Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Միացեալ Վարժարանի Աշակերտները Տարբեր Ոճով Տօնեցին Բարեկենդանը

March 4, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Բարեկենդան, բարեկենդան,

Բարով հասնինք Սուրբ Յարութեան:

Բարեկենդանի տօնի նախօրեակին Ազգային միացեալ վարժարանի նախակրթարանի աշակերտները ուրբաթ, 1 մարտ 2019-ին դպրոց ներկայացան  ծպտուած` հայկական եւ ձեռային աշխատանքներով պատրաստուած տարազներով: Աշակերտներուն կը սպասէր տարբեր օր մը: Անոնք յատուկ այցելութիւններով պիտի նշէին Բարեկենդանի տօնը, պիտի շրջէին Պուրճ Համուտի Արաքս փողոցը, Մարաշ թաղը եւ Ամանոսի շրջանը:

Առաւօտեան զբօսանքէն ետք աշակերտները բաժնուեցան չորս խումբերու, անոնց ընկերացան վարժարանի Տնօրէն խորհուրդի անդամները եւ ուսուցիչները: Առաջին խումբը  այցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ  Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետին: Վեհարանին մէջ անոնք ստացան հայրապետին օրհնութիւնը, ներկայացուցին Բարեկենդանի եւ Վարդանանցի յատուկ արտասանութիւններ:

Երկրորդ խումբը ուղղուեցաւ Ազգային առաջնորդարան: Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արք. Ալեմեզեան  ընդունեց աշակերտները, լսեց անոնց սորված ոտանաւորները, երգերը ու, որպէս նուէր, անոնց նուիրեց խաչեր:

Երրորդ խումբը այցելեց «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ գտնուող հայկական երեսփոխանական գրասենեակ: Երեսփոխանական պլոքի գրասենեակին մէջ աշակերտները դիմաւորեց պետական երեսփոխան  եւ ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի: Աշակերտական խումբը երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիին բացատրեց այցելութեան նպատակն ու բնոյթը: Բագրատունի քաջալերեց աշակերտները եւ յաջողութիւն մաղթեց անոնց:

Վերջին խումբը ուղղուեցաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարան, ուր ներկայ էր եւ աշակերտները ընդունեց Պուրճ Համուտի փոխքաղաքապետ` Մարտիկ Արսլանեանը:

Այցելութիւններուն աւարտին աշակերտները հիւրասիրեցին իրենց հետ տարած հայկական չէօրէկը: Ապա ճամբուն ընթացքին մտան վաճառատուները, հիւրասիրեցին հոն գտնուողներն ու անցորդները համեղ քաղցրեղէնով: Անոնք ժողովուրդին ցրուեցին նաեւ Բարեկենդանի խորհուրդը բովանդակող թերթիկներ:

Աւանդութիւնները պահելու եւ սերունդէ սերունդ փոխանցելու պարտականութիւնը աւարտած, խումբերը դպրոց վերադարձան գոհունակ: Դպրոցէն ներս վերջին դասապահերուն խմբուեցան եւ միասնաբար շարունակեցին Բարեկենդանի տօնը:

Բարի Բարեկենդան բոլորին:

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (4 Փետրուար 1969)

Յաջորդը

Պաղեստինա-Իսրայէլեան Հակամարտութեան Վերջին Զարգացումները

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

May 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.