Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կոմիտաս Հոգեկան Անհաւասարակշռութի՞ւն, Թէ՞ Կեղծ Ախտորոշում. Ծննդեան 150-ամեակ

Ապրիլ 30, 2020
| Զաւարեանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ ԻՍԿԷՆՏԷՐԵԱՆ

«Հայ ժողովուրդը կոմիտասեան երգին մէջ գտաւ, ճանչցաւ իր հոգին, իր հոգեկան ինքնութիւնը: Կոմիտաս վարդապետը սկիզբ է, որ վախճան չունի: Ան պիտի ապրի հայ ժողովուրդով, հայ ժողովուրդը պիտի ապրի անով, ինչպէս այսօր, այնպէս ալ յաւիտեան»:

Ամենայն Հայոց Վազգէն Ա. կաթողիկոս

«Վերջին գիշեր». գործ` Սարգիս Մուրատեանի

Քիւթահիոյ «թափառական փոքրիկ երգիչ», երաժիշտ, երգահան, ուսուցիչ, խմբավար, ուսումնասէր եւ, ըստ լեզուաբան Հրաչեայ Աճառեանի, «չափազանց աշխատասէր, աննկուն կամքի տէր, անկեղծ, բարեհոգի, ընկերասէր ու բոլորին նկատմամբ` քաղցր ու համեստ» տիպար մըն էր Կոմիտաս վարդապետ: Որբացած` մանկութենէն, զրկուած ծնողական գուրգուրանքէ, Քիւթահիայէն Էջմիածին, ապա` Թիֆլիս, Պերլին, Կ. Պոլիս, Գահիրէ, Ֆրանսա… Սողոմոն Սողոմոնեան, պսակադրուած` Կոմիտաս, կը նմանի հանքէ մը հանուած ադամանդի, որ ժամանակի ընթացքին, աստուածատուր շնորհներու, անձնական ճիգերու ու քաջալերողներու շնորհիւ կը տաշուի եւ կը փայլի` դառնալով հայ մտքի շողշողուն արժէք:

Կոմիտասի մանկութիւնը եղած էր դառն, սակայն անոր յետցեղասպանութեան կեանքը եղաւ ողբերգական, երբ 1915 թուականի Օսմանեան Թուրքիոյ կազմակերպած եւ իրագործած Հայոց ցեղասպանութիւնը եղերերգականօրէն կ՛ընդհատէ հանճարեղ երաժիշտին գործունէութիւնը: Պոլսահայ մտաւորականներու հետ ան եւս կը ձերբակալուի եւ կ՛աքսորուի:  Ժամանակ մը անց, Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորկընթաուի միջնորդութեամբ, Կոմիտաս կը վերադարձուի աքսորէն, սակայն, ականատես ըլլալով իր այնքան սիրած ու պաշտած ժողովուրդին անմարդկային խողխողումին, իր կրած ահռելի տառապանքներուն եւ վախի ազդեցութեան տակ, Կոմիտաս կը ցնցուի հոգեպէս, «կը կորսնցնէ իր մտային ու հոգեկան հաւասարակշռութիւնը» եւ կը դադրի ստեղծագործելէ:

1916-էն 1918  Կոմիտասը կը մնայ Կոստանդնուպոլսոյ Շիշլի թաղամասի հոգեբուժարանին մէջ, ապա կը փոխադրուի Փարիզ` հոգեբուժական հիւանդանոց: Կեանքի վերջին 16 տարիները կ՛անցընէ Փարիզի Վիլ-Էվրար եւ Վիլ-Ժուիֆ արուարձաններու բուժական հաստատութիւններուն մէջ: Արդարեւ, 1918 թուականէն մինչեւ իր վախճանումը Կոմիտաս կը պահէ «մեռելային լռութիւն»: 1935 հոկտեմբեր 21-ին Փարիզի հոգեբուժական հիւանդանոցին մէջ կը կնքէ իր մահկանացուն` 66 տարեկանին:

Կոմիտաս եղաւ «հանճար մը, որ գիտցաւ իր հանճարը ի սպաս դնել հայ երգի յայտնութեան ի խնդիր եւ կոչուիլ իրաւամբ հայ երաժշտութեան Ս. Մեսրոպը»:

Անվերծան Առեղծուած` Հոգեկան
Անհաւասարակշռութի՞ւն, Թէ՞ Կեղծ Ախտորոշում
«Արթօ Չաքմաքճեանի Կոմիտասը». գործ` Քրիստ Իսկէնտէրեանի

Կոմիտաս Հայոց ցեղասպանութեան ականատես էր: Ան 20-րդ դարու սկիզբի ամենայայտնի հայն էր Եւրոպայի մէջ, եւ եթէ ան խօսէր թուրքերու վայրագութիւններուն մասին, այդ մէկը անպայման կ՛ունենար ռումբի  պայթիւնի ազդեցութիւն:

Մէկուկէս միլիոն հայ ջարդելէ ետք, Կոմիտասը վերացնելը այնքան ալ դժուար չէր: Ոմանք այս նիւթին անդրադառնալով` կ՛ըսեն, թէ Կոմիտասը լռեցնելու ամէնէն լաւ լուծումը զայն խելագարութեան անուան տակ  հոգեբուժարանի մէջ «բանտարկելն» էր եւ հոգեմէտ դեղերով անոր աշխուժութիւնը ընկճելը:

Բժշկականօրէն, Կոմիտասի լռութիւնը իր հիւանդութեան ախտանշաններէն մէկը չէր,  հետեւաբար պէտք է այդ մէկը հարցման նշան մը յառաջացնէ: Նոյն նիւթին անդրադառնալով, կասկած մը կը ստեղծուի, թէ արդեօք թրքական զինուորական հոգեբուժարանի մէջ գտնուած ժամանակ Կոմիտաս ներարկումներ ստանալո՞վ «լռեցուած» է: Ոմանք նոյնիսկ կը խօսին, թէ Կոմիտաս վարդապետ խաբուած էր կեղծ հրաւէրով մը, որ իբր թէ իրեն ուղարկուած էր միջազգային երաժշտական ընկերութեան կողմէ, որ կը փափաքէր տեսնել Կոմիտասը իբրեւ կազմակերպութեան իսկական անդամ, Փարիզ: Սակայն Փարիզ ժամանելէ ետք, ան կը տեղադրուի հոգեբուժարան, ուր օգնութեան կոմիտէն կը հրահանգէ ոչ ոքի թոյլ տալ այցելել Կոմիտասին: Այս մէկը ինքնին ամէնէն մեծ հարցման նշանն է` ինչո՞ւ մեկուսացնել զայն:

Կոմիտասի «դատ»-ը հետապնդելը եւ յետցեղասպանութեան իր կեանքի պղտոր, թաքուն ծալքերն ու գաղտնիքները վերծանելը անհրաժեշտ են, անգամ մը եւս ցոյց տալու համայն մարդկութեան` Ցեղասպանութեան արարքին յաջորդող ազդեցութիւնը մարդ արարածի մտային ու հոգեկան աշխարհին վրայ, ինչպէս նաեւ ազգային ու մշակութային ոլորտներուն մէջ:

«Անլռելի զանգակատունը» մարմնապէս վախճանեցաւ` «լռեցուած», իսկ հոգեպէս` անմահացած:

———————

Օգտագործուած աղբիւր`

https://hairenikweekly©com/2015/07/29/23291

 

Նախորդը

Հոգեպարար Փորձառութիւն

Յաջորդը

«ԶՈՄ-ը Դպրոց Է, Բոլորս Քաղած Ենք Այդ Դպրոցին Ուսուցումներէն Եւ Փորձառութիւններէն: Կարեւոր Է Նաեւ Տա՛լ Այդ Դպրոցին Եւ Ծառայել Հաւաքական Շահերուն». Նորա Պայրագտարեան

RelatedPosts

Մեր Խօսքը
Զաւարեանական

Զաւարեանական. Մեր Խօսքը

Յուլիս 2, 2025
Հայապահպանումը Սփիւռքի Մէջ` Փոքր Գործեր, Մեծ Իմաստ
Զաւարեանական

Հայապահպանումը Սփիւռքի Մէջ` Փոքր Գործեր, Մեծ Իմաստ

Յուլիս 2, 2025
Եկեղեցի – Պետութիւն Փոխյարաբերութիւններու Ներկայ Իրավիճակը
Զաւարեանական

Եկեղեցի – Պետութիւն Փոխյարաբերութիւններու Ներկայ Իրավիճակը

Յուլիս 2, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?