Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարդանանց Տօնակատարութիւն Սրբուհի Ագնէս Վարժարանին Մէջ

Մարտ 5, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երկուշաբթի, 25 փետրուար 2019-ը իւրայատուկ օր էր Սրբուհի Ագնէս վարժարանին համար: Հիւրերու, բարեկամներու, ծնողներու, ուսուցիչներու եւ աշակերտներու հոծ բազմութիւնը հաւաքուեր էր յատուկ շուքով տօնակատարելու համար Սրբոց Վարդանանց տօնը:

Մէկուկս ժամ տեւողութեամբ գեղարուեստական յայտագիրը կ՛ընդգրկէր Քաջն Վարդանին նուիրուած ասմունք ու երգ` կատարողութեամբ մանկապարտէզի աշակերտներուն:

Մարալ Հարպոյեան իր բացման խօսքին մէջ ըսաւ. «Աւարայրը եղաւ այն կամուրջը, որուն վրայէն քալեցին Վանի, Կարսի, Զէյթունի, Սարդարապատի, Ղարաքիլիսէի, Ապարանի եւ Արցախի անձնուրաց ու յանձնառու բոլոր ֆետայիները, հայ ժողովուրդն ու ազատամարտիկները»:

Ան աւելցուց. «Ազգի տիպար հերոս Վարդան Մամիկոնեանի արեամբ օծուած է հայոց պատմութիւնը, այդ պատերազմը հաւատքի պատերազմ էր, որպէսզի մենք այսօր պահենք մեր ազգային ինքնութիւնը, լեզուն եւ քրիստոնէական հաւատքը: Վարդանանց ճակատամարտը յիշատակելը բաւարար չէ, հարկաւոր է ապրիլ ու գործել Վարդանի պէս»:

Միջնակարգի աշակերտները ներկայացուցին «Վարդանանք» թատրերգութիւնը, որ ներկաները փոխադրեց Աւարայր, Տիզպոն` հաղորդուելու Վարդան Մամիկոնեանի պոռթկումով, խօսքով եւ որոշումով, տեսնելու Վասակի կացութիւնը, ապրելու Յովսէփ կաթողիկոսին քաջութիւնը, փափկասուն տիկիններուն արիութիւնը եւ պատրաստակամութիւնը: Աշակերտներուն ապրումները բեմին վրայ ազդեցին ներկաներուն, որոնք գնահատեցին աշակերտներուն եւ յատկապէս պատասխանատու քոյր Նարինէ Սիմոնեանին աշխատանքը:

Տօնակատարութեան խօսքով հանդէս եկաւ վարժարանի տնօրէն Սիրան Ագրապեան-Պաղտասարեանը, որ ողջունեց հանդիսութեան ներկայ գտնուող հիւրերը: Ան իր շնորհակալական խօսքին մէջ յատուկ բաժին յատկացուց վարժարանի ուսուցիչներուն, պատասխանատուներուն, աշակերտներուն ու բոլոր անոնց, որոնք աշխատեցան յայտագիրի յաջողութեան համար:

Սիրան Ագրապեան-Պաղտասարեան ըսաւ. «Վարդանանցի նման բեմակատարութիւն եւ ատկէ բխած ապրումներ կարելի է  ապրիլ միայն հայ վարժարանին մէջ, Վարդանանցի ոգին կրնայ գոյատեւել միայն հայ վարժարանին շնորհիւ, հայրենիքի սէրն ու հաւատքի ճամբան կը սկսի միայն հայ վարժարանով», ապա աւելցուց. «Կարելի չէ Վարդանի հանդիպիլ օտար վարժարաններու մէջ, հայ աշակերտը հայ վարժարանին շնորհիւ է, որ յաղթական պիտի գայ ոչ թէ միայն իր գիտելիքներով, այլ իր մէջ ամրացած արի, քաջ ու յանդուգն կեցուածքներով»:

Անարատ յղութեան հայ քոյրերու միաբանութեան մեծաւորուհի քոյր Արուսեակ Սաճոնեանը ըսաւ. «Մեր ուխտը վերանորոգելու օր է Վարդանանց տօնը, մեծ թիւով ազգեր եկան, սակայն չկրցան գոյատեւել, հայ ազգը, սակայն, կը գոյատեւէ, որովհետեւ ունի այն հաւատքը եւ ուխտը, որ ամէն տարի կը վերանորոգէ: Մեր սուրերը մեր հաւատքն ու լեզուն են, որոնք մեզ հայ կը պահեն, մենք կ՛ապրինք օտար ափերու վրայ, բայց կը խօսինք հայերէն, մեր եկեղեցիներուն մէջ կ՛աղօթենք հայերէն, կը պահենք մեր մշակոյթը, մեր երգը»:

Հանդէսին եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Պէյրութի հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ Ասատուրեանը, որ գնահատեց տարուած աշխատանքը, շնորհաւորեց աշակերտները եւ ըսաւ. «Աղօթենք հայերէն, խօսինք հայերէն, ո՛չ ըսենք յոռի բարքերուն, պահենք մեր ինքնութիւնը, ճանչնանք մեր պատմութիւնը եւ մեր հայրենիքը»:

Նախորդը

Նոյեան Տապանի Հետքերը Արարատ Լերան Վրայ

Յաջորդը

Հրանդ Տինքի Յիշատակին

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?