Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԱՀԱԵ Միութիւն. Մեծարանքի Հանդիսութիւն Վաստակաւոր Կրթական Մշակներու

March 21, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Մշակը արժանի է իր վարձքին» (Ղուկաս 10.7):

Մերձաւոր Արեւելքի հայ աւետարանական միութեան Կեդրոնական մարմինին հովանաւորութեամբ եւ Լիբանանի Հայ աւետարանական կրթական խորհուրդին նախաձեռնութեամբ, կիրակի, 10 մարտ 2019, երեկոյեան ժամը 5:00-ին Հայ աւետ. Ա. եկեղեցիին մէջ տեղի ունեցաւ մեծարանքի հանդիսութիւն եւ շքադրում վաստակաւոր կրթական մշակներու` իրենց երկարամեայ ծառայութեան առիթով:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, Հայ աւետ. կրթական խորհուրդի ատենապետ դոկտ. Արտա Էքմեքճի (նախ հայերէն, ապա` արաբերէն) ողջունեց ներկաները, եւ յիշեցուց, որ 1970-էն ի վեր, 144 ուսուցիչներ ոսկիէ մետալներով եւ գնահատագրերով պարգեւատրուած են:

Վեր. Հրայր Չոլագեանի Աստուածաշունչի ընթերցումին եւ աղօթքին յաջորդեց Սելի Սարգիսեանի դաշնամուրի վրայ նուագը («Տուն իմ հայրենի», Արաբօ Իսպիրեան): Որմէ ետք կրթական գործավար Ռոզեթ Ալեմեան-Մահսերեճեան ներկայացուց օրուան բանախօս, Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վահագն Աթաբեկեանը, որ ըսաւ. «Ինծի համար հպարտութիւն է, որ ծնողներս եղել են ուսուցիչ: Ու մենք, երբ դարեր շարունակ չենք ունեցել հայրենիք, ունեցել ենք մէկ ուսուցիչ, որ Այբ Բեն Գիմ-ը սովորեցրել է ու պահել մեր ժողովուրդը: Մուշեղ Իշխան ասել է. «Հայոց լեզուն, ուր որ ալ խօսուի, հոն Հայաստանն է»: Դուք ձեր դպրոցների եւ ուսուցիչների միջոցով կրթութիւն ջամբել էք ու սիրել տուել էք Հայաստանը: Թանկագի՛ն ուսուցիչներ, իւրաքանչիւրդ տուել էք ձեր ամենաթանկ բանը` գիտելիքը եւ սիրտը: Առանց սրտի` կրթութիւնը ամբողջական չի լինի: Իսկ ի զուր չէ, որ «կիրթէ» բառը հնդեւրոպական արմատ ունի, որ սիրտ կը նշանակէ: Շնորհաւորում եմ ձեզ` կրթութիւն ու սէր տալու ձեր աշխատանքին մէջ: Սփիւռքահայ ուսուցիչների առաքելութիւնն իրականում կրկնակի ծանր է, աշխատելով որպէս մանկավարժ, միաժամանակ նրանք իրենց ուսերին կրում են համայնքի խնդիրների դժուար բեռը` ծառայելով հայապահպանութեան նպատակին: Այնպէս որ, Լիբանանում եւս ամէն օր կարելի է խոնարհուել ձեր ծառայութեան համար, նաեւ` նշել ուսուցչի օրը»:

Այնուհետեւ Դալար Հայտոսթեան եւ Մինաս Ադամեան երգեցին հոգեթով աղօթք մը` «Carole Bayer Sager» (David W. Foster)` դաշնակի ընկերակցութեամբ Արէն Տէյիրմենճեանի եւ ջութակի` Կարին Հայտոսթեանի:

Ապա ՄԱՀԱԵ միութեան նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան արտասանեց միութեան խօսքը. «Ուսուցչութիւնը նուիրական եւ ամենակարեւոր ծառայութիւնն է, որուն գերագոյն նպատակն է «մարդ պատրաստել», այսօրուան դեռատի սերունդին տալ այն, ինչ որ անհրաժեշտ է անոր վաղուան կեանքին համար` գիտութիւն, բարոյական արժէքներու ճանաչում եւ իւրացում եւ հաւատք` մարդկային հաւասարակշռուած կեանքի համար: Այլ խօսքով, ապահովել մարդուն մտքին ու հոգիին պատրաստութիւնը` արժանի լրջութեամբ եւ արդիւնաւորութեամբ դիմակալելու կեանքը իր բոլոր երեսներով:

Նուիրական այս գործը, սակայն, նկատուած է ասպարէզներու ամէնէն ապերախտը: Այս գործին լծուած նուիրեալները ամէնէն քիչ գնահատուած մարդիկը կը սեպուին: Ասոր պատճառը այն է, որ անոնց աշխատանքին գնահատումը տեսանելի եւ անմիջական չէ` շատ յաճախ: Իր նուիրական ծառայութեան համար ուսուցիչը չի վարձատրուիր շօշափելի նիւթականով. քանի՞ ուսուցիչ նիւթապէս հարստացած է արդեօք, իր ուսուցչական ասպարէզին բերմամբ: Նաեւ` նուիրական իր այս ծառայութեան բարոյական գնահատումը միշտ ալ ուշացած է, աշակերտներ ընդհանրապէս հասուն տարիքի հասնելէ ետք է, որ կը գիտակցին իրենց ուսուցիչին կատարածին եւ իրական վաստակին, եւ ոչ` աշակերտութեան շրջանին:

Միւս կողմէ, իր աշխատանքին կարեւորութեան գիտակից, ուսուցիչը կու տայ իր ժամանակը, գիտելիքը, կու տայ իր հոգիէն, որպէսզի աշակերտը տեսնէ ի՛ր իսկ կարելիութիւնները եւ կարենայ զանոնք օգտագործել կեանքին մէջ` կեանքին որակին համար: Եւ այս իրականութիւնը գերագոյն գոհունակութիւն կու տայ ուսուցիչին իր ծառայութեան մէջ»:

Գնահատական ջերմ խօսքերէն ետք պահը եկած էր շքադրումի եւ գնահատագրերու յանձնումին, որ կատարուեցաւ ձեռամբ` ՄԱՀԱԵ միութեան նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի, դեսպան Վահագն Աթաբեկեանի, Կեդրոնական մարմինի ատենապետ վեր. Րաֆֆի Մսըրլեանի եւ Կրթական խորհուրդի ատենապետ դոկտ. Արտա Էքմեքճիի:

Երկարատեւ ծափողջոյններու ներքոյ, Լիբանանի մէջ գործող հինգ հայ աւետարանական վարժարաններէն 19 ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ պարգեւատրուեցան իրենց երկարամեայ ծառայութեան համար:

Գեղարուեստական յայտագիրը շարունակուեցաւ. Մինաս Ադամեան իր թաւշեայ ձայնով ներկաները յուզեց` երգելով Գուսան Շահէնի «Անցայ, գնացի» երգը (դաշնամուրի ընկերակցութեամբ` Արէն Տէյիրմենճեանի):

Շքադրուող ուսուցիչներու կողմէ հայերէնով սրտի խօսք արտասանեց Նազիկ Քեչեճեանը: Ան ըսաւ. «Ուսուցչական ասպարէզին մէջ ամէն օր կը գտնուինք տեսակաւոր մարտահրաւէրներու դիմաց: Երբեմն կը յուսահատինք` անմիջական փոփոխութիւններ չտեսնելով, կ՛ըսեն` ապերախտ ասպարէզ է, բայց մենք հաւատքով կը շարունակենք` հաստատ գիտակցելով, որ ցանուած հունտերը անպայման պիտի ծլին ու պտղաբերեն:

«Այս բոլոր դժուարութիւններուն առընթեր, մենք` ուսուցիչներս, ուրախ ենք, որ փորձառութեամբ միշտ կը յառաջդիմենք, շրջահայեաց ենք եւ կը սորվինք մղել աշակերտները  իրենց քննադատական մտածելակերպը զարգացնելու, սորվելու եւ ըլլալու ստեղծագործ: Երբ ուսուցիչը կը սիրէ իր աշխատանքը եւ իր աշակերտը, անիկա կ՛ըլլայ կատարեալ ուսուցիչ»:

Արաբերէն շնորհակալական խօսքին մէջ Հելեն Ապու Ռըժէյլի վեր առաւ ուսուցիչներու քրտնաջան աշխատանքը եւ ընդգծեց նոր սերունդներ դաստիարակելու առաքելութեան կարեւորութիւնը:

Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի օրհնութեան աղօթքով: Ապա շքադրուողները եկեղեցիի մուտքին ընդունեցին ներկաներու շնորհաւորանքները:

Այս առիթով շքադրուեցան հետեւեալ ուսուցիչները.

Ադամ Թազեան, Անի Ումուտեան, Գայեանէ Թիւնպերեան-Մսըրլեան, Թագուհի Պալեան-Սարգիսեան, Թամար Ներսէսեան-Պագալեան, Լենա Սահակեան, Լէյլա Տարուիշ, Լինա Ապու Ռըժէյլի-Թիւնպերեան, Ծովիկ Հանտեան-Պետրոս, Հելեն Ապու Ռըժէյլի, Մահտի Հիլլանի, Մարլեն Քէօշէեան-Քիւչիւքեան,  Յասմիկ Պաաքլինի-Պոյմուշաքեան, Նազիկ Նաճարեան-Քեչեճեան, Պիսար Խալիֆէ, Սալբի Ապրիլեան-Անուշաւանեան, Սօսի Գարայեան-Այնթապլեան, Վիգէն Տիշչեքենեան եւ Հայկ Գազանճեան:

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (21 Մարտ 1969)

Յաջորդը

«Թրի Քիսըս Աֆ Տը Քոպրա» (Three Kisses Of The Cobra)

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.