ՍԱՐԳԻՍ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ
«… Որքան չերգուած երգեր կան փակ վանդակներում,
Որքան երգեր, որոնք երբեք չեն լսուելու…»
Միութիւն կը կոչուի այն խումբը, որ կը բաղկանայ մարդոցմէ, որոնք ունին նոյնանման նպատակներ եւ միասնաբար կ՛աշխատին այդ նպատակներու իրագործման ի խնդիր: Մարդիկ կազմած են միութիւններ, որովհետեւ աւելի դիւրին է խումբով աշխատիլ նպատակի մը համար, քան` անհատաբար, եւ արդէն այդպէս ալ կ՛ըսեն` «Միութիւնը զօրութիւն է», ինչ որ կը նշանակէ, թէ երբ միութեան անդամներ համագործակցին եւ իրարու օժանդակելով աշխատին միութեան նպատակին համար, անոնք կը կազմեն այնպիսի ուժ մը, որ անկարելին կրնայ դարձնել կարելի: Աշխարհի վրայ գոյութիւն ունեցած են շարք մը միութիւններ, որոնք տարած են հսկայական աշխատանքներ եւ` յաջողած: Եղած են միութիւններ, որոնք կը ձեւացնեն, թէ կը յաջողին, սակայն կը տառապին ներքին հարցերէ: Եղած են միութիւններ, որոնք կը յաջողին, սակայն չեն աշխատիր այնպէս, ինչպէս միութիւն մը պէտք է աշխատի: Ինչպէս նաեւ եղած են միութիւններ, որոնք ձախողած են եւ կամ ձախողութեան վտանգին դէմ յանդիման կը գտնուին: Բայց կ’արժէ հարցադրել, թէ ինչո՛ւ միութիւններ կը ձախողին:
«… Երգը լռում է ու քնած ձեւանում,
Գալիս է պահը նա պայթում է, պայթում …»:
Սկսի՛նք…
Միութենական աշխատանքներ կամայ թէ ակամայ ձախողութեան կը մղուին,
Երբ կամաւոր աշխատողներուն նկատմամբ քաջալերանքը կը պակսի միութեան մը պատասխանատուներէն, ընդհակառակն, անոնք մնայուն կերպով կ՛ենթարկուին ժխտական արտայայտութիւններու եւ ոչ շինիչ քննադատութիւններու:
Երբ միութեան կամ յանձնախումբի մը որոշումները կը կայացնեն անհատներ, որոնք մաս չեն կազմեր յանձնախումբին, եւ որոշումները կը պարտադրուին անոնց:
Երբ վախի ու լարուածութեան միջավայր մը կը ստեղծուի, ինչ որ արգելք կը հանդիսանայ շատ մը միութենականներու` իրենց անկեղծ կարծիքն ու տարբեր առաջարկները յայտնելու:
Երբ «նուիրապետական կարգը յարգել»-ը այնքան խիստ կարգապահական օրէնք կը նկատուի (հակառակ անոր որ այլ օրէնքներ յաճախ կ՛անտեսուին, եւ օրինական խախտումներ միշտ ալ կը կատարուին), որ միութեան մէջ ստորադաս պաշտօններ կրողներուն կ՛արգիլուի, ըստ պայմանին, որոշ արագ որոշումներ կայացնել:
Երբ միութեան բոլոր աշխատանքները կը վստահուին քանի մը ընտրեալներու, որովհետեւ «գործ բաժնողներ»-ը վստահութեան բարդոյթէ կը տառապին, եւ կամ պարզապէս «բարեկամ գոհացնելու» նպատակ կը հետապնդեն` առանց նկատի ունենալու, թէ տուեալ անձը ունա՞կ է այդ աշխատանքը վերցնելու, թէ՞ ոչ:
Երբ համագործակցութիւնը կը սկսի հետզհետէ նուազիլ ղեկավար եւ ստորադաս մարմիններու միջեւ:
Երբ միութեան անդամներէն բխած հարցերն ու առաջարկները դարակի մէջ կը նետուին եւ կամ ընդհանրապէս անոնց առիթ չի տրուիր կարծիքներ յայտնելու, խօսելու, հարցեր քննելու, որովհետեւ կարգ մը «մեծեր» այդ խօսքերէն կրնան վիրաւորուիլ:
Երբ մարդիկ կը սկսին պարտականութիւններէ եւ պարտաւորութիւններէ խուսափիլ` յանկարծ «բազմազբաղ» համարուելով, հակառակ անոր որ այս դարուս չկայ մարդ, որ բազմաթիւ պարտաւորութիւններ չի կրեր:
Երբ լաւ տարրեր միութիւններէ կը հեռացուին, պարզապէս որովհետեւ անոնք «ճիշդ» են եւ համարձակ, անոնց արտայայտութիւնները դիպուկ են եւ «վտանգաւոր»:
Երբ երիտասարդ նոր դէմքերու առիթ չի տրուիր միութեան ղեկը ստանձնելու եւ կամ նոր ղեկավարներ ընդհանրապէս չեն պատրաստուիր փոխարինելու կամ յաջորդելու հիները:
Այո՛, այս բոլորը կրնան կատարուիլ միութեան մը մէջ` առիթ տալով միութենականներու, որ խրտչին, կորսուին եւ հեռանան միութենէն:
«… Եւ միայն գայլն էր անհանգիստ վանդակում,
Գայլը ոռնում էր, անընդհատ ոռնում
Նրան միս տուեցին, բայց նա միսը չվերցրեց,
Նրան միս շպրտեցին, բայց նա չլռեց…»
Իւրաքանչիւր անհատ որոշ պարտաւորութիւններ կրնայ ունենալ միութենական իր կեանքին մէջ. պարտաւորութիւններ, որոնց ենթակայ են բոլորը անխտիր` պարտադրուած միութեան կանոնագիրին կողմէ: Իսկ միութենական անհատը նաեւ կը ստանձնէ այլ պարտականութիւններ` իր կրած պաշտօնին համաձայն: Հարկ է յիշեցնել, որ ժողովրդավար միութիւններու մէջ չկան տեւական պաշտօններ: Անհատ մը կրնայ պաշտօն մը ստանձնել որոշ ժամանակաշրջանի մը համար, բայց ոչ` ամբողջ կեանքը: Հետեւաբար բոլորը հաւասար կը նկատուին, երբ հաշուետուութեան ժամանակը գայ: Ուստի ոչ ոք պէտք է խուսափի արտայայտուելէ եւ կարծիք յայտնելէ, որովհետեւ եթէ այդ ալ արգիլուի, աւելի լաւ կ՛ըլլայ այդ էութեան «միութիւն» անունը չտալ:
Եւ արդեօ՞ք…
«… Եւ լսուեց կրակոց ու ոռնոցը լռեց…»: