Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարդանանց Տօնը Մեսրոպեան Վարժարանին Մէջ

March 8, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտութիւնը այս տարի եւս նշեց Սրբոց Վարդանանց տօնը` երկու առանձին հանդիսութիւններով, 1 մարտ 2019-ին,  «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ:

Զոյգ հանդիսութիւններուն Մեսրոպեանի աշակերտները երգի, նուագի, ասմունքի եւ թատերական պատկերներու անհատական թէ խմբային կատարումներով ոգեկոչեցին ու փառաւորեցին Աւարայրի հերոսներուն յիշատակը: Կատարումները յատկանշուեցան անմիջականութեամբ եւ բծախնդիր պատրաստութեամբ, որուն ընդմէջէն պատասխանատու ուսուցիչներուն կատարած աշխատանքը ակներեւ դարձաւ: Բացման խօսքերով հանդէս եկած աշակերտները ամբողջ աշակերտութեան անունով վերահաստատեցին Վարդանանց ուխտին իրենց հաւատարմութիւնը եւ յարգանքի տուրք մատուցեցին վասն կրօնի եւ հայրենիքի իրենց կեանքը զոհած քաջերուն:  Նախակրթարանի տօնակատարութեան  մէջ իւրայատուկ էին «Վարդանն ու մայրը» երկխօսութիւնը եւ «Հեռատեսիլի մրցոյթ յայտագիր»-ը, որուն միջոցով աշակերտները կարողացան վերակենդանացնել մեր պատմութեան այդ մեծ օրը եւ փոխանցել ինչպէս գիտելիքներ, նոյնպէս  ալ աւարայրեան պատգամներ:

Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ փոխժողովրդապետ Խաչիկ վրդ. Գույումճեանը, ըստ իր օգտակար սովորութեան, նախակրթարանի աշակերտներուն համար նախատեսուած բանախօսութիւնը վերածեց երկխօսութեան: Բեմէն սրահ ուղղած իր հարցումներէն ստացած պատասխաններով  վարդապետը աշակերտներուն բերնով հնչեցուց այն հիմնական գաղափարները, որոնք կը յատկանշեն Աւարայրի սխրանքը:

Երկրորդական բաժնի տօնակատարութեան գլխաւոր բանախօսն էր լիբանանահայ մամուլի գործիչ Ահարոն Շխրտմեանը, որուն ելոյթը յագեցած էր մէկ կողմէ Վարդանանց պատերազմին մասին հետաքրքրական գիտելիքներով եւ միւս կողմէ` անոր թելադրած պատգամներով` ներկային համար: Ա. Շխրտմեան պատմական փաստերով ապացուցեց, որ հայ ժողովուրդը թէեւ կորսնցուց Աւարայրի ճակատամարտը, սակայն յաղթեց Վարդանանց պատերազմը, որ իր նպատակներուն հասաւ Նուարսակի դաշնագրով: Ան կոչ ուղղեց աշակերտներուն ամրօրէն փարիլ հայ մշակոյթին  եւ հպարտօրէն կառչած մնալ ազգային ու հոգեւոր ինքնութեան, որուն համար Վարդանանք չվարանեցան զոհել իրենց կեանքը:

Զոյգ հանդիսութիւններուն եզրափակիչ խօսքով հանդէս եկաւ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ: Ան շեշտեց, որ հայ ազգային ինքնութեան պահպանումը, իր ամէն մէկ դրսեւորման մէջ, ինքնին աւարայրեան ճակատամարտ մըն է, որուն միջնաբերդերը, մանաւանդ հայ սփիւռքին մէջ, կը շարունակեն մնալ հայ դպրոցն ու հայ եկեղեցին:

Վարդանանց տօնը նշուեցաւ նաեւ Մեսրոպեան մանկապարտէզին եւ մանկամսուրին մէջ, փոքրերուն համապատասխան աշխատանքներով:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանի Սրբոց Վարդանանց Զօրավարաց Տօնահանդէսը

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.