ԽԱԺԱԿ ԹԱՊԱԳԵԱՆ
Այս օրերուս Լիբանան կ՚ապրի իր պատմութեան ամէնէն ծանր տնտեսական տագնապներէն մէկը։ Լիբանանեան թղթոսկին կորսնցուցած է իր արժէքը, եւ ամերիկեան տոլարը մատչելի չէ ժողովուրդին։ Սղաճը հասած է իր գագաթնակէտին, եւ ժողովուրդին մէկ մեծ մասը կա՛մ կէս ամսական կը գանձէ, կա՛մ երբեք չի գանձեր։
Այս տնտեսական տագնապը այնքան ալ դժուար չէր նախատեսելը։ Լիբանանի տարեկան պարտքի աճը եւ քաղաքական ուժերու անհոգ եւ նոյնիսկ շահագործող պետերուն գոյութիւնը լաւ ապագայ չէին խոստանար երկրին։
Ի՞նչ էր սպասուածը, երբ 1975-ի քաղաքացիական պատերազմի ոճիրներ գործած առաջնորդները ժողովուրդին կողմէ ճանչցուեցան իբրեւ անզուգական «հերոսներ»։ Ի՞նչ էր սպասուածը, երբ ժողովուրդը տասնեակ տարիներ ընտրեց եւ դեռ կ՚ընտրէ այս «հերոսները»։ Փայլուն ապագա՞յ, թէ՞ անվերջ յաջողութիւններ…
Յառաջացած երկիրներու մէջ քաղաքացին կ՚ընտրէ թեկնածու մը կամ կուսակցութիւն մը՝ հիմնուելով անոր ընտրական ծրագիրին վրայ։ Իսկ անոնց ընտրութենէն ետք կը դատէ անոնց գործերն ու յաջողութիւնները (եւ/կամ ձախողութիւնները), եւ ըստ այնմ կ՚որոշէ, եթէ յաջորդ ընտրութուններուն դարձեալ պիտի աջակցի անոնց կամ ոչ։ Դժբախտաբար այս մտածելակերպը բաւական հեռու է լիբանանեան իրականութենէն։
Սկսելու համար Լիբանանի մէջ ոչ մէկ կուսակցութիւն կը մշակէ ընտրական ծրագիր եւ հետեւաբար, «հերոսները» աւելի բարձր կը դասուին ժողովուրդին շահերէն եւ երկրին ապագայէն։ Լիբանանի մէջ կարեւոր չէ եթէ «հերոս»-ը լաւ կ՚աշխատի կամ կը գողնայ։ Կարեւոր չէ, եթէ «հերոսներուն» կողմէ նշանակուած կառավարութիւնը ժողովուրդին հիմնական պէտքերը կը հոգայ կամ ոչ։ Կարեւոր չէ, եթէ քաղաքականութենէ չհասկցող «հերոսին» զաւակը ժառանգէ ծնողքին աթոռը։
Կարեւորը միմիայն համայնքի զաւակը առջեւ տանիլն է։ Իրմէ զատ ո՚՞վ պիտի կարենայ առաւելագոյն չափով համայնքին իրաւունքները պաշտպանել։ Ժոզէֆը պէտք է ընտրէ Շարպըլը, իսկ Ալին՝ Հասանը։ Չէ՞։ Այս է ընտրութեան մը սեմին բնականոն մտածելակերպը։ Ամէն համայնք ունի իր պահապան հրեշտակ «հերոսը» եւ վերջ։
Լիբանանցին տակաւին չէ կրցած ըմբռնել, որ բոլորս մէկ ժողովուրդ ենք եւ կ՚ապրինք մէկ երդիքի տակ։ Տակաւին չէ կրցած անդրադառնալ, որ ընտրութիւններէն 1-2 ամիս առաջ համայնքին սուրբ պաշտպանը, ընտրուելէ քանի մը օր ետք պիտի վազէ իր անձնական շահերուն ետեւէն եւ մոռնայ զինք ընտրողը։
Կեանքի մէջ սխալ մը գործելը բնականոն երեւոյթ մըն է, եւ անհրաժեշտ՝ լաւ դասեր քաղելու համար։ Սակայն 30 տարի նոյն սխալը գործելը դատապարտելի յանցանք է։ Այս ծանր տագնապին պատասխանատուներն են պատերազմի «հերոսներն» ու անոնց հետեւորդ ժողովուրդը։
Խօսքս այն ժողովուրդին մասին է, որ տարիներ շարունակ որոշեց պատուել իր առաջնորդները եւ անոնց պարգեւել երեսփոխանի տիտղոսը։ Այն ժողովուրդին, որ ուրիշին առիթ տալը դաւադրութիւն կը նկատէ (կամ ալ այնպէս սորված է) եւ համոզուած է, որ անկախ եւ ուսեալ անձիքը ատակ չեն երկիրը կառավարելու, եթէ մաս չեն կազմեր լիբանանեան աւանդական կուսակցութիւններուն։ Խօսքը այն ժողովուրդին մասին է, որ հանգիստ սրտով իր քուէն կը ծախէ։
Հոկտեմբեր 17-ին սկիզբ առաւ երկար սպասուած յեղափոխութիւնը։ Մահաքունի մէջ գտնուող յոյսը վերածնաւ, եւ սկսանք հաւատալ իսկական փոփոխութեան։ Կարծես, կուրօրէն հետեւող ժողովուրդէն մաս մը աչքը բացաւ դէպի իրականութիւն եւ իր մէջ ծնաւ հաշուետուութեան գաղափարը։
Լաւ է, որ մեծ բազմութիւն մը զգաց իր տարիներու յանցաւոր ըլլալը։
Լաւ է, որ անկախ կարծիք եւ դատողութիւն ունեցաւ։
Եւ շատ աւելի լաւ կ՚ըլլայ, եթէ այս բոլորէն մեկնած, միւս հետեւորդ եւ միամիտ խաւը չպաշտէ այլեւս «հերոսները», եւ յաջորդ ընտրութիւններուն բոլորս գիտակցութեամբ քուէարկենք…