Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարդանանց Տօնակատարութիւնը Սրբոց Հռիփսիմեանց Բարձրագոյն Վարժարանին Մէջ

Մարտ 12, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կ. Գ.

Հայոց պատմութեան նուաճումները այժմէական կը մնան այնքան ատեն, որ անոնք հաւատքով կը փոխանցուին իրերայաջորդ սերունդներու, որոնք իրենց կարգին գիտեն ապրիլ, յիշատակել եւ տօնախմբել` ըստ արժանւոյն:

Երեքշաբթի, 26 փետրուար 2019-ին, Սրբոց Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանի միջնակարգի եւ երկրորդական դասարաններու աշակերտները, ընկալեալ սովորութեան համաձայն, առաւօտեան ներկայ գտնուեցան Ս. պատարագին եւ հաղորդուեցան Վարդանանց խորհուրդով, օրուան պատարագիչը` Սեպուհ վրդ. Կարապետեանը իր քարոզին մէջ վեր առաւ Վարդանանց պատերազմի նահատակութեան իմաստը` քրիստոնեայ մնալու հրամայականը` շեշտելով, որ այս օրերուն նորահաս սերունդներէն եւս կը պահանջուի ըլլալ բծախնդիր իր կրօնաբարոյական սկզբունքներուն նկատմամբ եւ պատասխանատու գիտակցութեամբ նուիրուիլ ու պահանջատէր ըլլալ իր ազգային իրաւունքներուն:

Երեքշաբթի, 5 մարտին նախակրթարանի եւ միջնակարգի աշակերտները հանդէս եկան Վարդանանքի յիշատակութեամբ:

Հանդիսութեան ներկայ էին Անարատ յղութեան հայ քոյրերու միաբանութեան մեծաւորուհի մայր` առաքինափայլ մայր Արուսեակ Սաճոնեանը, վարժարանի հոգեւոր դաստիարակ Սեպուհ վրդ. Կարապետեանը։

Յայտագիրը բազմերանգ էր, ան լիիրաւ խորքով կը փոխանցէր Վարդանանքի խորհուրդը` բանաստեղծութիւններով, մարտնչական երգերով, երաժշտական կտորներով, որոնք ինքնուրոյն դիմագիծով ներկայացուեցան երկրորդէն եօթներորդ դասարաններու աշակերտներուն կողմէ:

 

Դիպուկ էր յայտագիրը ներկայացնող աշակերտներու առինքնող ոճը, որ կը յայտարարուէր բանաստեղծական յորդորներով:

Յայտագիրի երկրորդ մասով 6-րդ դասարանի աշակերտները ստեղծագործական թատերական ներկայացումով մը` «Հայրենիքին հետ ու հայրենիքին համար», եկան անգամ մը եւս հաստատելու քրիստոնէական հաւատքին մէջ անշեղ մնալու վճռականութիւնը յայտնեցին հայրենիքին հանդէպ իրենց սէրը: Թատերական ներկայացման ընթացքին ազգային ինքնուրոյն դիմագիծը եւս շեշտեցին` ազգագրական պարերով:

Աշակերտներուն կողմէ արտասանուած կամ ներկայացուած կտորները մեր հեղինակներուն գրած ու մշակած Վարդանանք խորհուրդին էին, նուիրուած նոյն բանաստեղծութիւններն էին, սակայն աշակերտներու քաջարի եւ վճռակամ արտայայտութիւններն էին, որոնք հանդիսատեսը շուրջ մէկ ժամ միացուցին ու նոյնացուցին բեմին հետ:

Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Անարատ յղութեան հայ քոյրերու միաբանութեան մեծաւորուհի մայր` առաքինազարդ մայր Արուսեակ Սաճոնեանը` իր սրտի խօսքը փոխանցելու Վարդանանց խորհուրդէն թելադրուած, ան կարեւոր նկատեց քրիստոնէական հաւատքին ու ազգային նկարագիրի պահպանումը` իբրեւ սրբութիւն սրբոց, որուն առաջին հիմնաքարը համարեց հայ ընտանիքն ու հայ դպրոցը, ինչպէս նաեւ աւանդութիւններու պահպանումը, ան ընդգծեց նաեւ հայու ինքնուրոյն դիմագիծն ու հանճար միտքը, որոնք անհրաժեշտ է ի գործ դնել` հայրենիքի բարգաւաճման ու հզօրացման համար:

Չորեքշաբթի, 27 փետրուարին եւ իններորդ եւ երկրորդական դասարաններու աշակերտները Վարդանանց խորհուրդը ապրեցան «Հաւատքի ըմբռնում»-ները նիւթով կլոր սեղանի յայտագիրով մը. օրուան բանախօսն էր «Վանայ ձայն»-ի տնօրէն Վիգէն Աւագեանը: Ան առաջին հերթին հակիրճ ձեւով անդրադարձաւ Աւարայրի ճակատամարտին, ապա պատմական քննարկումներով գնահատեց ճակատամարտը: Անկէ ետք դասարաններու ներկայացուցիչ աշակերտները ուղղեցին իրենց հարցումները` առիթ ստեղծելով յաւելեալ քննարկումներու, ինչպէս նաեւ հայրենիքին համար մղուող ճակատամարտները նոյնացած գնահատեցին Վարդանանց խորհուրդին հետ:

 

 

Նախորդը

Կայացաւ Վաղամեռիկ Ուսուցչուհի Շողիկ Հանտեանի Յիշատակին Ասմունքի Տարեկան Մրցումը

Յաջորդը

Արեւելահայ Բառարանագրական Բարքեր

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?