Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաւատք Եւ Սէր Միախառնուած` Ս. Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումի Գործունէութեան Մէջ

Յունուար 13, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

DSC_5261

Աւելի քան կէս դարու պատմութեան խորքէն մեզի հասած Ս. Էջմիածնի Կրօնասէր տիկնանց համախմբումը իր  գործունէութեամբ կենդանի կապ է Մայր Աթոռին հետ:

Ի մտի ունենալով, որ Ս. Էջմիածնի Կրօնասէր տիկնանց համախմբումի երկունքն ու ծնունդը եղած է ասպնջական մայրիներու երկրին մէջ, 55-ամեայ կտակ մըն է, որ կը փոխանցուի սերունդէ-սերունդ եւ ամէն տարի համախմբումի կիները իրենց շուրջ կը համախմբեն հաւատաւոր հետեւորդները, որոնք անգամ մը եւս առիթ կ՛ունենան Ս. Էջմիածնով ոգեշնչուելու եւ իրենց ազգային ու հոգեւոր ուխտը վերանորոգելու:

Արդարեւ, այս տարուան հանդիսութիւնը ոգեկոչումն էր համախմբումին 55-ամեայ գործունէութեան, հովանաւորութեամբ` Յովնան եպս. Յակոբեանի, կիրակի, 29 նոյեմբերին, «Լա Մարինա»-ի ծովահայեաց սրահին մէջ: Հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ Կոմիտաս վարդապետի «Մաղթերգ Հայրապետական»-ով, կատարողութեամբ տաղանդաւոր երգչուհի Անայիս Կէտիկեանի, որուն ձայնակցեցան բոլորը, յոտնկայս:

55-ամեայ տօնակատարութեան հանդիսութիւնը իր ողջոյնի խօսքով բացուած յայտարարեց բազմամեայ փոխատենապետ Անահիտ Տանձիկեանը, որ ոգի ի բռին խոր հաւատքով փարած է համախմբումի գործունէութեան: Ան ներկաներուն ուշադրութեան յանձնեց համախմբումի կիներուն հաւատաւոր անդամակցութիւնն ու գործունէութիւնը: «Ցնծութեան օր մը կ՛ապրինք այսօր, Ս. Էջմիածնի Կրօնասէր տիկնանց համախմբումի մեծ ընտանիքը կը տօնէ իր 55-ամեակը: Բոլորին սրտերը եւ հոգիները  ուրախ են այսօր, 55 տարուան բեղուն գործունէութիւն մը կատարած ենք ու պիտի շարունակենք մեր քայլերը հաստատ կերպով` մեր հաւատքը ու նուիրումը ընծայելու մեր կրօնքին, մեր հայրենասիրութեան եւ  Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինին»:

Յայտագիրի առաջին բաժինով խօսք առաւ համախմբումին ատենապետ Միմի Յարութիւնեանը, որ իր խօսքին մէջ հակիրճ կերպով ներկայացուց իրենց 55-ամեայ երթը: «Չորս հոգեւորականներու գլխաւորութեամբ եւ քանի մը քաջարի կիներու հաւաքական կամքին շնորհիւ է, որ ծնունդ առաւ համախմբումը, որ կոչուած էր ծառայելու հաւատքի եւ լոյսի գերագոյն կեդրոն Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինին: Հաւատքով եւ համոզումով սկսուած գործը  մինչեւ օրս կը շարունակուի նոյն սկզբունքներով»:

DSC_5327

Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ին յղած «Գիր օրհնութեան եւ գնահատանաց»-ը ընթերցուեցաւ հանդիսաւորութեամբ Յովնան եպս. Յակոբեան: Վեհափառ տէրը իր գիրով կ՛ողջունէր Համախմբումին 55-ամեակը եւ կ՛օրհնէր բոլոր անդամները, որոնք իրենց ներդրումը ունեցան սոյն համախմբումին հիմնադրութեան մէջ եւ ապահովեցին անոր գոյերթը:

Օրուան հանդիսավար Անահիտ Տանձիկեան հակիրճ կերպով ներկայացուց Յովնան եպս. Յակոբեանը, որ ծնած էր Գիւմրի եկեղեցասէր ընտանեկան յարկին տակ:  Օրհնութեան գիրին մէջ կ՛ըսուէր. «Կրօնասէր Տիկնանց համախմբումն իր Աստուածահաճոյ գործունէութեամբ կերտել էք յիշարժան, լուսաւոր պատմութիւն: Տակաւին երջանկայիշատակ Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց հայրապետի գահակալութեան տարիներին Համախմբումին շուրջ միաւորուած հայուհիներդ հաւատաւոր ընթացքով ու անսահման նուիրուածութեամբ աջակից էք մեր եկեղեցու եւ Ս. Էջմիածնի առաքելութեանը: Հակառակ ժամանակի բոլոր դժուարութիւնների ու խնդիրների, դուք անյաղթ պահեցիք Ձեր էջմիածնասիրութիւնը եւ Ձեր օրինակով եկեղեցանուէր ծառայութեամբ քաջալերեցիք շատերին: Յիշարժան յոբելեանի առիթով հայրապետական Մեր սէրն ու բարձր գնահատանքն ենք յղում կրօնասէր Տիկնանց համախմբումի պատուարժան անդամուհիներիդ: Միածնի իջման Սուրբ սեղանի առջեւ աղօթում ենք առ Աստուած, որ հանապազ հովանի եւ պահապան լինի Ձեզ եւ Ձեր ընտանիքներին` պարգեւելով քաջառողջութիւն, գործոց յաջողութիւններ եւ երկնապարգեւ ամենայն բարիք», ըսաւ ան:

Ապա անդրադարձ կատարուեցաւ այն իրողութեան, որ համայն աշխարհի մարդկութեան ստուար մեծամասնութիւնը խաղաղութիւն կ՛աղաղակէ, իսկ վերջին տարիներուն, յատկապէս Միջին Արեւելքի ժողովուրդին աղօթքները առ Աստուած միայն խաղաղութիւն կ՛աղերսեն, որովհետեւ ճաշակած է պատերազմի չարիքները, ըմպած է պատերազմի դառնութեան բաժակը: Եւ մենք` ազգովին, որպէս առաջին քրիստոնեայ  ժողովուրդ, մեր պատմութեան ընթացքին շատ թանկ վճարած ենք խաղաղութեան համար, շատ աղօթած ու պայքարած խաղաղութեան համար: Ցնորք չէ եղած մեր ժողովուրդի ու եկեղեցւոյ մեծ վիշտը, անարեւ կեանքն ու անխաղաղ գոյութիւնը: Դարեր շարունակ տառապած ենք խաղաղութիւն ձեռք ձգելու համար: Այսօր, աւելի քան երբեք, մանաւանդ մեր երկիրը, մեր եկեղեցին, մեր ժողովուրդը կարիքը ունին խաղաղութեան:

Այնուհետեւ յոտնկայս ունկնդրուեցաւ Հայրապետական օրհնութեան գիրը Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսին. «Եկեղեցւոյ պայծառութեան նպաստել կը նշանակէ մասնակից դառնալ եկեղեցւոյ կեանքին ու առաքելութեան: Հայ եկեղեցին մեր ժողովուրդին հոգեւոր մայրն է դարձած: Անոր հոգեւոր սնունդով սնած ու կազմաւորուած են մեր ժողովուրդի զաւակները: Հետեւաբար, եկեղեցւոյ շուրջ համախմբուիլ ու անոր ծառայելը հայուն համար դարձած է նուիրական ու առաջնահերթ պարտաւորութիւն»: Հոգեպարար սոյն պատգամը ներկաներուն փոխանցեց Նորայր եպս. Աշգեան:

Արամ Ա. վեհափառը իր պատգամին մէջ կ՛ըսէր. «Ահա ա՛յս գիտակցութեամբ ու նախաձեռնութեամբ Համախմբումը տարիներ շարունակ ծառայեց ու վերանորոգ հաւատքով կը շարունակէ ծառայել Ս. Էջմիածնին` անոր առաքելութեան բերելով իր կարեւոր ներդրումը: Ս. Էջմիածինը մեր ժողովուրդի առաջին եկեղեցին դարձաւ: Մեր ժողովուրդին համար Ս. Էջմիածինը, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի կողմէ հայրենի հողին վրայ 301 թուին բարձրացած Միածնաէջ Տաճարը, դարձաւ սրբավայր եւ խորհրդանիշ մեր քրիստոնէական հաւատքի ամրութեան եւ մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին միասնականութեան»:

Օրուան պատգամաբերը` Յովնան եպս. Յակոբեան իր խօսքին մէջ հայեացքները սեւեռելով համախմբումի ծննդոցին վրայ, յայտնեց, որ 20-րդ դարու կիսուն, Լիբանանի մէջ խումբ մը կիներ` հետեւելով Վարդանանց «Տիկնայք փափկասունք»-ին, անտեսելով ամէն տեսակի դժուարութիւններ եւ խոչընդոտներ, իրենց քաջարի գործունէութեամբ կը յայտարարէին ծնունդը Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր տիկնանց համախմբումին:

Արժեւորելով համախմբումին ծաւալած 55-ամեայ գործունէութիւնը` Յովնան եպս. Յակոբեան եզրակացուց. «Մենք կրնանք վկայել, թէ անցեալ 25 տարիներու ընթացքին ո՛չ միայն Լիբանանի մէջ, այլ նաեւ ամէնուրեք, Ս. Էջմիածնի Կրօնասէր տիկնանց համախմբումը ինչպիսի խանդավառութեամբ եւ ջանասիրութեամբ, իրենց աշխատանքին որպէս արդիւնք` բազմաթիւ եկեղեցական զգեստներ առաքեցին հայրենիքի տարբեր շրջաններ եւ թեմեր: Այսօր ո՛չ միայն Հայաստանի, այլեւ Ջաւախքի գրեթէ բոլոր եկեղեցիներուն մէջ դուք կը հանդիպիք անոնց»:

Գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցաւ Անայիս Նանէճեան-Կէտիկեան, որ մեկնաբանեց «Հաւուն Հաւուն» եւ «Կռունկներ» երգերը: Ապա տեղի ունեցաւ համախմբումի անդամներուն պարգեւատրումն ու շքանշաններու տուչութիւնը: Յուշանուէրներ ստացան բոլոր անոնք, որոնք անդամակցած էին համախմբումին աւելի քան 10, 20, 30 եւ 40 տարիներէ ի վեր:

Իրեն տասնամեայ գործունէութեան համար յուշանուէրներ ստացան Աբգարեան Երանուհի, Ազարեան Վերա, Արթինեան Սիլվա, Աբրահամեան Վերժին, Գէորգեան Նորա, Նաճարեան Մարի, Ումուտեան Անի, Սեմերճեան Էլիզապէթ, Փարթամեան Հուրի, Փանոսեան Աղաւնի, Փանոսեան Շաքէ, Փոլատեան Արուսեակ, Աբգարեան Թալին,  Տանձիկեան Միրէյ, Փանոսեան Լոռի, Վանլեան Լենա: 20-ամեայ անդամակցութեան  համար` Այանեան Ճէյն, Ֆարաճեան Ալին, Եաղճեան Ալիս: 30-ամեայ անդամակցութեան համար` Ասիլեան Ժանէթ, Թիւթիւնճեան Ալին, Տեմիրճեան Վարդուհի, Զաւզաւաթճեան  Սոնիա, Մարտիրեան Վարդուկ: 40-ամեայ անդամակցութեան համար`  Արսլանեան  Մարի, Մանկասարեան Սիլվա, Քիւբէեան Անժէլ, Յարութիւնեան Միմի, Սիմոնեան Ազատուհի:

Իրենց 55-ամեայ քաջարի ծառայութեան առիթով Ս. Էջմիածնի Կրօնասէր տիկնանց համախմբումը արծաթեայ ափսէ յուշանուէրով մը պարգեւատրեց տիկիններ Խաչատուրեան Գոհարն ու Շաքլեան Շաքէն: Այս առթիւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին կողմէ  իւրայատուկ պարգեւատրումի արժանացաւ Գոհար Խաչատուրեան` ազգային ու մշակութային կեանքին մէջ իր ունեցած իւրայատուկ ներդրումին համար:

Ներկաներուն բաշխուեցան Ս. Էջմիածինի մէջ կայացած Միւռոնօրհնէքի տեսերիզները, ինչպէս նաեւ Ս. Էջմիածնի Կրօնասէր տիկնանց համախմբումի Գ. հատորը:

Նորայր եպս. Աշգեանի «Պահպանիչ» աղօթքով վերջ գտաւ հաւաքը:

Նախորդը

Զահրատի Անթառամ Յիշատակին

Յաջորդը

Տարին Անցաւ (Բայց Խնդիրները Մնացին)

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?