ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Լեռնալիբանանի մէջ «Լիբանանեան ուժեր»-ուն եւ ընկերվարական յառաջդիմական միլիսներուն միջեւ կռիւներու սաստկացումէն ետք, 1983-ին, Պէյրութի արեւելեան գօտին եւ արուարձանները յաճախակի ռմբակոծումներու թիրախ դարձան: Իսկ բանակի հակակշիռին տակ գտնուող արեւմտեան Պէյրութ ընդհանուր առմամբ խաղաղ կը մնար:
Արեւմտեան Պէյրութի մէջ կեդրոնացած Ամալի, մուրապիթուններու եւ ընկերվարական յառաջդիմական զինեալները 1983-ի օգոստոսի 29-ին յարձակումներ կազմակերպեցին բանակային դիրքերու եւ կեդրոններու դէմ: Կարգ մը մեկուսացած շրջաններու մէջ, բանակային տարրեր աւելի ապահով վայրեր քաշուեցան:
Երեքշաբթի, օգոստոս 30-ին, ծանրակշիռ բախումներ ծայր առին Զոքաք Պլաթի շրջանին մէջ, Մըր աշտարակին մէջ հաստատուած բանակային դիրքին ուղղութեամբ: Զուգահեռաբար բախումներ ծայր առին պանդոկներու ծովեզերեայ շրջանին մէջ, ուր բանակային ուժեր հեռացան կարգ մը դիրքերէ:
Նոյն միջոցին, ռմբակոծման եւ մէկէ աւելի յարձակումներու թիրախ դարձան Ֆախրէտտին եւ Էմիր Պեշիր զօրանոցները, ուր հաստատուած բանակային ուժերը ուժեղ դիմադրութիւն ցուցաբերեցին: Հըլու զօրանոցին մօտ եւս բախումներ տեղի ունեցան:
Օդակայանին մօտ, ամերիկեան մարինզներու կարգ մը դիրքեր եւս թիրախ դարձան ռմբակոծումներու:
Երեկոյեան, բանակային ուժեր ուղղաթիռներով ցամաքահանում կատարեցին Նորմանտիի, Սէն Ժորժ եւ Ֆենիսիա պանդոկներուն մօտ: Գիշերուան ուշ ժամերուն, բանակային ուժեր դիրքեր հաստատեցին Հիլթընէն մինչեւ Ֆենիսիա, Սէն Ժորժ եւ Հոլիտէյ Ին պանդոկներու շրջանին բարձր դիրքերուն վրայ:
Օգոստոս 31-ին բանակային զօրամասեր մէկէ աւելի առանցքներով ու ճիւղաւորումներով թափանցեցին բախումներու թատերաբեմ հանդիսացող թաղամասերէն ներս:
Այսպէս, բանակային ուժերու թիւ մը տարածուեցաւ նաւահանգիստէն մինչեւ պանդոկներու, զինուորական բաղնիքի, Ռաուշէի, Ֆախրէտտին եւ Էմիր Պեշիր զօրանոցներուն, Ժընահի ու Սուլթան Իպրահիմի ծովեզերեայ գիծին վրայ. երկրորդ թեւ մը շարժեցաւ Թանգարանէն դէպի Պարպիր. իսկ այլ թեւ մը պանդոկներու շրջանէն դէպի Մըր աշտարակ, Սանայա եւ Համրա գիծերը իրարու միացուց: Զուգահեռաբար, բանակային միաւորներ, յաճախ բախումներ ունենալով, մուտք գործեցին Քարաքոլ Տրուզի, Վերտէոնի, Թալլէթ Խայաթի եւ Ռաս Պէյրութի թաղամասերէն ներս:
Բանակային ուժերու գործողութեանց ընթացքին Պէյրութ ապրեցաւ անընդհատ ու տեղատարափի սաստկութեամբ ծանր ռմբակոծումներու ահաւոր ժամեր:
* * *
17 մայիս 1983-ին, Խալտէի եւ Քրիաթ Շմոնայի մէջ, լիբանեւիսրայէլեան «ապահովութեան համաձայնագիր»-ը ստորագրուած էր: Լիբանանի, Իսրայէլի եւ Միացեալ Նահանգներու անունով համաձայնագիրը ստորագրած էին Անթուան Ֆաթթալ, Տաւիտ Քիմչէ եւ Մորիս Տրէյփըր: Այդ համաձայնագիրին հիմամբ օտար բոլոր ուժերը պիտի հեռանային Լիբանանէն:
Կողմերը կը հաստատէին, որ Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ պատերազմական վիճակը դադրած էր եւ գոյութիւն չունէր: Իսրայէլ յանձն կ՛առնէր իր բոլոր ուժերը հեռացնել Լիբանանէն: Պիտի ստեղծուէր ապահովութեան շրջան մը, որմէ ներս լիբանանեան կառավարութիւնը յանձն կ՛առնէր կիրարկել ապահովութեան կարգադրութիւններ:
Ապահովութեան համաձայնագիրին հիմամբ, շաբաթ, 3 սեպտեմբեր 1983-ին իսրայէլեան ուժերը հեռացան Ալէյէն եւ Շուֆի բարձունքներէն, ինչպէս նաեւ Խալտէէն:
Իսրայէլեան ուժերու հեռացումէն անմիջապէս ետք «Լիբանանեան ուժեր»-ու եւ ընկերվարական յառաջդիմական ուժերու միջեւ ծայր առին սաստիկ բախումներ եւ դիրքերու գրաւման նպատակով փոխադարձ յարձակումներ:
Գլխաւոր ճակատներն էին Սոֆար-Պհամտուն, Սուք էլ Ղարպ-Այթաթ, Սուք էլ Ղարպ-Ալէյ-Այն Ռըմմանէ եւ Ալէյ-Պհամտուն առանցքները, որոնց վրայ աւելցան Պաաքլին-Տէյր Քամար եւ Տէյր Տորիթ ու Պէյթէտտին ճակատները:
Սեպտեմբեր 6-ին տիւրզի ընկերվարական յառաջդիմական միլիսները գրաւեցին Պհամտունը, ուրկէ «Լիբանանեան ուժեր»-ը մեծաթիւ զոհեր տալէ ետք քաշուեցան դէպի Այն Թրազ:
Բախումներու, փոխադարձ յարձակումներու եւ սաստիկ ռմբակոծումներու հետեւանքով, ռազմաճակատներուն վրայ գտնուող եւ գրաւման ենթարկուած կամ գրաւումներու վտանգին ենթակայ շրջաններու բնակիչները հեռացած էին իրենց բնակարաններէն, ապաստան գտնելով համեմատաբար աւելի ապահով նկատուող գիւղերու մէջ: Ողբերգական էր յատկապէս Տէյր Քամարի վիճակը, ուր տասնեակ հազարաւոր գաղթականներ խմբուած էին:
Միւս կողմէ, լիբանանեան բանակը Սուք էլ Ղարպ մտաւ եւ դիրքեր հաստատեց նաեւ Խալտէի եռանկիւնին, օդակայանին, Տահր Ուահշի եւ Քֆար Մաթթայի բարձունքներուն վրայ:
Տիւրզիները զօրաշարժի ենթարկեցին իրենց բոլոր ուժերը: Ընկերվարական յառաջդիմական հինգ հազար կանոնաւոր կռուող ուժերուն կողքին, զէնքի տակ կանչուեցան տիւրզի 12 հազար երիտասարդ-երիտասարդուհիներ: Նաեւ` բանակէն տիւրզի 900 զինուորներ եւ 60 սպաներ հեռանալով իրենց դաւանակիցներուն միացան: Տիւրզի կռուող ուժերը կը գտնուէին Ուալիտ Ժոմպլաթի ընդհանուր հրամանատարութեան տակ: Անոնք ամուր դիրքեր հաստատած էին Պարուք լերան, Պաաքլինի, Պհամտունի եւ Ալէյի մէջ: Ընկերվարական յառաջդիմական կուսակցութիւնը նաեւ քաղաքային ծառայութեան բաժանմունք մը հաստատեց, շրջանային 23 գրասենեակներով, ուր երկու հազար կիներ եւ տղամարդիկ ծառայութեան անցան:
Ընկերվարական յառաջդիմական կուսակցութեան գործունէութիւնը շրջանային քանի մը գօտիներու բաժնուած էր` Պաաքլին, Մուխթարա, Տէյր Քամար, Ալէյ, Պհամտուն եւ արեւմտեան Պէյրութի մէջ` Քարաքոլ Տրուզ եւ Համրա:
Սեպտեմբեր 7-ին ամէնէն կատաղի կռիւները մղուեցան Ալէյ-Սուք էլ Ղարպ-Այթաթ գիծին վրայ, իսկ յառաջխաղացքի փորձեր կատարուեցան Այն Ռըմմանէ-Ալէյ գիծին վրայ: Տիւրզի միլիսները, սաստկօրէն ռմբակոծեցին բանակային դիրքերը:
Միաժամանակ սկսան փոխադարձ ջարդերը: Սկիզբը «Լիբանանեան ուժեր»-ը ջարդեր կազմակերպեցին Քֆար Մաթթայի, Պնայէի եւ Ապիէի մէջ: Այնուհետեւ տիւրզի կռուող ուժերը լայնածաւալ յարձակողականի անցան եւ բազմաթիւ շրջաններու մէջ ետ մղեցին «Լիբանանեան ուժեր»-ուն ձեռնարկած բոլոր յարձակողականները: Տունէ-տուն սուինամարտեր մղուեցան:
«Լիբանանեան ուժեր»-ու դիրքերը ինկան մէկը միւսին ետեւէն: Շուֆի եւ Ալէյի գիւղերու քրիստոնեաները խուճապահար բռնած էին գաղթի ճամբան: Սակայն տիւրզի զինեալներ կտրած էին ճամբաները եւ անխնայ կրակ կը բանային փախուստի դիմող ինքնաշարժներուն վրայ: Տիւրզիներ մտան քրիստոնեայ գիւղերը եւ տիւրզի-մարոնի խառն բնակչութեամբ գիւղերու քրիստոնեայ թաղերը եւ սուրի քաշեցին անոնց բնակիչները: Տէյր Քամար կը մնար պաշարուած եւ իր տասնեակ հազարաւոր գաղթականներով գոյութեան դժուարին պայմաններ կը դիմագրաւէր:
Սեպտեմբեր 7-էն 13, քանի մը օրուան ընթացքին Շուֆի եւ Ալէյի մէջ քրիստոնեայ 62 գիւղեր քանդուեցան, 1500 քրիստոնեաներ ջարդուեցան եւ 50 հազար ուրիշներ գաղթական դարձան:
* * *
«Ազդակ», 12 սեպտեմբեր 1983-ի թիւով եւ «Պիտի անցնի ա՛յս մրրիկը եւս» խորագիրով խմբագրականով, օրուան իրադարձութիւնները վերլուծելով կ՛ըսէր, որ զինուորական քանդիչ գործողութեանց գագաթնակէտին է ճիշդ, որ իսկական իմաստ կը ստանայ զէնքերու լեզուէն հրաժարելու պահանջը, երբ աւելի քան բացայայտ է, որ լիբանանցիին կողմէ` լիբանանցիին դէմ գործածուող զէնքը միայն միջոց մըն է շրջանային ու միջազգային մրցակցութեանց, հակամարտութեանց: Յաւելեալ արիւնահեղութիւնը միայն կը բարդացնէ հարցերը, ջուր կը լեցնէ ատելութեանց ջաղացքին, նոր վէրք մը կը բանայ բազմաչարչար հայրենիքի մարմինին վրայ, որուն նախապէս ստացած վէրքերը չեն սպիացած:
«Ազդակ» կ՛եզրափակէր ըսելով, որ կողմերէն որեւէ մէկուն յաղթանակը կամ արձանագրած յաջողութիւնը չի կրնար մնայուն լուծում բերել Լիբանանը յուզող հարցերուն, հաւասարապէս բոլո՛ր կողմերուն հակակշռումը, օտար միջամտութիւններէ անոնց ձերբազատումը եւ օրինականութեան յաղթանակը միայն կրնան լուծման ճամբու մէջ դնել տագնապը:
* * *
Շուֆի լեռներուն վրայ մղուող հրետանային մարտերը ուժգնօրէն կ՛արձագանգէին Պէյրութի մէջ: Բանակը խիստ հսկողութիւն եւ կրակմար հաստատած էր արեւմտեան Պէյրութի մէջ, եւ առտուան ժամը 5:00-էն ետք, կրակմարի աւարտին շարժումը կը սկսէր:
Վաճառատուները վերաբացած էին իրենց դռները, բայց ուրիշ առեւտուր մըն ալ կը բարգաւաճէր մայթերուն վրայ: Մարդիկ առանց վաւերագիրի եւ արտօնութեան կը ծախէին ճամպրուկներ, հագուստեղէն, ժամացոյց եւ կազի լամբեր, որոնք շատ փնտռուած էին ելեկտրական հոսանքին հերթական ընդհատումներուն պատճառով:
Մայթերուն վրայ, խանութներու եւ կրպակներու առջեւ կ՛ոռնային ելեկտրածին շարժակներ, որոնց գործն էր դարմանել ելեկտրական հոսանքի յանկարծական ընդհատումները:
Մարդիկ ժամանակ չէին կորսնցներ ճեմելով քաղաքին մէջ: Հետիոտն անցորդներ կարելի արագութեամբ եւ ամէնէն կարճ ճամբով կ՛ուզէին տեղ հասնիլ: Երբ բազմազգեան ուժերու օդանաւերը անցնէին, որոտացնելով իրենց շարժակները, անցորդները առաջին շէնքի մուտքին կ՛ապաստանէին: Անոնք նաեւ կարելի եղածին չափ արագ կը հեռանային կասկածելի ինքնաշարժէ մը, վախնալով որ անիկա կրնայ ականուած ըլլալ:
Լեռներուն վրայ որոտացող թնդանօթներէն զատ, լիբանանեան բանակի բազմաթիւ անցարգելները, մայթերու վրայ կանգնած զրահապատ կառքերը, աւազի տոպրակները եւ իրենց զէնքերով շրջող բանակայինները կը վկայէին պատերազմի ներկայութիւնը: Բանակային դիրքերուն մօտէն ինքնաշարժները կարելի արագութեամբ կը սուրային, որովհետեւ դարանակալ հաւանական արձակազէններու սպառնալիքը միշտ ներկայ էր:
Արեւելեան թաղերուն մէջ, բանակին ներկայութիւնը նուազ աչքառու էր: Ամէն տեղ, պատերը շէյխ Պեշիր Ժըմայէլի նկարներով զարդարուած էին:
Արեւմտեան կողմը, Ուալիտ Ժոմպլաթի բնակարանը պաշտպանուած էր լիբանանցի ոստիկաններու կողմէ, մինչ Ժոմպլաթի կուսակցութեան զինեալները, քանի մը քիլոմեթր անդին, կը կռուէին օրինական բանակին դէմ:
Երբ մութը կոխէր, փողոցները կ՛ամայանային: Կրակմարը, ժամը ութէն սկսեալ, խաւարի մէջ կը պարուրէր Պէյրութը եւ քանի մը պատահական լոյսեր միայն կը պլպլային պատուհաններու ետին:
* * *
Ուրբաթ, 16 սեպտեմբերին լիբանանեան օդուժը գործի լծուեցաւ ու ռմբակոծեց Սուք էլ Ղարպի մօտակայ կարգ մը դիրքեր, որոնցմէ յարձակումներ եւ ռմբակոծումներ կը կատարուէին շրջանին մէջ հաստատուած բանակային դիրքերուն վրայ:
«Հաուքըր Հանթըր» տիպի օդանաւեր բազմաթիւ հանգրուաններով յարձակումներ գործեցին, օժանդակելու համար բանակային ուժերու հակակշռած դիրքերու ընդարձակման: Հակաօդային հրթիռէ մը կրակ առած օդանաւ մը ինկաւ ծովը, Խալտէի դիմաց, սակայն օդանաւորդը յաջողեցաւ անկարգելով անվնաս ծով իջնել: Օդանաւային յարձակումները շարունակուեցան յաջորդող օրերուն: Սեպտեմբեր 19-ին լիբանանեան օդուժը երկրորդ օդանաւ մը կորսնցուց Ալէյի շրջանին մէջ:
* * *
Լիզպոնի մէջ 27 յուլիս 1983-ին նահատակուած հինգ զոհերուն` Սարգիս Աբրահամեանի, Սեդրակ Աճէմեանի, Սիմոն Եահնէեանի, Վաչէ Տաղլեանի եւ Արա Քըրճըլեանի մարմինները կիրակի, 18 սեպտեմբերի երեկոյեան Պէյրութ հասան:
Զոհերուն յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 20 սեպտեմբերին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, ժամը 11:00-ին: Ժամը 9:00-էն սկսեալ Պուրճ Համուտի շուկաները արդէն ինքնաբուխ կերպով փակուած էին, ի յարգանս նահատակներուն: Եկեղեցին, շրջափակը եւ մօտակայ թաղերը կը յորդէին ամէն կողմէ եկած ծերունիներով, հայրերով, մայրերով, երիտասարդներով, պատանիներով, պարմանուհիներով եւ մանուկներով:
Յուղարկաւորութեան արարողութենէն ետք բազմութիւնը ինքնաշարժներով ուղղուեցաւ Պուրճ Համուտի ազգային գերեզմանատունը, ուր «Մենք անկեղծ զինուոր ենք», «Վէրքերով լի» եւ «Ձայն տուր, ո՛վ ֆետա» երգերով հինգ հերոսները հողին յանձնուեցան:
* * *
Երկուշաբթի, 26 սեպտեմբերին զինադուլի համաձայնութիւն մը գոյացաւ, որմէ ետք Պէյրութի, շրջաններուն եւ Լեռնալիբանանի ռազմաճակատները մեծ մասամբ հանդարտեցան:
Կիրակի, 23 հոկտեմբերի առաւօտուն մարինզներու եւ ֆրանսական ուժերու կեդրոններուն դէմ ոճրային զոյգ խափանարարութիւններ տեղի ունեցան:
Առաջին պայթումը տեղի ունեցաւ օդակայանին մօտակայ քաղաքային օդանաւորդութեան նախկին կեդրոնին առջեւ. եռայարկանի շէնքը, ուր բնակութիւն հաստատած էին բազմազգեան ուժերու ամերիկեան զօրաբաժինէն 250 մարինզներու, քարերու կոյտի մը վերածուեցաւ:
Երկրորդ պայթումը տեղի ունեցաւ Ժընահի մէջ գտնուող ինը յարկանի շէնքի մը շրջափակէն ներս. շէնքին մէջ բնակութիւն հաստատած էին ֆրանսական զօրաբաժինէն 110 զինուորներ:
Նոյեմբեր 14-ին բուռն ռմբակոծումները վերսկսան: Ալէյ-Սուք էլ Ղարպ-Այթաթ գիծին վրայ գտնուող բանակային դիրքերը, ինչպէս նաեւ Էշրեֆիէն եւ արեւելեան արուարձանները սաստկօրէն ռմբակոծուեցան: