Շաբաթ, 16 մարտ 2019-ի յետմիջօրէին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ սկիզբ առաւ 2018-2019 տարեշրջանի «Խաչիկ Պապիկեան» մրցանքներու տասներորդ տարուան առաջին մրցանքը` ասմունքի Ա. փուլը` մասնակցութեամբ 45 աշակերտներու: Ասմունքի Բ. եւ եզրափակիչ մրցանքը տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, 6 ապրիլին:
Ինչպէս ծանօթ է, մրցանքները կ՛ընդգրկեն երեք մարզեր.
ա.- Հայոց լեզու եւ գրականութիւն:
բ.- Հայոց պատմութիւն, հայ մշակոյթ եւ կրօն: Այս տարին մամուլին նուիրուած ըլլալով` կարեւոր բաժին մըն ալ յատկացուած է հայկական տպագրութեան եւ մամուլին:
գ.- Ասմունք:
Մրցանքները տեղի կ՛ունենան երկու մակարդակով` միջնակարգ եւ երկրորդական:
23 մարտին Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ հայոց լեզուի եւ գրականութեան մրցանքը, իսկ 30 մարտին` հայոց պատմութեան մրցանքը:
Այս տարուան մասնակիցներուն ընդհանուր թիւն է 118, իսկ մասնակից դպրոցներունը` 17:
ԿՐԹԱԿԱՆ-ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔ