Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ինչո՞ւ Հայ Երիտասարդը Անտարբեր Դարձած Է Ազգային Կեանքին Հանդէպ

Փետրուար 29, 2020
| Զաւարեանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՐԱԿ ՏԷՏԷԵԱՆ

Ինչո՞ւ հայ երիտասարդը անտարբեր է գաղութի, ազգի հարցերուն եւ միութենական կեանքի հանդէպ:

Իրողութիւն է, որ հայ երիտասարդին կեանքը այսօր աւելի դժուար դարձած է` նախորդ սերունդներուն հետ բաղդատած: Երիտասարդին համար անյաղթահարելի կը թուին կեանքին դժուարութիւնները: Ան կը ստիպուի մրցակցական ըլլալ համալսարանին մէջ: Դասերէն ետք պիտի աշխատի, որպէսզի կարողանայ իր կրթաթոշակը վճարել, եւ այն ազատ ժամանակը, որ ունի, պիտի չուզէ տրամադրել միութենական աշխատանքներու: Կայ նաեւ երիտասարդութեան փոքր մաս մը, որ յօժարաբար իր ազատ ժամանակը կը յատկացնէ ազգի ծառայութեան: Բայց կարճ ժամանակ մը ետք ինքզինք կը գտնէ միջավայրի մը մէջ, ուր նոր մտածելակերպերու եւ փոփոխութեան առիթներ չկան, եւ կամ այդ առիթները շատ սահմանափակ են:

Այս բոլորին պատճառով երիտասարդը կա՛մ առանց խորանալու կը մտնէ կաղապարուած մտածելակերպերու հոսանքին մէջ եւ կա՛մ ինքզինք յարմար չգտնելով այդ միջավայրին` կը հեռանայ: Այլեւս տեսլական մը չունենալով` երիտասարդը ինքնիրեն հարց կու տայ, թէ ինչո՞ւ այդ գործով պիտի զբաղի տուեալ շրջանակին մէջ:

Երէկուան երիտասարդ սերունդը այսօր չի կրնար նոր տեսլականներ փոխանցել երիտասարդութեան: Երիտասարդութենէն կը պահանջեն նորարարութիւններ` առանց հաշուի առնելու, որ տարիներու ընթացքին մասնակցութեան առիթ չտալով` կաղապարած են այդ սերունդը իրենց հին մտածելակերպերու ու աշխատելաձեւերու մէջ: Անոնք այս բոլոր ներկայացուցածս մէկդի դնելով` երիտասարդութեան կը յանձնեն պահպանողական գաղափարները նորարարութիւններով օժտելու եւ 21-րդ դարու ժամանակակից դարձնելու դժուար աշխատանքը:

Հազուադէպ առիթներով, երբ երիտասարդութիւնը կ՛առաջարկէ նոր միտքեր, որոնք կը համապատասխանեն մեր դարու մտածելակերպին, անոնք կը մերժուին` չհամապատասխանելով աւանդական հասկացողութիւններուն: Եւ երիտասարդութիւնը անգամ մը եւս կը տարուի իր առօրեայով, օրէ օր նահանջի դրօշակը աւելի բարձրացնելով:

Մեր առօրեայ գոյատեւման պայքարին մէջ բազմաթիւ անգամներ կը մոռնանք, որ ապագան ներկային մէջ է, որ կը կազմուի, ուշադրութիւն չենք դարձներ, թէ վաղուան սերունդը այսօր է, որ կը կազմաւորուի:

Ներկայիս, եթէ երիտասարդը պիտի մասնակցի ազգային գործունեայ կեանքին, կը նշանակէ, որ ան անկաշկանդ պիտի ստեղծագործէ: Իրեն պիտի տրուին միջոցներ` ազատօրէն, առանց կաշկանդումի, նոր գաղափարներ մէջտեղ բերելու, առանց հաշիւ տալու անցեալի գաղափարակիրներուն: Պիտի ստեղծուի միջավայր մը, ուր երիտասարդը պիտի գտնէ մասնակցութիւն եւ փոփոխութիւն յառաջացնելու առիթ: Այս առիթը զինք պիտի մղէ սիրայօժարօրէն ժամանակը տրամադրելու այդ գործին:

Եթէ երիտասարդը պիտի զբաղի ազգային հարցերով, այս մէկը կը նշանակէ, որ այդ հարցերուն լուծումներուն մէջ ինք պիտի ըլլայ լուծում առաջարկող, եւ այնպէս մը պիտի չըլլայ, որ նախկին սերունդին յատնաբերած լուծումները անոր պարտադրուելով` իր միակ պարտականութիւնը ըլլայ զանոնք իրականացնել: Երիտասարդը ազատ պէտք է զգայ իր գաղափարները արտայայտելու, խօսելու, հակազդելու նախկին մտածելակերպին եւ մնալու կաղապարէ դուրս, որպէսզի կարենայ նոր գաղափարներ ու նոր ուղիներ մէջտեղ բերել:

Մեզի համար պէտք է առաջնահերթութիւն ըլլայ ստեղծել այս միջավայրը եւ ամէն գնով պահպանել զայն, որպէսզի երիտասարդը չդառնայ ոչ գործունեայ` ապարդիւն տեսնելով փոփոխութեան համար պայքարը եւ աշխատանքը: Մենք կը գտնուինք դժուար որոշումներու առջեւ` կա՛մ գործօն ըլլալու առիթը տալ երիտասարդութեան` մէկ կողմ դնելով նախորդ սերունդներու գործելակերպերը, կարծրատիպ դարձած անփոփոխ մօտեցումներն ու գործելաձեւերը եւ նետուիլ 21-րդ դար, եւ կա՛մ մտնել դանդաղ նահանջին մէջ, որմէ ետք արդէն  ուշ պիտի ըլլայ ետդարձը:

Մենք` որպէս երիտասարդութիւն, պարտականութիւն ունինք պայքարելու այդ փոփոխութիւններուն համար, յառաջ բերելու նոր մտածելակերպեր, որոնք կ’արձագանգեն այսօրուան երիտասարդութեան միտքերը եւ կ’ապահովեն գալիք սերունդի առողջ ու արդիւնաւէտ յառաջընթացը: Առաջին փոփոխութիւնը մենք մեր ուսերուն առնելով`  պատրաստ պիտի ըլլանք փոխուելու եւ ձերբազատելու մեզի պարտադրուած անցեալի մտածելակերպէն եւ անցնինք յառաջ:

 

Նախորդը

«Մեր Գործունէութիւնը Լոպիինկի Հողի Վրայ Շարունակուելու Է Նոյն Կերպ, Ով Էլ Լինի Իշխանութեան»

Յաջորդը

Սո՞ւգ, Թէ՞ Պայքար

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Զաւարեանական

Զաւարեանական. Մեր Խօսքը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Կարծիքներ Ու Տպաւորութիւններ   «Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Միջշրջանային Ուսանողական-Երիտասարդական Խորհրդաժողովին Մասին
Զաւարեանական

Կարծիքներ Ու Տպաւորութիւններ «Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Միջշրջանային Ուսանողական-Երիտասարդական Խորհրդաժողովին Մասին

Հոկտեմբեր 28, 2025
Զաւարեանական. Մեր Խօսքը
Զաւարեանական

Զաւարեանական. Մեր Խօսքը

Օգոստոս 26, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?