Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գրիգոր Պետրոս Ի. Պատրիարք Հռոմի Մէջ Կը Յիշատակէ Վարդանանքը

Մարտ 11, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԺԱԳ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

Հինգշաբթի, 28 փետրուար 2019-ի կէսօրուան ժամը 1:00-ին, Սրբոց Վարդանանց զօրավարաց տօնին առիթով, եղբայրական ագապ մը տեղի ունեցաւ հայ կաթողիկէ Գրիգոր Պետրոս Ի. պատրիարքին հրաւէրով, քահանայապետական Լեւոնեան հայ վարժարանին մէջ, որուն ներկայ գտնուեցան` Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսիոյ եւ Արեւելեան Եւրոպայի հայ կաթողիկէ թեմերու առաջնորդ Ռաֆայէլ արք. Մինասեանը, Հալէպի եւ Բարձր Ճեզիրէի հայ կաթողիկէ թեմերու առաջնորդ Պետրոս արք. Միրիաթեանը, Եգիպտոսի հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ Գրիգոր Օգոստինոս եպս. Քուսան, Ֆրանսայի եւ արեւմտեան Եւրոպայի հայ կաթողիկէ թեմի վաստակաւոր առաջնորդ Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեանը, Արեւելեան եկեղեցիներու խորհուրդի առաջին քարտուղար Չիրիլ եպս. Վասիլը, հոգեւոր հայրեր եւ վարժարանի ժառանգաւորները:

 

Հոգեւոր տէրը ֆրանսերէնով ներկաներուն բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկայացուց օրուան սուրբերուն աննկուն վարքը: «Այսօր հայ եկեղեցին եւ համայն հայ ժողովուրդը մեծ շուքով կը տօնակատարեն վասն կրօնի եւ հայրենեաց  աւելի քան 15 դար առաջ մղուած պատերազմի մը յաղթանակը: Արդարեւ, Վարդանի, Ղեւոնդի եւ 1036 մարտիրոս նահատակներու անթառամ յիշատակին կը պարտինք մեր քրիստոնեայ եւ հայ ինքնութիւնները», ըսաւ ան` շեշտելով հայկականութիւնը պահպանելու եւ ազգասիրութեան կարեւորութիւնը: Ան յիշատակեց Ս. Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ի խօսքը` «Հայերը պէտք է, որ հայ մնան, որպէսզի քրիստոնեայ մնան»:

Ապա անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի իրավիճակին`  ըսելով. «Բոլորս ականատես ենք Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու տառապալի իրավիճակին, որուն պատճառով անոնք մեծ թափով կը հեռանան շրջանէն»:  Այս իրողութեան պատճառներէն մէկը նկատելով քաղաքական անորոշութիւնը, որ կը տիրէ  շրջանէն  ներս, ան իբրեւ օրինակ յիշատակեց  Լիբանանի նախագահական աթոռին երկար ատեն թափուր մնալը, իսկ վերջերս ինը ամիսներ երկրին առանց կառավարութեան գոյատեւումը»:

Այնուհետեւ ներկաներուն անունով շնորհակալութիւն յայտնեց սրբազան Վասիլը եւ, կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրիի ողջոյնները փոխանցելէ ետք, իտալերէնով ընդգծեց համակեցութեան կարեւորութիւնը` նշելով, որ ինչպէս 800 տարիներ առաջ Ս. Ֆրանչիսկոսի Եգիպտոս այցելութեան եւ իսլամ հոգեւորականի հանդիպման օրինակին հետեւելով` Ֆրանչիսկոս քահանայապետը այցելեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ: Ապա ան գնահատեց հայ ժողովուրդին վարքը եւ բիւրաւոր հայ նահատակ սուրբերուն համբերութիւնն ու հայկականութիւնը պահելու  կամքն ու կտակը: «Դո՛ւք` հայերդ, միշտ պահած էք ձեր հայ ինքնութիւնը` հակառակ տառապալի պայմաններուն ու զրկանքներուն: Իսկապէս դուք ցայտուն օրինակ մըն էք Միջին Արեւելքի ժողովուրդներուն: Իսկ մենք,  մեր կարգին, Աստուծոյ կամքով եւ մեր կարողութեան  ներած չափով պիտի փորձենք առաւելագոյն կերպով պահել եւ պահպանել բոլոր արեւելեան եկեղեցիները», ըսաւ սրբազանը:

Հուսկ, հոգեւոր տիրոջ հայրապետական օրհնութեամբ եւ «Զկերողս» աղօթքով վերջ գտաւ օրուան տօնակատարութիւնը:

 

 

Նախորդը

8 Մարտը` Տօնակատարութենէն Անդին

Յաջորդը

Սպիտակ Տան «Դարի Գործարքը»

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?