Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կայացաւ Վաղամեռիկ Ուսուցչուհի Շողիկ Հանտեանի Յիշատակին Ասմունքի Տարեկան Մրցումը

Մարտ 12, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին մէջ կայացաւ վաղամեռիկ ուսուցչուհի Շողիկ Հանտեան-Խաչերեանի յիշատակին նուիրուած ասմունքի համանուն մրցումը` մասնակցութեամբ նախակրթարանի աշակերտներուն: 6 մարտ 2019-ին «Յովհաննէս Պօղոսեան» սրահին մէջ կայացած մրցումին ներկայ էին ծնողներ եւ տիկին Շողիկին հարազատները:

Մրցումը կայացաւ Ուսուցչաց տօնի հանդիսութիւններու ծիրին մէջ. հաշուի առնելով, որ տարին կը զուգադիպի «Ամենայն հայոց բանաստեղծ» Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150-ամեակին, նախակրթարանի հայերէնի ուսուցիչները մասնակիցներուն համար ընտրած էին անոր հեղինակութեամբ քերթուածներ: Մրցումին մասնակցեցան 5-6-րդ դասարաններու 12 աշակերտներ, որոնց բոլորին ալ կատարումներուն մէջ նկատելի էր լուրջ պատրաստուածութիւնը: Դատական մարմինը, որուն անդամ էին յայտնի ասմունքող Անի Եփրեմեան, բեմադրիչ Վազգէն Մուղալեան եւ վարժարանի ուսուցիչ Վաչէ Թազեան, առաջին մրցանակը շնորհեցին 6-րդ դասարանի աշակերտո Արտա Ներսէսեանին: Գեղարուեստական մասով ելոյթ ունեցան վարժարանի «Ծիծեռնակ» երգչախումբը` ղեկավարութեամբ Մանուէլ Քէշիշեանի, եւ երեք աշակերտներ` դաշնամուրի վրայ:

Հանդիսութեան ընթացքին խօսք առին նախակրթարանի պատասխանատու Սալբի Մուղալեան, դատական մարմինի ներկայացուցիչ Ա. Եփրեմեան, հանգուցեալ Շողիկ Հանտեանի եղբայրը` Յակոբ Հանտեան եւ հուսկ` Մեսրոպեանի տնօրէն  Կրէկուար Գալուստ: Անոնց խօսքերուն մէջ տիրական միտքը այն էր, որ նման միջոցառումները կու գան փաստելու, որ վաղամեռիկ ուսուցչուհիին ոգին կենդանի է Մեսրոպեան վարժարանի մէջ, եւ անոր ցանած սերմերը օր օրի կ’աճին այն գաղափարներով, որոնց ծառայեց ան երկար տարիներ` հաւատքով, անձնուիրաբար եւ ձեռնհասօրէն: Մեսրոպեան վարժարանին աշակերտները հայերէնի մէջ իրենց ջանասիրութեամբ իրենք է, որ մեծագոյն մեծարումը կը կատարեն տիկին Շողիկին եւ անոր վաստակին ու կ’անմահացնեն անոր յիշատակը` վարժարանին մէջ:ծեռնակ» երգչախումբը` ղեկավարութեամբՄանուէլ Քէշիշեանի, եւ երեք աշակերտներ` դաշնամուրի վրայ:

Նախորդը

«Կեցցէ Հայաստան» Ծրագիրը Պրազիլիական Փառատօնին 3-րդ Տեղը Գրաւած Է

Յաջորդը

Վարդանանց Տօնակատարութիւնը Սրբոց Հռիփսիմեանց Բարձրագոյն Վարժարանին Մէջ

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?