Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հոգեպարար Փորձառութիւն

Ապրիլ 30, 2020
| Զաւարեանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱՐՕՏ ԽՏԸՐԼԱՐԵԱՆ

Թէ ինչպէս պատահականութիւնները կ՛ուղղեն մեր քայլերը…

Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանի տնօրէնութիւնը իւրաքանչիւր տարեշրջանի կիսուն իր 11-րդ դասարանի աշակերտները կ՛առաջնորդէ «Զուարթնոց» կեդրոն, որպէսզի անոնք ծանօթանան հոն յաճախող աշակերտներուն, անոնց դժուարութիւններուն եւ իրավիճակին:

Այս ծիրին մէջ, 2013 ապրիլին, իբրեւ 11-րդ դասարանի աշակերտներ ուղղուեցանք «Զուարթնոց» կեդրոն: Անորոշութեամբ եւ վախով համակուած էին մեր հոգիները: Թերեւս մեր կեանքին մէջ առաջին անգամն էր, որ պիտի հանդիպէինք թերաճ աշակերտներու, որոնք մեզմէ տարբեր էին իրենց արտաքինով, մտային կարողութիւններով, հասունութեամբ եւ սորվելու ունակութեամբ:

Մեզ հիւրընկալեց կեդրոնի տնօրէնուհին, որոշ տեղեկութիւններ տուաւ հոն յաճախողներուն մասին եւ առաջնորդեց մեզ սրահ մը, ուր հաւաքուած էին աշակերտները: Անոնք ուրախութեամբ դիմաւորեցին մեզ եւ խումբ առ խումբ ներկայացան, պարեցին, երգեցին եւ նուագեցին, իւրաքանչիւրը փորձեց իր լաւագոյնը տալ: Մենք ալ միացանք իրենց, եւ մթնոլորտը աւելի ջերմացաւ, իսկ մեր միջեւ եղած հեռաւորութիւնը սկսաւ նուազիլ: Թէեւ ուրախ էինք, բայց եւ այնպէս որոշ վերապահութեան, վախի եւ անապահովութեան զգացում ունէինք, որովհետեւ տպաւորուած էինք, որ անոնք կրնան վնաս հասցնել մեզի:

Ամբողջ այցելութեան ընթացքին կոկորդս կը լեցուէր եւ աչքերս կ՛արցունքոտէին, հարցականներ կը ծագէին մտքիս մէջ` տեսնելով անոնց գոհունակութիւնը եւ ուրախութիւնը:

Վերադարձանք դպրոց` յուզուած, եւ միեւնոյն ժամանակ կը զգայինք, թէ այս անմեղ աշակերտները շատ բան սորվեցուցին մեզի: Այո՛, իրենք ալ իրաւունք ունին ապրելու, սիրուելու եւ գուրգուրանք ստանալու: Անոնք, հակառակ իրենց սահմանափակ կարողութիւններուն, իրենց ներաշխարհը արտայայտել գիտեն, ունին ձիրքեր, որոնք կը յայտնաբերուին սիրով եւ հոգատարութեամբ լեցուն մթնոլորտի մէջ:

Տարիներու արագ թաւալումով, 2017 յուլիսին աւարտեցի Լիբանանի Սէն Ժոզեֆ համալսարանը` վկայուելով իբրեւ հոգեշարժունակութեան մասնագէտ (Psychomotor Therapist): Հոգեշարժունակութեան մասնագէտը ֆիզիքական շարժումներու միջոցով կը լուծէ աշակերտներու հոգեբանական, մտային եւ վարուելակերպի դժուարութիւնները, որպէսզի անոնք յարմարին իրենց ապրած միջավայրին` օգտագործելով իրենց կարողութիւնները:

Մինչ տարբեր կրթական հաստատութիւններ աշխատանքի դիմումնագիր ներկայացուցած էի եւ անոնցմէ կը սպասէի պատասխանի, «Զուարթնոց» կեդրոնի (միակ հաստատութիւնը, ուր դիմումնագիր չէի ներկայացուցած) ընկերային ծառայողը կապ հաստատեց հետս` փափաք յայտնելով, որ միանամ կեդրոնին մէջ կազմուած մասնագիտական անձնակազմին: Ժամադրութեան օրը ներկայացայ խառն զգացումներով եւ մտածումներով: Հակառակ անոր որ զինուած էի գիտելիքներովս` յատուկ դժուարութիւններ ունեցող անհատներու եւ նմանօրինակ կեդրոններու մէջ գործելակերպին մասին, բայց եւ այնպէս ենթագիտակցութեանս մէջ դրոշմուած էր Ճեմարանի օրերու այցելութեան տպաւորութիւնը:

Հարցազրոյցին արդիւնքը դրական էր, եւ արդէն ինքզինքս գտայ այդ կեդրոնին մէջ, ուր շատ արագ ընտելացայ հոն տիրող ընտանեկան եւ ջերմ մթնոլորտին:

Լիբանանի Հայ համայնքի ընկերային ծառայողներու միութեան պատկանող «Զուարթնոց»-ը լիբանանահայ գաղութի միակ յատուկ դաստիարակութեան կեդրոնն է: Ան իր դռները բացած է տարբեր տարիքի եւ յատուկ դժուարութիւններ ունեցող անհատներու, առանց ազգային կամ կրօնական խտրութեան, կը ջամբէ հայեցի դաստիարակութիւն` իր յատուկ կրթական ծրագիրին կողքին: Կեդրոնը կը ձգտի, իր մասնագիտական անձնակազմով, զարգացնել աշակերտներու ակադեմական եւ աշխատանքային կարողութիւնները, որպէսզի անոնք դառնան ընկերութեան մէջ ինքնաբաւ եւ  օգտակար տարր:

Աշխատանքային օրերս կը սկսին, երբ զիս կը դիմաւորեն բարեհամբոյր ժպիտով դէմքեր: Իւրաքանչիւրին հարկ եղած ժամանակը կը տրամադրեմ` զարգացնելու համար ամէն մէկուն կարողութիւնները: Հոգիս կը լեցուի ուրախութեամբ, երբ կը քաղեմ աշխատանքիս արդիւնքը եւ ականատես կ՛ըլլամ ամէնէն փոքր ձեռքբերումին:

Հոս կ՛ուզեմ նշել, որ այսպիսի աշխատանքի պարագային մասնագիտական մօտեցումէն անդին կայ մարդկային երեսը: Չեմ կրնար ժխտել, որ կ՛ունենամ յուզումի պահեր, հոգեկան վերիվայրումներ, ինչպէս նաեւ անզօրութեան զգացում: Սակայն, հակառակ այս բոլորին, գիտակցելով անսակարկ նուիրումի ոգիին, ուժերս կը վերագտնեմ եւ նոր թափով ու նոր կորովով կը շարունակեմ երթս:

Ի դէպ, յաճախ կը հանդիպէի ընկերներուս, որոնք զարմացած հարց կու տային, թէ ինչպէ՞ս կրնամ աշխատիլ այդ կեդրոնին մէջ, որովհետեւ, դժբախտաբար, հանրութեան մօտ կազմաւորուած է տեսակէտ մը, թէ հոն յաճախողները անբնական են, սարսափ կը պատճառեն եւ կրնան վնաս հասցնել: Դժբախտաբար, հանրային կարծիքն ալ ժխտական եղած է այս կեդրոնին նկատմամբ, իսկ ես փորձառութեամբս կրնամ հաստատել, որ հոն յաճախողները անմեղ եւ բարեսիրտ արարածներ են, թէեւ ունին որոշ դժուարութիւններ, բայց եւ այնպէս ունին զգացում, դատողութիւն, միտք, ծառայութեան ոգի եւ գոյատեւելու կամք:

Յետադարձ ակնարկով մը` 3 տարիներու վրայ երկարող ժամանակաշրջանին, կրնամ հաստատել, որ «Զուարթնոց»-ի մասին առաջին տպաւորութիւնս արդէն շոգիացած է: Այս աշակերտները անբիծ հոգիներ են, անմեղ եւ սիրառատ, իրաւունք ունին ընկերութեան մէջ իրենց արդար տեղը գրաւելու: Մենք սորվելիք ունինք անոնցմէ, որոնք կը սիրեն կեանքէն իրենց տրուած բաժինը եւ շնորհակալ են Աստուծոյ:

Առ այդ, թերաճ որակումը չի վերաբերիր միայն ֆիզիքական կամ մտային թերութիւններ ունեցողներուն: Իրապաշտ ըլլալով, կրնամ ըսել, որ ընկերութեան մէջ կան որքա՜ն «թերաճ»-ներ, որոնք նկարագրային ժխտական գիծեր եւ բարդոյթներ ունին: Հետեւաբար, ժամանակն է, որ ընկերութիւնը քանդէ կարծրատիպերը եւ ընդունի նմանօրինակ էակներու ներկայութիւնը ընկերութեան մէջ` իբրեւ կատարեալ մարդ լիիրաւ իրաւունքներով:

… Եւ տիեզերքը իր շշուկներով կեանքի դասեր կու տայ մեզի:

 

 

Նախորդը

Հանդիպում Քաղաքական Ուժերու Ներկայացուցիչներուն Հետ

Յաջորդը

Կոմիտաս Հոգեկան Անհաւասարակշռութի՞ւն, Թէ՞ Կեղծ Ախտորոշում. Ծննդեան 150-ամեակ

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Զաւարեանական

Զաւարեանական. Մեր Խօսքը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Կարծիքներ Ու Տպաւորութիւններ   «Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Միջշրջանային Ուսանողական-Երիտասարդական Խորհրդաժողովին Մասին
Զաւարեանական

Կարծիքներ Ու Տպաւորութիւններ «Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Միջշրջանային Ուսանողական-Երիտասարդական Խորհրդաժողովին Մասին

Հոկտեմբեր 28, 2025
Զաւարեանական. Մեր Խօսքը
Զաւարեանական

Զաւարեանական. Մեր Խօսքը

Օգոստոս 26, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?