Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յուշեր Մարտունիէն

Յունուար 30, 2020
| Զաւարեանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵԼԻՆ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Գրութիւնս կ՛ուզեմ սկսիլ ապրիլեան պատերազմի մասնակից զինուորի մը յուզիչ բանաստեղծութեան մէջբերումով, որ նուիրուած է զոհուած և կենդանի հերոս ընկերներուն.

«Նորից կռիւ էր մեր Ղարաբաղում, նորից թուրքը մեզ  հանգիստ չէր թողնում  գիշերով  թաքուն  դիրք էր գրաւել, մեր առիւծներին մորթել,  գլխատել… »:

Արցախը նորէն բռնկած է… 2016  թուական… Ապրիլեան պատերազմ…

Անգամ մը եւս Արցախը թիրախ կը դառնայ ազերիի խոշտանգումներուն: Ազերիական բանակին թիւը կը գերադասէր հայ տղոց թիւին, սակայն  քանակը անզօր է, երբ մեր հերոսներուն սիրտն է, որ կը կռուի:

2019 թուականին, երկրորդ անգամ ըլլալով,  մասնակցեցայ ԶՈՄ-ի կազմակերպած «Դէպի Երկիր» ծրագիրին եւ անգամ մը եւս ուղղուեցայ Մարտունի քաղաք:

Հարկ է յիշել, որ Զաւարեան ուսանողական միութեան նպատակներէն մէկը եղած է ամէն տարի գործուղուիլ Հայաստան եւ Արցախ` նպատակ ունենալով.

  1. Հայաստանի եւ Արցախի գիւղերուն ու քաղաքներուն պատանեկան տարիքը չամբողջացուցած երեխաներուն հաճելի մթնոլորտ ստեղծել,
  2. Մթնոլորտին զուգահեռ, այդ երեխաներուն մէջ պատմական, գաղափարական, մշակութային սերմեր ցանել,
  3. Մասնակից ընկերներուն մէջ զօրացնել ազգային ոգին եւ հայրենիքին հանդէպ սէրը, ինչպէս նաեւ` առիթ ընծայել աւելի մօտէն ծանօթանալու Հայաստանին:

Ինչպէս  գիտենք, Մարտունին Ազրպէյճանի հետ սահմանին վրայ գտնուող քաղաք մըն է: Արցախի արեւելեան պարիսպը` Մարտունին, բազմիցս ռմբակոծուած է, սակայն միշտ ուժեղ ու կանգուն մնացած է:

Պիտի փորձեմ հակիրճ կերպով նկարագրել արցախցի պատանիին եւ յատկապէս Մարտունի շրջանի պատանիներէն ստացած տպաւորութիւններս:

Մարտունիի երեխաները ընկերասէր, համեստ, ճարպիկ  պատանիներ են: Երբ անոնց աչքերուն նայէի,  կը  տեսնէի իրենց ապագան, բոլորը  պատրաստ էին ուրախութեամբ ծառայելու իրենց հայրենիքին: Հազիւ 18-ը տարեկանը լրացուցած, անոնք վրիժառու սրտերով պատրաստ են ուղղուելու սահման: Թէկուզ որբ մնացած, հայր  կորսնցուցած` սակայն միշտ ամբողջական Արցախի երազանքով պատրաստ են իրենց երէց հերոսներուն գործը շարունակելու եւ քաջաբար կռուելու` չվախնալով մահէն: Այո՛, պիտի կրկնեմ, արցախցի երեխային համար հերոսները այդ հողի պաշտպանութեան եւ իրենց դատին համար ազատութեան ճանապարհին ինկած նահատակներն են, իսկ անոնց գերագոյն երազը` խաղաղութիւնն ու յաղթանակը: Արցախցի պատանին չունի այլուր գտնուող իրեն տարեկից երեխաներուն երազները կամ հերոսները: Արցախցի պատանին գիտակից է, որ առանց  զոհաբերութեան` չկայ յաղթանակ ու խաղաղութիւն:

Տղայ մը կը պատմէր, թէ ինչպէ՛ս աչքին առջեւ իր ընկերը  կորսնցուցած էր ռումբի մը պայթումէն յառաջացած արկածի  մը իբրեւ հետեւանք, որուն պատճառով բոլոր տղոց մէջ պայքարի ոգին արթնցած էր:

Երբ իրենց կը նայիս, կը զգաս, որ գաղտնօրէն ուխտած են վրէժխնդիր ըլլալ, կը զգաս, որ անոնց խիղճերը հանգստութիւն պիտի չգտնեն, այնքան ատեն որ իրենց ուսերուն կայ զոհուածներու արեան բեռը եւ վրէժխնդրութեան գերագոյն պարտականութիւնը:

Մենք` իբրեւ սփիւռք, պէտք է թիկունք եւ զօրավիգ կանգնինք մեր հերոս եղբայրներուն, նկատի ունենալով, որ անոնք մնայուն կերպով կ՛ապրին  պատերազմական վիճակը, որովհետեւ բաւական ծանր է առանձինն տանիլ այդ բոլորը…

 

Նախորդը

Ինչպէ՞ս Կազմակերպութիւններ Կը Ձախողին

Յաջորդը

«Ուսանողութիւնը Պէտք Է Առաջատար Դառնայ Մեր Գաղափարական Շարժումին Մէջ» Կ՛ըսէ Շահան Գանտահարեան

RelatedPosts

Մեր Խօսքը
Զաւարեանական

Զաւարեանական. Մեր Խօսքը

Յուլիս 2, 2025
Հայապահպանումը Սփիւռքի Մէջ` Փոքր Գործեր, Մեծ Իմաստ
Զաւարեանական

Հայապահպանումը Սփիւռքի Մէջ` Փոքր Գործեր, Մեծ Իմաստ

Յուլիս 2, 2025
Եկեղեցի – Պետութիւն Փոխյարաբերութիւններու Ներկայ Իրավիճակը
Զաւարեանական

Եկեղեցի – Պետութիւն Փոխյարաբերութիւններու Ներկայ Իրավիճակը

Յուլիս 2, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?