Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Բակօ Սահակեան Մասնակցած Է
Արցախի 100-Ամեայ Բնակիչին Յոբելեանին
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 8 յունուարին Ասկերան քաղաքի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մասնակցած է նոյն քաղաքի բնակիչ Զմրուխտ Գէորգեանի 100-ամեայ յոբելեանին նուիրուած տօնական ձեռնարկին:
Նախագահը կարեւոր նկատած է նման նախաձեռնութիւններ` աւելցնելով, որ այսուհետեւ եւս պիտի շարունակեն գործադրել առողջապահական, ընկերային եւ տնտեսական համապարփակ ծրագիրներ, որոնք կը միտին բարձրացնել քաղաքացիներուն կենսամակարդակի եւ կեանքի տեւողութեան ցուցանիշները:
Նախաձեռնութեան մասնակցած են նաեւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան եւ բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներ:
Բիւրականի Աստղադիտարանը Տարիներ Ետք
Կրնայ Վերագործարկել 2 Մեծ Դիտակները
Վիքթոր Համբարձումեանի անուան Բիւրականի աստղադիտարանին մէջ 2015-ին յայտնաբերուած են նոր տիրոյթներ, ուր աստղերը երիտասարդ են կամ նոր կը յառաջանան: Այս մասին «Նիուզ»-ի թղթակիցին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է աստղադիտարանի տնօրէն Հայկ Յարութիւնեան` ամփոփելով նախորդ տարուան կատարած աշխատանքը:
«Մեր աստղադիտարանին մէջ կը կատարուին հետազօտութիւններ աստղայառաջացման նոր տիրոյթներու յայտնաբերման ուղղութեամբ, այսինքն` այն տեղերը, ուր աստղերը դեռ շատ երիտասարդ են կամ նոր կը յառաջանան: Այս աստղերէն կը յառաջանան մեծ թիւով շիթեր, որոնք շատ կարեւոր են հասկնալու համար, թէ ի՛նչ ուղղութեամբ կ՛ըլլայ զարգացումը: Զարգացման ընթացքը հասկնալու համար մենք նաեւ կ’ուսումնասիրենք անկայուն աստղերը, որոնք կը բռնկին, կը փոփոխուին», յայտնած է Հայկ Յարութիւնեան:
Աստղադիտարանի կարեւորագոյն ձեռքբերումը, ըստ Յարութիւնեանի, երկու մեծ դիտակներու վերանորոգումն ու արդիականացումն է, որովհետեւ երկար տարիներէ ի վեր փափաք կար զանոնք կրկին օգտագործելու, սակայն նիւթական միջոցները բաւարար չէին:
«Նախորդ տարի Բիւրականի աստղադիտարանին մէջ բացումը կատարուեցաւ նաեւ Տարածաշրջանային աստղագիտական կեդրոնի գրասենեակին, ինչ որ կարեւոր է աստղադիտարանի միջազգային ճանաչման համար: Այս պահուն կեդրոնին միացած են` Իրանը, Հայաստանը, Վրաստանը: Պատմութեան մէջ առաջին անգամն ըլլալով մենք բանակցութիւններու սկսած ենք եւրոպական աստղադիտարաններուն հետ` միաւորուելու կամ անոնց հետ միացեալ ծրագիրներ իրականացնելու համար», դիտել տուած է Հայկ Յարութիւնեան:
Խօսելով այցելուներուն մասին` ան նշած է, որ նախորդ տարի աւելի քան 70 գիտնական այցելած է աստղադիտարան` գիտաժողովներու մասնակցելու կամ ուսումնասիրութիւններ կատարելու նպատակով:
«Այցելուներուն թիւն ալ քանի մը հազարի կը հասնի: Մարդիկ խումբերով կու գան փոքր դիտակէն դիտումներ ընելու համար», յայտնած է աստղադիտարանի տնօրէնը:
«Չինգիզ Այթմատովի Գրական Մրցանակ»-ը`
Հրաչեայ Թամրազեանին
«Գրական թերթ»-ը կը հաղորդէ, որ ԱՊՀ երկիրներու «Չինգիզ Այթմատովի գրական մրցանակ»-ը այս տարի տրուած է Հրաչեայ Թամրազեանին: Զայն յանձնած են ԱՊՀ երկիրներու միջխորհրդարանական վեհաժողովի նախագահ Վալենթինա Մաթվիենքոնն ու Ղազախստանի խորհրդարանի նախագահ Ասիլպեք Ժենպեկովը: Ողջոյնի խօսքին մէջ Ասիլպեք Ժենպեքով բարձր գնահատած է Հրաչեայ Թամրազեանի բանաստեղծութիւնը, անոր գիտական եւ թարգմանչական գործունէութիւնը. «Ձեր ստեղծագործութիւնները թարգմանուած են շարք մը լեզուներու, դուք նոյնպէս թարգմանած էք շարք մը նշանաւոր բանաստեղծներու ստեղծագործութիւնները: Չինգիզ Այթմատովի անուան մրցանակի յանձնումը կը վկայէ ձեր ստեղծագործութեան բարձր մակարդակի մասին: Վստահ եմ, որ դուք մեզ դեռ շատ պիտի ուրախացնէք ձեր ստեղծագործութիւններով, որոնք կ՛ամրապնդեն բարեկամութիւնը երկու ժողովուրդներուն միջեւ», նշած է Ասիլպեք Ժենպեքով:
Այս մրցանակով պարգեւատրուելու համար տարեկան կը ներկայացուի մէկ թեկնածութիւն ԱՊՀ անդամ իւրաքանչիւր երկիրէ: Տարեկան միայն մէկ անձ կրնայ դափնեկիր դառնալ:
Մրցանակի յանձնման արարողութիւնը տեղի ունեցած է 27 նոյեմբերին, Ս. Փեթերսպուրկի Տաւրիդեան պալատին մէջ կայացած ԱՊՀ երկիրներու միջխորհրդարանական վեհաժողովի նիստին ընթացքին: Նոյն օրը Ս. Փեթերսպուրկի գլխաւոր զէնքէն կէսօրուան համազարկը տուած է Հրաչեայ Թամրազեան:
Հայաստանի Գրողներու Միութեան Տարբեր Ծրագիրները
22 դեկտեմբերին տեղի ունեցած է Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահութեան տարեմուտի նիստը: Միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեան ներկայացուցած է միութեան 2015-ի գործունէութեան ամփոփ հաշուետւութիւնը` նշելով, որ իրականացուած է այն, ինչը ծրագրուած էր:
Նախորդ տարուան ընթացքին կատարուած են աւանդական աշխատանքները` գիրք նուիրելու օր, մանկապատանեկան գիրքի շաբաթ, սայաթնովեան Վարդատօն եւ այլն, կազմակերպուած է շուրջ հարիւր նախաձեռնութիւն` յոբելեաններ, շնորհահանդէսներ, քննարկում-բանավէճեր, տօնահանդէսներ, յիշատակումներ, հանդիպումներ արտասահմանեան եւ սփիւռքի գրողներու հետ: Գրողները մասնակցած են Հայաստանէն դուրս կազմակերպուած գրական փառատօներուն, մասնաւորաբար` Գերմանիոյ, Պուլկարիոյ, Աւստրիոյ եւ Վրաստանի մէջ: Էդ. Միլիտոնեան կարեւոր նկատած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով կատարուած աշխատանքը, որ, ըստ նախապէս մշակուած ծրագիրին, գործադրուած է ամբողջութեամբ եւ բարձր մակարդակով:
Միութեան նախագահը անդրադարձած է նաեւ պաշտպանութեան նախարարութեան հետ կազմակերպուած նախաձեռնութիւններուն` հայկական բանակին նուիրուած ստեղծագործութիւններու մրցանակաբաշխութիւն, գրողներու հանդիպումներ զօրամասերուն մէջ եւ այլն: Արդիւնաւէտ եղած է մարզերու գրական բաժանմունքներուն հետ տարուող աշխատանքը: Պետական պատուէրով եւ պետական աջակցութեամբ հրատարակուած է շուրջ 50 գիրք: Քանի մը տասնեակ գրողներ արժանացած են տարբեր նախարարութիւններու եւ կազմակերպութիւններու մրցանակներուն եւ շնորհակալագիրներուն, իսկ քանի մը հատն ալ` արտերկրի մրցանակներու: Այնուհետեւ Էդ. Միլիտոնեան համառօտակի անդրադարձած է յառաջիկայ տարուան ծրագիրներուն եւ նախաձեռնութիւններուն:
Գրողներու միութեան նախագահութիւնը գաղտնի քուէարկութեամբ ընտրած է 2015-ի մրցանակակիր ստեղծագործութիւնները:
Նոյն օրը տեղի ունեցած է միութեան վարչութեան տարեվերջի նիստը, որ ամփոփած է Գրողներու միութեան տարեկան գործունէութիւնը: Վարչութեան անդամները մասնակիօրէն ներկայացուցած են նաեւ գալիք` 2016-ի ծրագիրները: Կատարուած են քննարկումներ, ներկայացուած են առաջարկներ, ապա վարչութիւնը տուած է 2015-ի գործունէութեան գնահատականը:
Էդուարդ Միլիտոնեան շնորհաւորած է Հայաստանի Գրողներու միութեան գրական ընտանիքը` Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի մէջ եւ մաղթած է առողջութիւն, երջանկութիւն եւ ստեղծագործական նորանոր յաջողութիւններ:
«Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ը Գործարկած Է Արեւային
Ուժով Բանող Հիմնական Կայաններ
Ամանորի նախօրէին «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.» ընկերութիւնը գործարկած է բջիջային կապի հիմնական երկու կայան` Երեւան-Գիւմրի ռազմավարական մայրուղիի 12 քմ` Մաստարա-Մարալիկ հատուածին մէջ: Այս երկու կայանները նմանատիպ այլ կայաններէ կը տարբերին անով, որ անոնք ելեկտրականութիւն կը ստանան արեւային մարտկոցներէ: Նօսր բնակութիւն ունեցող այս հատուածը տարիներէ ի վեր բջիջային հեռախօսակապէ զրկուած էր ելեկտրականութեան բացակայութեան պատճառով:
Արեւային ուժով սնուցում ստացող հիմնական կայանները կարելիութիւն կու տան մեծապէս նուազեցնելու ելեկտրականութեան ապահովման բաշխիչ ցանցէն ստացուող ուժանիւթի սպառումը` միեւնոյն ժամանակ թոյլ տալով նուազեցնել ընկերութեան` ենթակառուցուածքի պահպանման ծախսերը: Նօսր բնակութիւն ունեցող տարածքներն ու ռազմավարական ուղիները 2 ճի./3 ճի. ծածկոյթով ապահովելու «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ի ռազմավարութիւնը պայմանաւորուած չէ ընկերութեան ծախսերու նուազեցմամբ եւ ներդրումներու վերադարձը ապահովելու գործառնութիւն-սկզբունքով: Ընկերութեան գործունէութիւնը կը միտի արհեստագիտական անջրպետի վերացման` քաղաքներուն եւ գիւղական համայնքներուն միջեւ: «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ի կողմէ այլընտրանքային ուժանիւթի օգտագործումը բնական պաշարներու կառավարման ոլորտին մէջ ընկերութեան պատասխանատու մօտեցման ցայտուն օրինակ է:
«Մուսա Լեռ» Միութեան Անդամները
Պարգեւատրուեցան
Դեկտեմբեր 29-ին Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան զարգացմանը նպաստելու, ինչպէս նաեւ Մուսա Լերան հերոսամարտի 100-ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւններու կազմակերպման եւ աշխուժ մասնակցութեան համար «Մուսա Լեռ» հայրենակցական միութեան անդամները պարգեւատրած է սփիւռքի նախարարութեան պատուոյ գիրերով, իսկ ղեկավար Պերճ Ղազարեանին` ոսկիէ մետալով:
Նախարարը շնորհակալութիւն յայտնած է անոնց` ազգանուէր, հայապահպան գործունէութեան համար: «Մուսա Լեռ» հայրենակցական միութեան նախագահը շնորհակալութիւն յայտնեց նախարարին յատուկ աջակցութեան եւ ջերմ վերաբերմունքին համար, դիտել տալով, որ հպարտ են Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ հայապահպանման աշխատանքներուն նպաստելուն համար:
«100 Դուռ» Լուսանկարչական Ցուցահանդէս
Հայաստանի Նկարիչներու միութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «100 դուռ» լուսանկարչական ցուցահանդէսը, որ կարելիութիւն կու տայ «100 եկեղեցիներու դռներու շեմով միասին համազգային աղօթք բարձրացնել առ Աստուած, որպէսզի արդարութիւնը յաղթէ եւ այլեւս Ցեղասպանութեան նման արհաւիրքներու չհանդիպի մեր ժողովուրդը»:
Ցուցահանդէսը եւ «100 դուռ» լուսանկարչական նախագիծը նուիրուած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին: Նախագիծի հեղինակն է բեմադրիչ Խաոիկ Եղոյեանը: Նախագիծի ծիրին մէջ նկարած են հայկական 100 եկեղեցւոյ դուռ` Արեւմտեան Հայաստանի, Ջաւախքի, Հայաստանի եւ Արցախի մէջ:
«Քե՛Զ, Փոքրիկ» Խորագիրով Ամանորեայ Ծրագիր
Հանրապետութեան Հրապարակին Վրայ
Երեւանի քաղաքապետարանին նախաձեռնութեամբ Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առիթով մայրաքաղաքին մէջ կազմակերպուող տարբեր ծրագիրներու կարգին յատուկ մանուկներուն համար կազմակերպուած է համերգային ուրախ ծրագիր` «Քե՛զ, փոքրիկ» խորագիրով: Անոր ընթացքին մանկական համոյթներ ելոյթ կ՛ունենան, ինչպէս նաեւ մանուկներ հանդէս կու գան տարբեր մշակութային նախաձեռնութիւններով:
Համախմբուած երեխաները ողջունած են սիրուած շարժանկարներու ու հեքիաթներու յայտնի հերոսներն ու ծաղրածուները: Առաջին անգամն ըլլալով Երեւանի մէջ իր կախարդութիւնները ցուցադրած է Վրաստանէն ժամանած յատուկ հիւրը` հրաշագործութիւններու օսկարի դափնեկիր, մոգութեան արքայ, աճպարար Կիա Փարատաշվիլին: Հանդիսատես երեխաները իրենց ծնողներուն հետ անմիջականօրէն մասնակից դարձած են տօնախմբութեան:
Հանրապետութեան հրապարակին վրայ տօնական նախաձեռնութիւններ տեղի ունեցած են 6 յունուարին` Սուրբ Ծննդեան տօնին առիթով եւ 13 յունուարին` ամանորեայ տօնական միջոցառումներու եզրափակիչ համերգ: