Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանի Սրբոց Վարդանանց Զօրավարաց Տօնահանդէսը

Մարտ 8, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտութիւնը չորեքշաբթի, 27 փետրուար 2019-ին Ս. Խաչ եկեղեցւոյ «Պետողլեան» սրահին մէջ վերանորոգեց Վարդանանց կողմէ ժառանգուած «Հաւատքի ուխտ»-ը:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ վարժարանի քայլերգներէն ետք օրուան բացման խօսքը կարդաց տասներորդ դասարանէն Հրակ Տէրտէրեանը, որ հրաւիրեց ներկաները խաչի ուժով դիմադրելու բոլոր մարտահրաւէրներուն եւ քաջ հաւատալու, որ խաւարը միշտ տեղի կու տայ լուսաբացին:

Յայտագիրը սկիզբ առաւ վարժարանի նորաբողբոջ ծիլերու` մանկապարտէզի աշակերտներուն յատուկ ներկայացումով: Անոնց բերաններէն արտասանուած խօսքերը, արտասանութիւնը եւ երգը կը վերակենդանացնէին Վարդանի շունչն ու անմահ ոգին` իւրաքանչիւր հայու մէջ:  Ա. դասարանէն երեք աշակերտներ «Սիրելի՛ Քաջ Վարդան» արտասանութեամբ յարգեցին յիշատակը մեծ մարտիրոսին, ապա Գ. դասարանի աշակերտները միաձայն ու արիաբար արտասանեցին «Արի հայեր»-ը:

Օրուան պատգամը ներկայացուց Զմմառու Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան եւ Սուրբ Միքայէլ զոյգ ընծայարաններու փոխտեսուչ Տիգրան վրդ. Փիլիպոսեանը: Ան խօսեցաւ հինգերորդ դարու հայոց պատմութեան ամենադժուար հանգրուանին մասին, երբ Հայաստան բաժնուած էր երկու մեծ պետութիւններու` Պարսկաստանի եւ Բիւզանդիոնի միջեւ, սակայն, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, ծագեցաւ լոյսը հայ գիրերու գիւտին յանձինս Մեսրոպ Մաշտոցի: 451-ին պարսիկներուն դէմ կանգնեցան Վարդանանք եւ ստիպեցին թշնամիին` ազատ ձգելու հայ ազգը իր հաւատքին մէջ: Հայր Տիգրան շեշտը դրաւ այն բանին վրայ, որ Աւարայրի ճակատամարտը առաջին մարտն էր, որ մղուած էր հաւատքի ու հայրենիքի համար, որուն մէջ մեծ դերակատարութիւն ունէր օրինակելի կղերական Ղեւոնդ Երէց: Ան որ հայ հոգեւորականի այն տիպարն էր, որ խրախուսեց հայ ժողովուրդը` դէմ դնելու բոլոր անոնց, որոնք մեզի մեր հաւատքէն հեռացնել կը փորձէին, առաւել եւս գօտեպնդեց զօրականները` յօժարութեամբ ընդունելու նահատակութիւնը: Ան յիշեց նաեւ Ղեւոնդ Երէցի կերպարը վերստին մարմնաւորող Ղեւոնդ Ալիշանն ու Խրիմեան Հայրիկը, որոնք ռահվիրաներն էին հայ ազատագրական շարժումին: Ղեւոնդեանց շունչով տոգորուած էր նաեւ Աբրահամ Ա. Արծիւեան կաթողիկոս-պատրիարքը, որ հիմնած է Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութիւնը` սփիւռքի մէջ տարածելու քրիստոնէութիւնը եւ հայ ոգին: Արդարեւ, բոլորին խնկելի յիշատակը տեղադրուած է Բուն Բարեկենդանի նախորդող հինգշաբթին, որպէսզի Վարդանանց եւ Ղեւոնդեանց շունչով թեւակոխենք Մեծ պահքի շրջանը` առանց դժգոհելու:

Հայր Տիգրանի պատգամէն ետք յայտագիրին մէջ յատուկ բաժին գրաւեց Զ. դասարանի աշակերտ Սթիւ Տեմիրճեանին արտասանած «Քաջն Վարդանի ճառը»: Ապա Ե. եւ Զ. դասարաններէն խումբ մը աշակերտներ երգեցին «Իմ հայրենեաց հոգի Վարդան» եւ «Աւարայրի դաշտը» զոյգ երգերը: Յատուկ տեղ գրաւեցին Դ. եւ Զ. դասարաններու յաղթական պարերը «Հայաստան ջան» եւ «Հայ ենք մենք» զոյգ երգերու ընկերակցութեամբ:

Աւարտին բեմ բարձրացաւ վարժարանի տնօրէն Գրիգոր վրդ. Պատիշահը` փակման խօսքը կատարելու «Պահպանիչ»-ով:

Նախորդը

Վարդանանց Տօնը Մեսրոպեան Վարժարանին Մէջ

Յաջորդը

Մխիթարեան Վարժարան. Վարդանանց Եւ Բարեկենդան

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?