Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Գիտութեան Պատասխանը Թրքական Քարոզչութեան. Երեւանի Պետական Համալսարանին Մէջ Կայացած Է «Համշէնը» Հայկական Ձեռագրերում» Մենագրութեան Շնորհահանդէսը

March 23, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեւանի պետական համալսարանի Չարենցի անուան դահլիճին մէջ մարտ 18-ին կայացած է ԵՊՀ Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի հայ-օսմանական առնչութիւններու բաժնի ղեկավար, ԵՊՀ արեւելագիտութեան  բաժնի թրքագիտութեան ամպիոնի ղեկավար,  բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու Լուսինէ  Սահակեանի «Համշէնը հայկական ձեռագրերում» մենագրութեան շնորհահանդէսը: Այս մասին «Արմէնփրես»-ին տեղեկացուցին ԵՊՀ մամուլի ծառայութենէն:

Ձեռնարկը սկսած է Համշէնի բնաշխարհի վերաբերեալ տեսանիւթով, որ կը պատմէր նաեւ Համշէնի պատմամշակութային վայրերու մասին:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ փրոֆեսէօր Ռուբէն Մելքոնեանը, որ ներկայացուց ձեռնարկի օրակարգը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ԵՊՀ նախագահին` աջակցութեան համար:

ԵՊՀ նախագահ Արամ Սիմոնեանը, ողջունելով ներկաները, պատմեց համշէնցիներու հետ իր ծանօթութեան մասին:

«Համալսարանի մէջ մենք  կը կարեւորենք  համշէնահայութեան  մասին գիտական ուսումնասիրութիւնները: Վերջին տարիներուն  մեր գիտնականներու, գիտաշխատողներու եւ հայրենակիցներու շնորհիւ` մեր աչքերը կը բացուին դէպի Համշէն, համշէնահայութիւն:  Երեւանի պետական համալսարանը անմասն չմնաց այս ընթացքին է եւ իր ուժերուն ներած  չափով, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան Գիտութեան կոմիտէի աջակցութեամբ, կոմիտէի նախագահ Սամուէլ Յարութիւնեանի սրտացաւ վերաբերմունքի շնորհիւ` կրցաւ առանձնայատուկ նշանակութիւն ունեցող շարք մը յօդուածներ, աշխատութիւններ ու շարժապատկերներ  ստեղծել Հայագիտութեան հետազօտութիւններու հիմնարկին մէջ, որոնց շարքին` այս նոր աշխատութիւնը:

Ես ծանօթացած եմ այս աշխատութեան եւ, որպէս պատմաբան, շատ բարձր կը գնահատեմ զայն:  Ես համշէնագէտ չեմ եւ այս գիրքի հրատարակութեան փաստին կը մօտենամ որպէս հայ մարդ, որուն համար Համշէնն ու համշէնահայութիւնը մնալու են թանկ մարգարիտներ», ըսաւ նախագահը:

Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ Գիտութեան նախարարութան գիտութեան կոմիտէի  նախագահ  Սամուէլ Յարութիւնեանը, խօսելով հասարակագիտական ոլորտի ֆինանսաւորման մասին, նշեց, որ պիւտճէն աճած է, ինչ որ կը վկայէ գիտնականներու հրաշալի աշխատանքի մասին:

Կարդալով Գիտութեան կոմիտէին ուղերձը` ան ըսաւ, որ այսուհետ եւս կեդրոնին մէջ պահուելու հայագիտութեան ոլորտը:

«Ձեռագիրները անգնահատելի գիտական եւ պատմամշակութային արժէք կը ներկայացնեն, եւ անոնց ուսումնասիրութեան նուիրուած աշխատութիւնը ոչ միայն զուտ գիտական, այլեւ խիստ ազգանուէր գործ պէտք է համարենք»,  ըսաւ Սամուէլ Յարութիւնեանը:

Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութեան ազգային ակադեմիայի Պատմութեան հիմնարկի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեանը պատմեց Համշէն իր այցի մասին:

«Անհնար է Համշէնին չսիրահարիլ: Չնաշխարհիկ բնութիւն է:  Երբ Համշէնի մէջ իմ կոտրուած  թրքերէնով երիտասարդի մը հարցուցի` այստեղ հայ կա՞յ, ան քմծիծաղ տուաւ` ըսելով,  որ այստեղ բոլորը հայ են: Երբ մեր ընկերներէն մէկը հարցուց`  եղա՞ծ են Հայաստան, անոր պատասխանեցին`  մենք Հայաստան կ՛ապրինք», ըսաւ Աշոտ Մելքոնեանը:

Ան նշեց նաեւ, որ բանասէրի, թրքագէտի եւ պատմաբանի որակները գումարուած են իրար` թոյլ տալով Լուսինէ Սահակեանին ստեղծել հայագիտական արժէքաւոր աշխատութիւն:

Ռուբէն Մելքոնեանը ուշադրութիւն հրաւիրելով դահլիճը ներկայացուածութեան վրայ` նշեց, որ ատիկա կը փաստէ Համշէնի հանդէպ մեծ հետաքրքրութիւնը:

«Երկար տասնամեակներ թրքական քարոզչամեքենան փորձած է հերքել Համշէնի իւրայատուկ ինքնութիւնը: Անոնց միացած է նաեւ ազրպէյճանական քարոզչութիւնը, որ կը քարոզէ, թէ Համշէնի մէջ որեւէ  հայկական հետք  չկայ եւ չէ եղած: Այս գիրքը մեր գիտութեան  պատասխանն է:  Համշէնը եղած է քրիստոնէական կարեւոր  օճախ, Հայ առաքելական  եկեղեցւոյ կարեւոր  թեմերէն մէկը` քրիստոնեայ բնակչութեամբ», ներկայացուց Ռուբէն Մելքոնեանը:

Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ ազգագրագէտ, բանահաւաք Սերգէյ Վարդանեանը` շեշտելով, որ գիրքին շնորհահանդէսը տօնի վերածուած է: Ան պատմեց ուսումնասիրութիւններու ընթացքին յառաջացող բարդութիւններուն մասին:

Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Մանուկ Աբեղեանի անուան գրականութեան հիմնարկի տնօրէն Վարդան Դեւրիկեանը նշեց, որ մենագրութեան հեղինակը մեծ ջանքեր գործադրած է եւ անդրադարձած է նրբին դիտանկիւններու: Ան կարեւոր համարեց նաեւ գրաբարեան հատուածները արեւելահայերէնի փոխադրելու փաստը:

Թրքագիտութեան ամպիոնի վարիչ Ալեքսանդր Սաֆարեանը արժեւորեց Լուսինէ Սահակեանին աշխատանքը` Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի հայ-օսմանական առնչութիւններու բաժնին մէջ: Ան խօսեցաւ նաեւ մենագրութեան առանձնայատկութիւններուն եւ շարադրանքի լեզուական բարձր որակին մասին:

Մենագրութեան հեղինակ Լուսինէ Սահակեանը պատմեց դաշտային աշխատանքներու, պատմական աղբիւրներու սակաւութեան մասին, ներկայացուց նաեւ գիրքին հիմնական էութիւնը: «Շարժառիթներէն մէկը հնարաւորինս ի մի բերելն էր Համշէնի մէջ եղած փաստերը: Ուսումնասիրելով  նախորդ  հեղինակները` ես հասկցայ, որ մեզի  կրնան յուշել ձեռագիր մատեանները», ըսաւ Լուսինէ Սահակեանը:

Ան նշեց նաեւ, որ շատ եղած են յարձակումներ թրքական գիտական շրջանակներու կողմէ, որոնք միտուած էին ապացուցելու, թէ Համշէնը հայկական ոչինչ ունի:

Մանրամասն ներկայացնելով ձեռագիրները` Լուսինէ Սահակեանը նշեց, որ յիշատակարաններու փաստական նիւթը փորձած է համադրել եւ համեմատել այդ նոյն ժամանակաշրջանին Պոլսոյ վարչապետական արխիւին մէջ պահուող օսմանեան աշխարհագիր մատեաններու փաստական նիւթի հետ:

Լուսինէ Սահակեանը  իր ելոյթը ամփոփեց` շնորհակալութիւն յայտնելով ուսումնասիրութեան ժամանակ իրեն աջակցած մարդոց:

Ձեռնարկը վերջ գտաւ համշէնցի երաժիշտներու համերգային ծրագիրով:

Մենագրութեան մէջ (363 էջ, 120 էջ գունաւոր ներդիր, Համշէնի գաւառի 15-17 դարերու քարտէզ) առաջին անգամ ի մի բերուած են 15-17-րդ դարերուն Համշէնի մէջ ընդօրինակուած քսան ձեռագիր մատեան, որոնք կը պահուին Մ. Մաշտոցի անուան մատենադարանին, Վենետիկ եւ Վիեննայի Մխիթարեան, Երուսաղէմի հայոց պատրիարքարանի ձեռագրատուներուն, Լոնտոնի Բրիտանական թանգարանի եւ Ֆիլատելֆիոյ «Ազատ» գրադարաններուն մէջ: Հեղինակը պատմաբանասիրական քննութեան ենթարկած է ձեռագիրներուն մէջ համշէնցի գրիչներու թողած յիշատակարանները, որոնք բացառիկ եւ արժէքաւոր տեղեկութիւններ կը յայտնեն հայոց Համշէն գաւառի պատմութեան, իշխանութեան, ժողովրդագրութեան, տեղանուններու եւ անձնանուններու, ժողովրդական հաւատալիքներու, լեզուավիճակի, բնակչութեան զբաղմունքի վերաբերեալ: Այս մատեանները աներկբայ կը հաստատեն, որ Համշէնը եղած է հայոց հոգեւոր թեմերէն մէկը եւ կարեւոր սրբատեղի, ուր ամփոփուած են Սուրբ Վարդանանց աճիւնները, պահուած` Քրիստոսի վարշամակը եւ Սուրբ Նշանները: Մենագրութիւնը ցոյց կու տայ, որ Համշէնը եղած է հայ գրչութեան ուրոյն կեդրոն, ուր ստեղծուած մանրանկարներով եւ զարդանախշերով ծաղկած այս բարձրարժէք ձեռագրերը հայոց մշակութային գանձարանի անգնահատելի գոհարներէն են: Ուսումնասիրութեան մէջ առաջին անգամ համեմատական քննութեան ենթարկուած են նաեւ Պոլսոյ Վարչապետական գլխաւոր արխիւին մէջ պահուող Համշէնի` 16-17 դարերու օսմանեան աշխարհագիր մատեանները:

Գիրքին մէջ տեղ գտած են գունաւոր լուսապատճէններ` ձեռագիրներու համապատասխան էջերէն եւ նկարներ` Համշէնի բնաշխարհէն: Առաջին անգամ կը ներկայացուին նաեւ Համշէնի գաւառի` 15-17 դարերու մանրամասն քարտէզ, որ կազմուած է Լ. Սահակեանի տեղագրական ճշդումներու հիման վրայ:

 

Նախորդը

Ուզում Էք` Յեղափոխութիւնը Կայանա՞յ, Քաւոր Պետրոսին Աքսորէ՛ք

Յաջորդը

Ժառանգաբուխ Ափ Մը Հաւատք

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.