Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեսրոպեանի Առօրեայէն . Մեսրոպեան Վարժարանը Ստացաւ Սրտի Անակնկալ Կաթուածէ Մահացութեան Կանխարգիլման Թանկարժէք Սարք Մը` «ԵՈՀԱՆ» Կազմակերպութենէն

Մարտ 6, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

13 փետրուար 2019-ին Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը «ԵՈՀԱՆ» կազմակերպութենէն ստացաւ թանկարժէք եւ վարժարանի աշակերտութեան ու անձնակազմին առողջական ապահովութեան համար կարեւոր նուէր մը` սրտի անակնկալ կաթուածներու պարագային մարդկային կեանքը փրկելու նպատակով ստեղծուած AED (Automated External Defibrillator) սարքաւորումը:

Նուէրը վարժարանին յանձնուեցաւ կազմակերպութեան համահիմնադիր տոքթ. Ռիթա Չուխատարեան-Հարունիին եւ Պէյրութի «Լայընզ քլապ»-ի ներկայացուցիչներուն կողմէ: Այս առիթով կայացած հանդիպումին Մեսրոպեանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ մեծ գոհունակութիւն արտայայտեց վարժարանին եւ նշեալ կազմակերպութիւններուն միջեւ գործակցութեան համար, որ կու գայ էապէս նպաստելու առողջապահութեան մասին աշակերտներու գիտակցութիւնը զարգացնելու առաքելութեան:

«ԵՈՀԱՆ»-ի համահիմնադիր տոքթ. Ռիթա Հարունի իր հերթին դիտել տուաւ, որ կազմակերպութեան նպատակները իրականացնելու գործին մէջ Մեսրոպեանը ցոյց տուած է իտէալական մասնակցութիւն: Մօտ երկու շաբաթ առաջ Մեսրոպեանի բարձր դասարաններու աշակերտները եւ ապա անձնակազմի խումբ մը անդամներ մասնակցեցան սրտի անակնկալ կաթուածներու մասին դասախօսական եւ վարժողական դասընթացքներու:

Հանդիպումին ընթացքին AED  սարքաւորման արհեստագէտը բացատրեց անոր օգտագործման կանոնները: Սոյն սարքաւորումը կ՛աշխատի ինքնագործ եւ օգտագործողին համար չափազանց պարզ եղանակով, հնարաւոր դարձնելով փրկել  սրտի անակնկալ կաթուածի ենթարկուած ոեւէ անձի կեանքը`  վայրկեաններու ընթացքին: Արհեստագէտը տեղեկացուց, որ վերջերս այս գործիքին շնորհիւ կարելի եղած է փրկել ուսանողի մը կեանքը` լիբանանեան համալսարաններէն մէկուն մէջ:

Հանդիպումի աւարտին վկայականներ շնորհուեցան Մեսրոպեանի անձնակազմի այն անդամներուն, որոնք նախապէս մասնակցած էին սրտի անակնկալ կաթուածներու պարագային առաջին օգնութեան «ԵՈՀԱՆ»-ի կազմակերպած դասընթացքին:  Մեսրոպեանը եղաւ լիբանանեան 18-րդ դպրոցը, որ անոնց կողմէ կը ստանայ AED սարքաւորումը` իբրեւ նուէր:

Մեսրոպեան Վարժարանը Եւ Institut Français-ը Կ՛որոշեն Զարգացնել Գործակցութիւնը

Ֆրանսական պետութեան հովանիի տակ գործող Institut Français-ի Լիբանանի գրասենեակի բարձրաստիճան պաշտօնատարներ Տամիեն Կիւյար եւ Ռաշիտա Տիւմա սոյն թուականի փետրուար 15-ին ծանօթացման եւ աշխատանքային այցելութիւն մը կատարեցին Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան` տնօրէնութեան հետ քննարկելու համար կողմերուն միջեւ գործակցութեան շարք մը ծրագիրներ, որոնք սկիզբ առած էին քանի մը տարի առաջ:

Նշեալ գործակցութեան ծիրին մէջ Institut Français-ը յառաջիկայ ամիս նախատեսուած յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին Մեսրոպեան վարժարանին պիտի շնորհէ CELF Certificat լlռmentaire de Langue Française վկայագիրը, որուն համար անցած տարիներուն վարժարանի նախակրթարանի եւ միջնակարգի աշակերտները յանձնեցին համապատասխան քննութիւնները` փայլուն յաջողութիւններով:

Մեծ կարեւորութիւն մը ունեցող այլ ուղղութեան մը վրայ Մեսրոպեան վարժարանը պիտի սկսի նախապատրաստուիլ ֆրանսական պաքալորէան ներառելու իր կրթական ծրագրին մէջ, այնպիսի դրութեամբ մը, որ ֆրանսական կառավարութեան համապատասխան մարմինները ուղղակիօրէն ներգրաւուած ըլլան ծրագրի գործադրութեան:

Այցելութեան ընթացքին Մեսրոպեանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ բարձրաստիճան հիւրերուն ծանօթացուց 80-ամեայ հաստատութեան պատմութիւնը, կառավարման դրութիւնը եւ գործադրուող ու ապագայի կրթական ծրագիրները: Շրջելով վարժարանի տարբեր բաժանմունքները, ծանօթանալով անոր ֆիզիքական ու կրթական ենթակառուցուածքին ու հաղորդակցելով աշակերտութեան եւ ուսուցիչներու  հետ` Institut Français-ի պատասխանատուները վկայեցին, որ վարժարանը յաջողած է ստեղծել անհրաժեշտ բոլոր հիմքերը, որպէսզի իրենց ներկայացուցած հիմնարկին հետ գործակցութիւնը զարգանայ` ի խնդիր աշակերտներու բարձրակարգ կրթութեան:

 

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Թեզէի Երիտասարդական Հաւաք` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?