ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին կազմակերպած 6 մարտին կայացաւ դասախօսական շարքի ութերորդ դասախօսութիւնը` «Պնդութիւն եւ փորհարութիւն» նիւթով:
ՀՕՄ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսք կատարեց տոքթ. Սիրուն Վարդապետեանը: Ան յայտնեց, որ մարդու մարմնի գործունէութիւնը կազմուած է զանազան համակարգերէ, որոնցմէ մէկն է ստամոքս-աղիքային համակարգը, որ բարդ համակարգ է` բաղկացած տարբեր օրկաններէ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կրնայ ախտահարիլ եւ հիւանդութիւն յառաջացնել: Անոր համաձայն, տարածուած եւ ընդհանրացած ախտանիշներ են փորհարութիւնն ու պնդութիւնը, որուն մասին է օրուան դասախօսութիւնը:
Տոքթ. Կարօ Յովսէփեանը նախ խօսեցաւ մարսողական համակարգին մասին, որ կը սկսի բերանի խոռոչէն եւ կը հասնի մինչեւ յետանցք: Ամէն մարդ 10-15 անգամ ծամելէ ետք կուլ կու տայ սնունդը, որ կ՛իջնէ ստամոքս: Անիկա 3-4 ժամ մնալէ ետք կը փոխանցուի բարակ աղիքներ: Բարակ աղիքներու երկարութիւնը մօտաւորապէս 6 մեթր է, մարսողութեան կ՛օգնեն լեարդը եւ բանգրիասը: 6 ժամ մնալէ ետք հիմնական սնունդը կը ներծծուի եւ կը փոխադրուի մարմին: Ապա մնացեալ սնունդը կը փոխադրուի հաստ աղիք եւ կը կոչուի կղկղանք: Օրական հինգ լիթր ջուր մուտք կը գործէ հաստ աղիք եւ կ՛արտաթորի յետանցքէն: Այս միջոցին 4,5 լիթր ջուր եւ աղ կը ներծծուի ետ դէպի մարմին: Եթէ այս քանակութիւնը ամբողջութեամբ դուրս գայ, մարմինը կ՛ենթարկուի ջրազրկման: Ան յայտնեց, որ մարդ արարածը օրական չորս հարիւր կրամ կղկղանք կ՛արտադրէ: Ան ըսաւ, որ եօթը տեսակ կղկղանք կայ: Երբեմն մարդ անհատը շաբաթը երկու անգամ կ՛արտաթորէ, ինչ որ պնդութեան նշան է: Պնդութիւնը երկու տեսակ է` արտաղիքային եւ աղիքային: Արտաղիքայինի պարագային, մարմնի այլ օրկաններ պնդութիւն կը յառաջացնեն, իսկ աղիքայինը ինք կը յառաջացնէ պնդութիւն: Պնդութեան արտաղիքային ձեւերը կրնան ըլլալ` սննդականը, թէյի շատ օգտագործումը, կուտ ունեցող ուտելիքներու մեծ քանակութեամբ օգտագործումը, դեղերը (ջիղերու), վահանագեղձը, երբ դանդաղ կ՛աշխատի աղիքներու ծուլացում կը յառաջացնէ, արեան քալսիոմի պակասը, աղիքներու հիւանդ վիճակը, երբ որ աղիքը խցանուի քաղցկեղով, ջրազրկում (եթէ անձը շատ ջուր չի խմեր), վատ սովորութիւն (չէ շտկած արտաքնոց մտնելու ժամանակը): Արտաթորանքի ատեն ամբողջ մարմինը կը պատրաստուի, եւ առաւօտը լաւագոյն ժամանակամիջոցն է:
Տոքթ. Կարօ Յովսէփեանը ապա խօսեցաւ փորհարութեան մասին եւ յայտնեց, որ անիկա կ՛ըլլայ սուր, որ կը տեւէ քանի մը օր, եւ երկրորդ` քրոնիք: Սուր փորհարութեան պատճառներէն են սննդային թունաւորումը (սննդամթերք, կաթնամթերք) եւ վարակիչ փորհարութիւնը (վիրուսային եւ թիֆոյիտ): Ինչ որ մենք կ՛ուտենք, մարմնի էնզայմները պէտք է մարսեն լաքթոզը: Երբ որ անհատը մեծնայ մարմինը լաքթոզ չ՛արտադրեր: Երբ կաթ խմենք մարմինը չի մարսեր եւ փորհարութիւն կ՛ունենանք: Անթիպայոթիքները, շաքարախտաւորներու առած կարգ մը դեղերը փորհարութիւն կը պատճառեն: Արտաղիքային փորհարութիւնը ցորենի հանդէպ անմարսողութենէ կու գայ նաեւ, որ Համաշխարհաին Բ. պատերազմին ընթացքին յայտնաբերուեցաւ Հոլանտային մէջ: Անծնող երեխաները որբանոցի մէջ ապրեցան եւ սնանեցան վարսակով: Որբանոցին մէջ փորհարութիւն յառաջացաւ: Այս պարագային հիւանդը ոչ միայն հաց պէտք չէ ուտէ, այլ նաեւ` գարի պարունակող ուտելիքներ: Քրոնիկ ձեւը աղիքային եւ բորբոքային է: Ամէնէն յաճախ պատահող հիւանդութիւնը քրոնզ տիզիզն է եւ խոցային աղիքային հիւանդութիւնը: Այս հիւանդութիւնը սկսաւ սկանտինաւիան երկիրներու մէջ, ապա տարածուեցաւ եւրոպա եւ համաճարակի վերածուեցաւ: Մարդ երբ ծնի, երեք ամիս ետք պաքթիրիաներ կը կազմուին: Փորհարութեան պատճառը երբեմն կը վերաբերի սառնարանին մէջ զետեղուած սննդամթերքին, որոնց մէջի պաքթիրիաները չեն մեռնիր, կը դանդաղին: Երբ ետ կ՛արթննան, մեր մարմինը կը պայքարի այս պաքթիրիաներուն դէմ: Այլ հիւանդութիւն մը կայ` թոքախտը կամ պալարախտը, որ փորհարութիւն կը յառաջացնէ:
Պնդութեան ախտաճանաչումը կը կատարուի, երբ օրական նոյն ժամուն կը պատրաստուինք արտաթորանքի, որպէսզի ամբողջ մարմինը պատրաստուի: Պէտք է մեծ քանակութեամբ կանաչեղէն, պտուղներ, տերեւներ, չոր պտուղներ ուտել: Կայ նաեւ դեղերով բուժումը, որպէսզի դիւրանայ կղկղանքը, երբ անհատը շատ մսեղէն կ՛ուտէ: Նստելու դիրքը արաբական լուացարանի ձեւն է: Իսկ ատոր բացակայութեան, պզտիկ սեղան մը դնել ոտքին տակ, որպէսզի ճնշող մկանը թուլնայ, եւ կղկղանքը դուրս գայ: Լուացարանը պէտք է տաք ջերմաստիճանի մէջ ըլլայ, եւ մենք սթրեսի մէջ չգտնուինք: Փորհարութեան պարագային ախտաճանաչման համար դիմել ուղղակի բժիշկին եւ ուրիշ անհատի մը դեղերը չօգտագործել:
Դասախօսութեան աւարտին ներկաները հարցումներ ուղղեցին դասախօսին, իսկ առողջապահական յանձնախումբին անունով յուշանուէր տրուեցաւ օրուան դասախօս տոքթ. Կարօ Յովսէփեանին:



