Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ինչո՞ւ

January 13, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԱԼԲԻ ՔԻԼԵՃԵԱՆ

Ինչո՞ւ, ինչո՞ւ կը պատերազմին:

Ինչո՞ւ այս միջոցին կը դիմեն երկրի առաջնորդներ: Ինչո՞ւ սահմաններ որոշուած են երկիրներու միջեւ, որպէսզի «իմս»-, «քուկդ»-ի հա՞րց ելլէ…

Ինչո՞ւ թուականները կը փոխուին, բայց անցեալի սխալները կը կրկնուին: Ասկէ եզրակացնե՞նք, որ «պատմութեան գիրքերը» ի զուր գրուեր են կամ կը գրուին, թէ ոչ` սխա՞լ գրուեր են:

Արդեօք նախագահութեան ատակ անձեր, խորհրդարանականներ եւ քաղաքական խմբակներու անդամներ, քաղաքականութեան կողքին, պէտք է պատմութեա՞ն ճիւղն ալ ուսանին:

Կ՛ըլլան պահեր, երբ կը ձգեն մեզի ըսել, թէ չորս ոտքով կենդանիները մեզմէ լաւ են…

Ինչո՞ւ մեր նախահայրերը ականատես եղած են մարդ արարածին եսամոլական եւ գազանային վերաբերմունքին իր նմանին հանդէպ եւ մենք` թոռներս եւս նոյնին վկայ ենք հիմա:

Մի՞թէ մարդու ուղեղին մէջի տրամաբանութեան, գիտակցութեան եւ զգայնութեան մասերու բջիջները հետզհետէ կը նուազին:

Արդեօք դրամ ըսուած բանը դիտմա՞մբ մէջտեղ բերուած է… Աւելի լաւ չէ՞ր, եթէ չըլլար… Մարդիկ, երկիրներ իրարու պէտք եղածը փոխանակելով` դարձնէին առեւտուրը… (ինչպէս որ էր հին ժամանակներուն): Այսինքն աշխարհի բարիքները իրար մէջ կիսուէինք: Ի վերջոյ մէկ երկինքի տակ չե՞նք…

Ինչպէս որ անձ մը արհեստ սորվելու համար նախ աշկերտ կ՛ըլլայ եւ ըստ իր ընկալութեան կը վարպետանայ այդ մարզին մէջ` որպէս բնական արդիւնք: Սակայն ինչո՞ւ նոյնը չ՛ըլլար աշխարհի պատմութեան մէջ: Փոխանակ (ինչպէս կարգ մը մարզերու մէջ) օր ըստ օրէ աւելի յառաջանալու խաղաղութիւն պահելու մէջ` աշխարհը կը կրկնէ դասարանը:

Երկաթով, պողպատով շատ ընտիր արուեստի կտորներ մէջտեղ կրնան գալ, ուրեմն ինչո՞ւ եւ ի՞նչ իրաւունքով անձ մը իր նմանին կեանքին վերջակէտը դնելու գործիքներ կը պատրաստէ:

Ասոր պատասխաններն անգամ երբ միտքս գան, սիրտխառնուք կը պատճառեն, եւ աչքիս դիմաց մարդակերպ արարածներ կ՛ուրուագծուին, ո՛չ աւելին…

Ի՞նչ իրաւունք ունին տանտէրերը (բնակիչները) տեղահանելու, օճախները մարելու, ճամբաները քանդելու, ուրիշին ունեցածը կողոպտելու, հնութիւնները փոշիացնելու, մանկութիւններ գողնալու, մանկամարդերու ժպիտը անհետացնելու, երիտասարդ կեանքեր խլելու կամ անոնց ապագան մթագնելու, ծնողներ ահռելի կեանքի պայմաններու մէջ դնելու, մամիկներ եւ պապիկներ` անհանդուրժելի մտահոգութիւններու մատնելու: Իսկ ի վերջոյ, զանոնք թաղելու` գերեզմանատուն չկոչուած տարածութեան մը մէջ…

Ի՞նչ իրաւունք ունին… ի՞նչ…

Աւելի գնահատելի չէ՞ գիւղացիին ըրածը, որ տարուէ տարի կը ջանայ աւելի բարեբեր դարձնել հողը, անշուշտ որ իր ապրելակերպն ալ… Այո՛, կ՛ընէ` առանց խլելու ուրիշի հողին բարիքները եւ,  ինչո՛ւ չէ, օգնելով կարիքաւորներուն` տօնական օրերուն: Ան երբեք տխուր չէ ամենավերջին նորոյթ կեանքը չվարելուն համար… Ան աւելի լաւ հասկցած է կեանքի նպատակը:

Լուրերէն կը լսենք, թէ առաջին օրէն որ պատմութիւնը սկսեր է գրի առնուելու,  պատերազմներու նիւթը գրաւած է հաստափոր գիրքեր, էջե՜ր ու էջե՜ր, թուականնե՜ր ու թուականնե՜ր: Կը զարմանանք այս լեղի իրականութեան, որ մինչեւ օրս կը շարունակուին պատերազմները, անշուշտ` նորութիւններով, որոնք տասնեակ գիրքեր պիտի լեցնեն:

Բայց թէ ե՛րբ, ինչպէ՛ս պիտի փոխուին չարամիտ «սկզբունքները»: Թերեւս երբ ուրիշ մոլորակի մը վրայ կեանք սկսի. սակայն կասկածով եմ, որ հոն ալ հաւանաբար շարունակուի նոյն հոլովոյթը…

 

 

 

 

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Նշմար. Կոչ Հայաստանի Հանրապետութեան Կառավարութեան «Հայացնելու» Կառավարութեան Նախարարութիւններուն Անունները

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի
Անդրադարձ

Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

January 31, 2026
1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը
Անդրադարձ

1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.