլ պիտի խօսիմ երկրորդին` հոգեկան ոչ կայուն վիճակի մէջ գտնուող հայ մարդուն մասին:
Ո՞վ պիտի յաջորդէ անոր:
Բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ եւ տարբեր կարծիքներ կան Կոմիտաս վարդապետի հոգեկան այդպիսի ցաւալի վիճակի մը հասնելու պատճառներուն մասին: Ոմանք կառչած կը մնան այն կարծիքին, որ վարդապետը այդ վիճակին հասած է ազդուելով 1915-ին տեղի ունեցած Ցեղասպանութենէն, իսկ ուրիշներ կը պնդեն, որ Ցեղասպանութեան պատճառած բացասական ճնշումներուն կողքին, ան այս վիճակին հասած է նախքան Ցեղասպանութիւնը` իր շուրջը գտնուողներուն վերաբերմունքին, նախանձին եւ վատոգի ըլլալուն պատճառով: Անձնապէս ես կողմնակից եմ երկրորդ կարծիքին: Երբ կը կարդանք Կոմիտաս վարդապետի կեանքը, այնտեղ պիտի տեսնենք նախանձի, նուաստացումի, նսեմացումի եւ գայթակղումի օրինակներ, որոնք վարդապետին շուրջը գտնուող մարդոց առօրեային անբաժան մէկ մասը եղած են:
Կը կարծեմ, որ Կոմիտաս վարդապետին համար, իր ծննդեան 150-ամեակին առիթով, ամէնէն մեծ նուէրը պիտի ըլլայ մեր մտքերու վերաթարմացումը, որովհետեւ անոր մահէն 84 տարի ետք, տակաւին մթնոլորտը նոյնն է, եւ եթէ զգաստանալու ջանքեր չկատարուին, շատե՜ր պիտի յաջորդեն վարդապետին: Պիտի ընեմ մէջբերում մը` Կոմիտասի ձեռամբ գրուած նամակէ մը, որ ուղղուած է իր մտերիմ բարեկամուհիին` Մարգարիտ Պապայեանին: Ան նամակին մէջ իր սրտին ցաւերը արտայայտելով` կ՛ըսէ. «…Աջ ու ձախ եմ նայում, տեսնում, որ մարդիկ առաւել վատահոգի են, քան բարեհոգի. չկան, եթէ կան, չեն երեւում այնպիսիները, որոնք չարերի վերայ արհամարհանք տածեն. ընդհակառակը, մարդկային թոյլ եւ շատ տկար կողմերից մէկն էլ այն է, որ լսածին հաւատալ են ուզում` առանց ճշմարտութեան կշիռ ունենալու, այո՛, շատ հեշտ է դատելը, մանաւանդ` ուրիշին, բայց դատուել ո՞վ է ցանկանում. մարդասպանը նոյնիսկ դատից խուսափում է, ո՜ւր մնաց անմեղն ու անպարտը: Ես էլ, թէեւ ներսս բոլորովին մաքուր ու ջինջ է, ինչպէս պայծառ ու յստակ վտակ, բայց չար մարդիկ քար են ձգում ու պղտորում»:
Հանճարեղ Կոմիտաս զզուած էր իր շրջապատէն եւ գանած` այնտեղ տեղ գտած անսանձ աւանդապահ մտածելակերպէն, մթնոլորտէն եւ նորութիւններ մերժող շրջապատէն: Կոմիտաս կը մտածէր տարբեր, անոր միտքն ու երաժշտական «մուսաները» չէին կրնար միանալ եւ ստեղծագործել այդպիսի արգելանոցի մը մէջ, ուր կաշկանդուած էին հայրենի հանճարին բոլոր հնարաւորութիւնները: Միաբանութեան մէջ տիրող յետադէմ մտայնութիւնը, բամբասանքը, զրպարտութիւնն ու թշնամական կեցուածքը մղեցին, որ վարդապետը ունենայ անհանգիստ վիճակ մը: Այդ անհանգստութիւնը հասաւ այնպիսի աստիճանի, որ օրուան կաթողիկոսին ուղարկած իր նամակներէն մէկուն մէջ Կոմիտաս կը գրէ. «Նեարդներս թուլացել են, այլեւս տոկալու ճար ու հնար չունիմ: Որոնում եմ հանգիստ, չեմ գտնում: Ծարաւի եմ ազնիւ աշխատանքի, խանգարւում եմ, փափաքում եմ հեռու մնալ, խցել ականջներս` չլսելու համար, գոցել աչքերս` չտեսնելու համար, կապել ոտքերս` չգայթակղուելու համար, սանձել զգացմունքներս` չվրդովուելու համար, բայց զի մարդ եմ, չեմ կարողանում… Արտասուելով աղերսում եմ` արձակեցէք ինձ Ս. Էջմիածնաց միաբանութեան ուխտից…»: Կոմիտասի այս նամակը կը մնայ անպատասխան եւ անոր հանդէպ ատելութիւնն ու հետապնդումը կը բազմանան:
Այդ նոյն շրջանին ան իր ցաւերը արտայայտելու նպատակով այլ նամակ մը կը գրէ Մարգարիտին եւ անոր մէջ կ՛ըսէ. «Ես զարմանում եմ, թէ ինչու մինչեւ այժմ չեմ խելագարուել այս մթնոլորտի խարդախ վայրերում: Մէկ ուզում եմ թռչել հեռու, միայնակ, մէկ ուզում եմ փակուեմ մենակ ու ճգնեմ, բայց ի՜նչ եմ անում, որ չեմ ճգնում… Այո՛, բայց ոչ այսպիսի, այլ մուսայիս հետն եմ ուզում միայնակ ապրել, որ սիրտս չպղտորուի, միտքս չխարդախուի, հոգիս չխռովի եւ խիղճս չմեռնի…»:
Այս բոլորը կու գան ըսելու, որ վարդապետին հոգեկան տագնապը սկսած էր նախքան իր Պոլիս փոխադրուիլը եւ նախքան Ցեղասպանութիւնը: Հոգեկան տագնապն ու անկայունութիւնը հետեւանքն էին անոր ապրած անմիջական միջավայրին յետադէմ եւ աւանդապահ մտայնութեան եւ մտածելակերպին: Հետեւանքն էր միաբաններու մեծամասնութեան հալածանքին եւ արգելքներուն: Ան որքա՜ն աւելի պիտի ստեղծագործէր, եթէ անոր դէմ չկենային իր շուրջինները, եթէ ընկալէին անոր միտքերն ու չհալածէին զինք:
Վայրկեանի մը համար պիտի վերադառնամ մտածելուն եւ մտային պատկերացումին. երբ կը գրեմ վերի տողերը եւ կը մտածեմ անոնց մասին, մտքիս մէջ պատկերը մեր այսօրուան իրավիճակն է… Տակաւին բան չէ փոխուած… Աւանդապահութեան դրօշը պարզած` յառաջդիմութիւն կը գոռանք: Շատ դիւրին է մեզի համար ընկալել այդ օրերուն Կոմիտաս վարդապետին շուրջ պատահածները, որովհետեւ մտային պատկերացում մը կազմելը դիւրին է, մեր առօրեան մեր մտային պատկերացումն է:
Շատեր կը յաջորդեն ու պիտի յաջորդեն Կոմիտասին, պիտի յաջորդեն երիտասարդներ, պիտի յաջորդեն մտաւորականներ եւ պիտի յաջորդեն պիտանի մարդիկ: Չափազանց քիչերն են, որ պիտի յիշուին պատմութեան ընթացքին, իսկ մնացածներ պիտի խրտչին ու հեռանան, եւ ոչ ոք պիտի յիշէ զանոնք:
Այնքան ատեն որ երկրորդ մտային պատկերին մէջ ներկայացուած Կոմիտասի յաջորդներուն` հոգեպէս անհանգիստ երիտասարդութեան թիւը կը բարձրանայ, առաջին մտային պատկերին մէջ ներկայացուած հանճարին յաջորդողներ դժուար պիտի գտնենք: