Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼՕԽ-ի Առողջապահական Յանձնախումբ. Սարին Շէկեան Ներկայացուց «Առօրեայ Սննդականոնի Գործնական Թելադրանքներ Եւ Խորհուրդներ» Նիւթը

Մարտ 7, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին կազմակերպած դասախօսական շարքի եօթներորդ դասախօսութիւնը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 20 փետրուար 2019-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին: Օրուան նիւթն էր` «Առօրեայ սննդականոնի գործնական թելադրանքներ եւ խորհուրդներ»:

ՀՕՄ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսք կատարեց տոքթ. Սիրուն Վարդապետեանը: Ան ըսաւ, որ մարդուն կեանքը մէկ անգամ կը տրուի եւ հարկ է պայքարիլ առողջ եւ ուրախ ապրելու համար: Ըստ վիճակագրութեան, մարդ կրնայ հարիւր տարի ապրիլ, սակայն սեփական մարմնի նկատմամբ անխնայ վերաբերումը այդ տարիները կը պակսեցնէ: Տոքթ. Սիրուն Վարդապետեանը յայտնեց, որ ժամանակն է համոզուելու, որ մեր հիւանդութիւններուն պատճառը մեր առօրեայ սննդառութիւնն է: Սնունդի ճիշդ ընտրութիւնը եւ անոր պատրաստման եղանակի իմացութիւնը կ՛օգնէ մեր առողջութեան պահպանման եւ երկար ապրելուն: Ան նշեց, որ մեր մարմնի ֆիզիքական էութիւնը մեծ չափով կ՛ազդուի մեր ուտելիքէն եւ անկէ կախեալ է` «Ըսէ, ի՞նչ կ՛ուտես ըսեմ, թէ ո՛վ ես» խօսքը: Տարեկան հարիւրաւոր գիրքեր կը հրատարակուին սննդականոնի եւ յաւելեալ ծանրութենէ ձերբազատելու մասին: «Ինչպէ՞ս ընտրել սնունդը», «ինչպէ՞ս կը մարսուի մեր սնունդը», «որքա՞ն ուտել», «ինչպէ՞ս ուտել», «ինչո՞ւ կը նիհարնանք», «ինչո՞ւ կը գիրնանք». հարցադրումներ են, որոնց պատասխանելու եւ դասախօսելու համար ան հրաւիրեց սննդագէտ Սարին Շէկեանը:

Սարին Շէկեանը ներկաներուն ըսաւ, որ երբ արթննանք առաջին հարցադրումը մեր միտքին մէջ կ՛ըլլայ այն, որ այսօր ի՛նչ տեսակ ուտելիք պէտք է ուտենք, որպէսզի ճիշդ սնունդ ստանանք եւ ճիգ կը թափենք միշտ աւելի լաւ սնունդ տալու: Մեր ամէնօրեայ ճաշատեսակը պէտք է բաղկանայ ուտելիքներէ, կանաչեղէնէ, հացահատիկներէ – ընդեղէնէ եւ փրոթէինէ, ինչպէս` միս, հաւկիթ, ձուկ: Առողջ ուտել` չի նշանակեր ինքզինք անօթի պահել: Հարկ է ճիշդ ձեւով ուտել: Չափաւոր ուտելը կարեւոր է:

Ճիշդ ուտելը նաեւ կ՛ազդէ մեր տրամադրութեան: Օրական 10-35 առ հարիւր փրոթէինի պէտք ունինք, լաւ իւղեր` 20-35 առ հարիւր, իսկ 50 առ հարիւր` քարպոհայտրեթ: Մենք առանց փրոթէինի չենք կրնար ապրիլ, անիկա շատ կարեւոր է մազին, եղունգներուն, մեր դիմադրականութեան համար: Քարպոհայտրէյթը կը գտնուի երեք տեսակներու մէջ, ինչպէս` շաքարին, կաթին եւ պտուղներուն: Լաւ իւղերը կը գտնուին հացահատիկներուն, կանաչեղէններուն, պտուղներուն մէջ. Ասոր կողքին` շատ ջուր պէտք է խմել:

Մեր մարմինը պէտք ունի ուժի: Առաջին ազդակը ուժ ստանալու` քարպոհայտրէյթն է: Երբ անոնք սկսին պակսիլ սննդականոնի պատճառով,  մարմինը կը սկսի աւելորդ իւղեր առնել: Իւղերը շատ կարեւոր են մեր մարմնին համար: Ան ըսաւ, որ պէտք չէ վախնանք իւղերէն, որովհետեւ անոնք մեր մարմինին տաքութեան համար կարեւոր են: Կարգ մը կենսանիւթեր

առանց իւղի իմաստ չունին: Ինչ կը վերաբերի ջերմուժին չափի միաւոր մըն է` ուտելիքներէն եկած ուժին համար: Բոլոր ուտելիքները ուժ ունին` բացի ջուրէն: Ամէն անհատ օրական պէտք ունեցած ջերմուժով ուտէ, միաժամանակ մարզանքին ալ կարեւորութիւն տայ: Ամէն տեսակի ուտելիք պէտք է ուտել: Թելադրելի է, որ օրը երկու գաւաթ ուտել: Բացառութիւն կը կազմեն շաքարախտաւորները, որոնց տրուելիք քանակը աւելի նուազ պէտք է ըլլայ: Կանաչեղէնները գոնէ երկուքուկէս գաւաթ պէտք է ըլլան: Մեր մարմինը տասներեք տեսակ կենսանիւթի պէտք ունի: Եթէ արդէն ուտելիքներէ կը ստանանք այս կենսանիւթերը,  պէտք չունինք բազմակենսանիւթ առնելու: Ապա Սարին Շէկեանը ներկայացուց իւրաքանչիւր կենսանիւթի կարեւորութիւնը, ինչպէս կենսանիւթ էյ.ը` տեսողութեան, ակռաներուն համար եւ կարելի է ստանալ` ձուկէն, կաթնեղէնէն, ձկան իւղէն, շոմինէն: Կենսանիւթ Պի 6-ը կարեւոր է արեան կարմիր գնդիկներուն համար, կարելի է գտնել սիսեռին, հնդկահաւին, պանանին մէջ: Կենսանիւթ Պի 12 կարեւոր է մեր ջիղերուն եւ արեան կարմիր գնդիկներուն համար, կարելի է գտնել կենդանիներէ եկած արտադրանքներու մէջ: Կենսանիւթ Տի-ն կարեւոր է  մեր ոսկորներուն, ակռաներուն համար, կրնանք ստանալ, երբ օրական քառորդ ժամ կը քալենք արեւին տակ, նաեւ` իւղոտ ձուկերուն եւ սունկերուն մէջ: Կենսանիւթ Սէ-ն կարեւոր է մեր լինտերուն եւ ամէն տեսակի բորբոքումներուն համար, եւ անոր միջոցով մեր մարմինը երկաթը կը ներծծէ, կրնանք ստանալ կենդանիներէ եւ բոյսերէ եկած ուտելիքներէ` լիմոնէն, ելակէն, քիուիէն: Անոնք, որոնք կը ծխեն, քիչ մը աւելի կենսանիւթ Սի. պէտք է առնեն: Կենսանիւթ Տի.ն կը գտնենք իւղերուն մէջ, կարեւոր է արեան գնդիկներուն համար եւ անթիօքսիտընթ է: Կենսանիւթ Քէյ-ը կը գտնենք գոց գոյն բանջարեղէններուն մէջ, կ՛օգնէ, որ մեր արիւնը ջուրի չվերածուի: Ֆոլիք թթուն կ՛օգնէ ուրիշ  կենսանիւթերու գործունէութեան, կը գտնենք լուբիային, շոմինին, հազարին մէջ:

Սարին Շէկեանը յատուկ կարեւորութեամբ խօսեցաւ ձուկ ուտելու մասին եւ յայտնեց, որ շաբաթը երկու անգամ պէտք է ուտել: Փաստուած է, որ կ՛օգնէ սրտի հարցերէ հեռու մնալէ: Սառած կամ թարմ ձուկերուն մասին խօսելով` ան ըսաւ, որ նախընտրելի է թարմ ձուկը: Իսկ պահածոյացուած ձուկերը աւելի աղի են:

Ան խօսեցաւ նաեւ աղի գործածութեան մասին եւ ըսաւ, որ չափազանց գործածութիւնը վնասակար է: Իւրաքանչիւր պահածոյի պարագային, հարկ է կարդալ տուփին վրայ փակցուած սնունդի քանակը: Պահածոները բարձր տաքութեամբ կ՛անցընեն եւ այդ պատճառով կենսանիւթ Սի-ն եւ Պի-ն կը կորսուին, բայց մնացեալ սնունդները կը մնան: Անհրաժեշտ է ցած համեմատութեամբ աղ կամ շաքար պարունակող պահածոներ գնենք: Աւելի նախընտրելի է ջուր պարունակող պահածոներ գնենք: Միշտ թարմ ուտելիքները յանձնարարելի է:

Իւղերը երեք դասակարգի կը բաժնուին: Առաջինը` լաւ իւղերը (unsaturated fat), որոնք կը գտնուին ձիթապտուղի, աւոքային եւ սոմոնին մէջ, գէշ իւղերը կարծր կ՛ըլլան եւ կը գտնուին կարագին, մսեղէններուն, դեղին պանիրին, տապկոցին մէջ:

Սարին Շէկեանը նշեց նաեւ, որ պտուղներուն մէջ շաքարը աւելի լաւ է, քան` շաքարի գործածութիւնը: Նիհարնալու միջոցը 70 առ հարիւրը ուտելիքն է, իսկ 30 առ հարիւրը` մարզանքը: Շաբաթը երկուքուկէս ժամ մարզանքը մարմինին համար շատ կարեւոր է, մանաւանդ` սրտի հիւանդութեան եւ շաքարախտաւորներուն համար: Պէտք է հեռու մնալ ոգելից խմիչքներէ, շատ քաֆէինէ: Քաֆէինը օգտակար է, բայց ջիղերուն կ՛ազդէ եւ մեր մարմնին ջուրը կը պակսեցնէ: Ջուրի գործածութիւնը շատ կարեւոր է, իսկ ամէն օր նախաճաշ կատարելը կեդրոնացած կը պահէ անհատը: Որեւէ մէկը շաբաթը կէս կամ մէկ քիլօ պէտք է նիհարնայ եւ` ոչ աւելի: Նաեւ ճիշդ ձեւով պէտք է քնանալ:

Դասախօսութեան աւարտին ներկաները հարցումներ ուղղեցին դասախօսին, ապա առողջապահական յանձնախումբին անունով յուշանուէր տրուեցաւ օրուան դասախօս Սարին Շէկեանին: Ապա «Վիթա հելթ» ընկերութեան կողմէ sucraloza շաքարի տուփեր բաժնուեցան ներկաներուն:

Աւարտին հիւրասիրութիւն տեղի ունեցաւ:

 

Նախորդը

Հայազգի Սուրբ Վլասը (San Biagio Degli Armeni)

Յաջորդը

Անցումային Արդարադատութիւն

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?