Կազմակերպութեամբ Այնճարի քաղաքապետական խորհուրդին, ուրբաթ, 8 մարտ 2019-ին, առաւօտեան ժամը 11:00-ին Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ «Գ. Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Կիներու միջազգային օրուան նուիրուած տօնակատարութիւն:\
Բացման խօսքով Զուարթ Քէշիշեանը ողջունեց ներկաները եւ ընդհանուր ծանօթացում մը կատարեց «Կիներու տօն»-ի պատմական ծագումին, ապա ըսաւ. «Կիները կեանքի շարժիչ ուժը, ընտանիքի հիմքն ու յենասիւնն են, մանաւանդ հայ կինը մեր ազգի յենարանն է, որ իր նուիրուածութեամբ, սիրոյ եւ անձնազոհութեան շնորհիւ` միշտ վառ պահած է հայկական օճախի կրակարանը, ինչպէս նաեւ պահպանած է աւանդութիւններն ու արժէքները»: Ան իր խօսքը ուղղելով կիներուն եւ աղջիկներուն` ըսաւ. «Գարնան արեւուն նման կը տաքցնէք ձեր ընտանեկան օճախները, գարնան բուրումնաւէտ ծաղիկներու նման գեղեցիկ, հմայիչ, նուրբ ու քնքուշ էք դուք, տարուան բոլոր եղանակներուն միշտ կը բերէք գարուն, միշտ մնաք շրջապատուած մարդոցմով, որոնք գիտեն գնահատել, սիրել ու յարգել ձեզ, ժպիտը թող անպակաս մնայ ձեր դէմքերէն, ըլլաք առողջ ու երջանիկ»:
Գեղարուեստական յայտագրի առաջին բաժինով ելոյթ ունեցաւ Նժդեհ Պոտրումեանը` «Նազանի», «Թռչէի մտքով տուն» եւ «Ախպերս ու ես» երգերով: Պարոյր Սթամպուլեանը ասմունքեց «Տատրագոմի հարսը», ապա Շաղիկ Հապէշեանը, Լիլիթ Աբրահամեանը եւ Դանիէլ Գժտրեանը նուագարաններով մեկնաբանեցին «Մեր սիրոյ աշունը», «Երազ» եւ «Կռունկ» երգերը:
Այնուհետեւ յաջորդաբար բեմ հրաւիրուեցան Վարուժան արք. Հերկելեանը, Աշոտ Ա. քհնյ. Գարագաշեանը, օրուան բանախօս դոկտ. Մարալ Թիւթէլեան-Կիտանեանը, Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեանը` արտասանելու իրենց սրտի խօսքերը: Նախ խօսք առաւ Աշոտ Ա. քհնյ. Գարագաշեանը` շնորհաւորելով բոլորը Կիներու միջազգային տօնին ուրախ առիթով եւ հակիրճ ակնարկով մը անդրադարձաւ գիւղի հիմնադրութեան առաջին դժուար օրերուն ժողովուրդի կրած դժուարութիւններու եւ մանաւանդ մայրերուն, օրիորդներուն կրած չարչարանքներուն, երբ կիները միշտ նեցուկ կանգնած են իրեց ամուսիններուն եւ ձեռք-ձեռքի ու սիրտ-սրտի տալով` անոնց հետ պահած են իրենց ընտանիքներն ու Այնճարը: Իր խօսքին մէջ ան յիշեց նաեւ անցեալի աւադութիւններէն բարեկենդանը, երբ գիւղի կիներն ու օրիորդները առաւօտեան կը հաւաքուէին գիւղին հրապարակը` երգերով ու պարերով, աւանդական համեղ ուտելիքներու պատրաստութեամբ, հաճելի եւ ճոխ մթնոլորտի մը մէջ կը պահէին գիւղին հարազատութիւնը: Այս ծիրին մէջ ան խնդրեց միութիւններէն, որ վերակենդանացնեն անցեալի աւանդութիւնները:
Դոկտ. Մարալ Թիւթէլեան-Կիտանեանը իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Մենք հաւասար իրաւունքներ պէտք է ունենանք, սակայն իւրաքանչիւր դասակարգ ունի իր յատուկ տեղը, յատուկ պարտականութիւններն ու կարելիութիւնները, եւ այդպիսով է, որ տէր եւ տիկին, հայր ու զաւակ, աղջիկ եւ տղայ զիրար կ՛ամբողջացնեն»: Յիշելով իր տիպար հանգուցեալ մայրը` ան ուզեց օրուան պարգեւը իր մօր հոգւոյն նուիրել:
Այնուհետեւ խօսք առաւ Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեանը եւ ըսաւ. «Անցեալ տարի, երբ ներկայ էի ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի «Կիներու տօն»-ի ձեռնարկին, յայտարարեցի, որ յաջորդ տարի մարտ 8-ը պիտի ոգեկոչենք քաղաքապետութեան կազմակերպութեամբ, ու այսօր ուրախ եմ, որ մեր խոստումին տէրը եղանք: Կինը այն չէ, որ մենք կը տեսնենք այս սրահին մէջ, այլ տեսնենք զինք, թէ հոս գալու համար իր պատրաստութեան ընթացքին ի՛նչ փուլերէ անցած է կատարելով իր տնային պատրաստութիւնները: Ընտանիքի պարզ անդամ չէ ան, պարզապէս տան ճաշ պատրաստող կամ լուացք ընողը չէ ան, այլ նախ եւ առաջ իր ամուսնոյն կողքին ըլլալով ու հարկ եղած պարագային բոլոր պարտականութիւնները կատարելու պատրաստակամութեամբ, ընտանիքին համար բարօր կեանք ապահովողն է»: Շարունակելով խօսքը` ան ըսաւ. «Կինը դաստիարակն է, տունէն ներս հիւանդապահն է, տաք շունչն ու յոյսն է, կինը տան տնտեսն ու սիւնն է: Հայ կնոջ յատուկ է բարութիւնն ու ջերմութիւնը, հմայնքն ու նրբութիւնը, համբերութիւնն ու հանդուրժողականութիւնը, միեւնոյն ժամանակ` աշխատասիրութիւնն ու պատասխանատուութիւնը եւ պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը, աւանդապաշտութիւնը, խոհեմութիւնն ու հաւատարմութիւնը: Մարդկային այս բարձր որակներն ալ օգտակար կը հանդիսանան, որ կիները թէ՛ ընտանիքի եւ թէ՛ աշխատանքի մէջ դառնան վստահելի ընկերներ ու աջակիցներ»: Ան շնորհաւորելով ներկայ բոլոր մամիկներուն, տիկիններուն եւ օրիորդներուն տօնը, հրաւիրեց գիւղի մէջ գործող կնոջական բոլոր միութեանց ներկայացուցիչները եւ յատուկ գնահատագիրներ յանձնեց անոնց:
Յատուկ յուշանուէր մը յանձնեց դոկտ. Մարալ Թիւթէլեան-Կիտանեանին, որ իր հերթին յատուկ նուէր մը յանձնեց քաղաքապետին: Աւարտին բեմ հրաւիրուեցաւ գիւղի վաստակաւոր ուսուցիչներէն, հարիւրաւոր սերունդներու մայրութիւն ըրած Վերգինէ Այնթապլեանը եւ քաղաքապետութեան շքանշանով մը պարգեւատրուեցաւ տօնական այս ուրախ հանդիսութեան առիթով:
Աւարտին Վարուժան արք. Հերկելեան խօսք առաւ ու անդրադառնալով Մարիամ Աստուածածնին` ըսաւ. «Իր հաւատարմութեամբ, հնազանդութեամբ, բարեսիրութեամբ, մարդասիրութեամբ եւ իր սիրով դարձաւ աշխարհի ամէնէն ներկայանալի եւ միշտ յիշուող կինը: Ան յարգուած է ոչ միայն քրիստոնէական աշխարհին մէջ, այլ նաեւ` տարբեր կրօններու ու յատկապէս իսլամական կրօնին մէջ»: Ապա ան ներկայացուց ստեղծագործող հայ մայրն ու կինը եւ պահանջեց ներկաներէն հոգատար ըլլալ` ունենալու համար առողջ ընտանիք եւ առողջ հայրենիք:
Գեղարուեստական երկրորդ բաժինով ելոյթ ունեցաւ երգչուհի Քլարա Ալիխանեան-Ադամեանը, ապա Իրմա Տէտէեանը ասմունքնով դիւթեց ներկաները: Աւարտին Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարանի աշակերտուհիները բեմը ծաղկեցուցին հայկական յատուկ նազպարով մը:
Ձեռնարկի աւարտին ներկայ կիները հիւրասիրուեցան պահքի աւանդական ուտելիքներով եւ ստացան յատուկ ծաղիկներ` քաղաքապետութեան կողմէ եւ իրարու շնորհաւորանքներ փոխանակելով` մեկնեցան իրենց տուները: