Տարին Անցաւ (Բայց Խնդիրները Մնացին)
ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ Սկիզբէն իսկ ըսենք, որ խնդիրներ լուծող Մովսէսի գաւազան ակնկալողներու շարքին չենք: Տխուր եւ չոր իրականութիւնը այն է, որ հարցերը իրենց լուծումին առաջնորդող գործընթացները կը պակսին: Մեր ակնարկութիւնը չի վերաբերիր համաշխարհային քաղաքական կացութեան, ուր չի յարգուիր նոյնիսկ անտառի օրէնքը: Մենք, իբրեւ պետութիւն (Հայաստան) եւ ժողովուրդ (հայութիւն), լաւագոյն պարագային կրնանք մտածել այս խութերուն եւ խարակներուն մէջէն նուազագոյն վտանգներով նաւարկելու մասին:...



















