«Խաչիկ Պապիկեան» Միջաշակերտական Մրցանքները Սկիզբ Առին
Շաբաթ, 16 մարտ 2019-ի յետմիջօրէին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ սկիզբ առաւ 2018-2019 տարեշրջանի «Խաչիկ Պապիկեան» մրցանքներու տասներորդ տարուան առաջին մրցանքը` ասմունքի Ա. փուլը` մասնակցութեամբ 45 աշակերտներու: Ասմունքի Բ. եւ եզրափակիչ մրցանքը տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, 6 ապրիլին: Ինչպէս ծանօթ է, մրցանքները կ՛ընդգրկեն երեք մարզեր. ա.- Հայոց լեզու եւ գրականութիւն: բ.- Հայոց պատմութիւն, հայ մշակոյթ եւ կրօն:...




















