Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարցազրոյց` «Կրթութիւն Հայաստան» Կազմակերպութեան Ներկայացուցիչ Թենի Աւագեանի Հետ

Յունուար 11, 2016
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարցազրոյցը վարեց` ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ

12309418_10100194770546332_1992253233_n

«Հայաստանի երեխաները արժանի են լաւագոյն կրթութիւնը ստանալու եւ իրենց ներուժը բացայայտելու»: Իր գործունէութիւնը այս տեսլականով  սկսած է «Կրթութիւն Հայաստան» կազմակերպութիւնը, որ հիմնադրուած է 2013 թուականին: «Կրթութիւն Հայաստան»-ը  36-րդ գործընկերն է «Թիչ ֆոր օլ» (Teach For All) համաշխարհային ցանցին, որ կ’աշխատի ընդլայնելու ուսման հնարաւորութիւնները աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ:

Հայաստանի մէջ իր գործունէութիւնը նոր սկսած «Կրթութիւն Հայաստան» կազմակերպութիւնը արդէն արդիւնաւէտ աշխատանք կը տանի` ամրապնդելով իւրաքանչիւր մասնակիցի ձգտումը եւ կը բարձրացնէ աշխատանքային որակը:

«Կրթութիւն Հայաստան» ծրագիրի իրականացման հանգրուաններուն ընդհանուր աշխատանքին ու առաքելութեան մասին աւելի լայն պատկերացում ունենալու նպատակով «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ կազմակերպութեան հաւաքագրման եւ ընտրութեան տնօրէն Թենի Աւագեանին հետ:

«ԱԶԴԱԿ».-Ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս հիմնադրուած է «Կրրթութիւն Հայաստան» հասարակական կազմակերպութիւնը:

ԹԵՆԻ ԱՒԱԳԵԱՆ.- «Կրթութիւն Հայաստան» ծրագիրը հիմնադրուած է 2013 թուականին,  հիմնադիր տնօրէն Լարիսա Ռայանի կողմէ: Ծրագիրը կ՛աշխատի, որ բոլոր երեխաները լաւագոյն կրթութիւն ստանալու առիթ ունենան: Այս գաղափարի հիման վրայ 25 տարի առաջ ստեղծուած է «Թիչ ֆոր Ամերիկա» կազմակերպութիւնը, քանի մը տարի ետք ստեղծուած է «Թիչ ֆըրսթ» կազմակերպութիւնը Անգլիոյ մէջ: Այս երկու կազմակերպութիւնները միաւորուելով` ստեղծած են «Թիչ ֆոր օլ» մայր կազմակերպութիւնը, որմէ ներշնչուելով` բխած են  աւելի քան 38 երկիրներուն մէջ աշխատող նմանատիպ ծրագիրներ: «Կրթութիւն Հայաստան» կազմակերպութեան հիմնադիր տնօրէնը «Թիչ ֆոր Ամերիկա»-ի մասնակից եղած է` դասաւանդելով Արիզոնա նահանգի ամէնէն վատ թաղամասերէն մէկուն դպրոցին մէջ: Պայծառ օր մը իր քով կը յառաջանայ միտք մը, թէ ինչո՛ւ ինք այս գործը կ՛ընէ Ամերիկայի մէջ եւ` ոչ Հայաստանի: Ինչո՞ւ հայ երեխաներուն համար նման աշխատանք մը չի տանիր: Աւարտելով ծրագիրը Արիզոնայի մէջ` կու գայ Հայաստան եւ կը հիմնադրէ «Կրթութիւն Հայաստան» հասարակական կազմակերպութիւնը:

«Ա.».- Ի՞նչ է ծրագիրին նպատակը եւ ի՞նչ միջոցներ կը պատկերացնէք ծրագիրը յաջողցնելու:

TeachforArmenia4_111116

«Թ. Ա.».- Կազմակերպութեան գլխաւոր նպատակն է ունենալ այնպիսի Հայաստան մը, ուր բոլոր երեխաները առիթ ունենան ստանալու լաւագոյն կրթութիւն:

Մենք կը հաւաքագրենք երիտասարդ մասնագէտներ, նոր շրջանաւարտներ, կը վերապատրաստենք զիրենք եւ կը տեղաւորենք դպրոցներուն մէջ որպէս ուսուցիչ: Թէ ինչո՛ւ ուսուցիչ, ինչու դպրոց, ինչու կրթութիւն, որովհետեւ գիտենք, որ կրթութիւնը դռներ կը բանայ հետագայ կեանքի զարգացման համար, եւ որովհետեւ առանց կրթութեան մենք չենք կրնար նոյնիսկ երազել յաջողութեան հասնելու մասին:

Ցաւօք կան հանգամանքներ, որոնք աշխարհի երեխաներուն որակեալ կրթութիւն ստանալու գործընթացին վրայ ուղղակի կ՛ազդեն անկախ այն բանէն, թէ անոնք ո՛ւր ծնած են, ո՛ւր կ՛ապրին, իրենց ծնողներու կրթութիւնը ի՛նչ մակարդակի է: Տնտեսական կարողութիւնները ի՛նչ մակարդակի են:

Այն երեխաները, որոնք կը ծնին նմանատիպ միջավայրերու մէջ ընկերային անապահով ընտանիքներէ եկած կ՛ըլլան եւ, ցաւօք, իրենց կեանքի ուղին արդէն որոշուած կ՛ըլլայ, իսկ մենք մտցնելով մեր ուսուցիչները աշակերտներու կեանքին մէջ` կը փոխենք կամ կ՛աշխատինք փոխել անոնց կեանքի հետագայ հնարաւոր ուղին. եթէ աշակերտները սովորաբար Ա. կէտէն Բ. կէտ պիտի երթան, որովհետեւ պայմանները իրենց համար այդպիսի ստեղծուած են, մենք մեր կարգին կ՛ենթադրենք, որ մեր ուսուցիչները ներդրելով աշակերտներուն կեանքին մէջ` անոնց հաւանական կեանքի ուղին կը փոխուի հնարաւոր կեանքի ուղիի:

Մասնակիցներուն համար «Կրթութիւն Հայաստան»-ը կը ներկայացնէ առաջնորդութեան զարգացման ծրագիր ուսուցանելու միջոցով: Մասնակիցները ձեռք կը բերեն աշխատանքային փորձառութիւն, կեանքի եւ աշխատանքային հմտութիւններու զարգացում:  Այս աշխատանքը վճարովի է, կամաւոր հիմունքներով երբեք չ՛իրականացուիր:

«Ա.».- Ի՞նչ են ծրագիրին ընդունուելու պայմանները կամ ինչպէ՞ս պէտք է դիմել մասնակից դառնալու համար ծրագիրին:

«Թ. Ա.».- Դիմողներուն համար ո՛չ մասնագիտական սահմանափակումներ կան, ո՛չ ալ տարիքային: Դիմողը պարզապէս պէտք է ունենայ հայերէնի բաւարար իմացութիւն, եթէ պիտի դասաւանդէ օտար լեզու, իսկ հայերէնի գերազանց կրթութիւն, եթէ պիտի դասաւանդէ այլ նիւթեր: Մասնագիտական սահմանափակում չունինք, որովհետեւ գիտենք, թէ կան մասնագիտութիւններ, որոնցմով կարելի է դասաւանդել որոշ նիւթեր` անկախ այն իրողութենէն, թէ մանկավարժութիւ՞ն ուսանած է տուեալ անձը, թէ՞ ոչ. օրինակ, եթէ մէկու մը մասնագիտութիւնը բնագիտութիւն է, բնական է, որ ան բնագիտութիւն դասաւանդէ, բայց եթէ բժիշկ է, բազմաթիւ նիւթեր կրնայ դասաւանդել դպրոցին մէջ:

TeachforArmenia2_111116

Դիմողները նախ համացանցային տարբերակով պէտք է դիմում ներկայացնեն հայերէն կամ անգլերէն լեզուով teachforarmenia.org կայքին միջոցով, որմէ ետք ընդունուելու պարագային կ’անցնին երկրորդ փուլ, որ գնահատման կեդրոնն է: Բոլոր մասնակիցները կու գան գրասենեակ, ապա որոշակի վարժութիւններ կը կատարեն, որպէսզի կարենանք գնահատել մասնակիցներուն հմտութիւնները: Եթէ մասնակիցները սփիւռքէն են, այդ պարագային կը կազմակերպենք հանդիպում համացանցի միջոցով: Երկրոդ փուլէն ետք կը հրաւիրենք դիմողը` մասնակցելու ծրագիրին: Սեպտեմբեր մէկին դպրոց մտնելէն առաջ ծրագիրի մասնակիցները կ՛ունենան հինգ շաբթուան խտացուած դասընթացք, որ կը կոչուի ամառնային ուսումնարան:

Անցեալ տարի դասընթացքը տեղի ունեցաւ Դիլիջանի մէջ. մեծ հաւանականութեամբ այս տարի ալ նոյն վայրին մէջ տեղի ունենայ: Մեր բոլոր մասնակիցները կը տանինք Դիլիջան, ուր կ՛ապրին, կ՛աշխատին, կը սորվին: Դասընթացքի առաւելութիւններէն մէկն է ալ այն է, որ մասնակիցները ոչ միայն ծրագիրին կը հետեւին, այլ կարողութիւն կ՛ունենան գործնականօրէն կիրարկել իրենց սորվածը դասարանին մէջ, որովհետեւ Դիլիջանի մէջ նաեւ նոյն ատեն կը գործէ մեր կազմակերպած ամառնային դպրոցը Դիլիջանի եւ շրջանի երեխաներուն համար, հետեւաբար այն, ինչ որ մասնակիցները կը սորվին դասընթացքին, յաջորդ օրը  կը կիրարկեն ամառնային դպրոցին մէջ` նախքան իսկական դպրոց մտնելը: Միւս կողմէ երեխաներն ալ կ՛օգտուին, որովհետեւ իրենց համար ամառնային զբաղում է:

«Ա.».- Ինչո՞ւ անհրաժեշտ է միանալ ծրագիրին. ի՞նչ բան կը կարեւորէք դիմողներուն մէջ:

«Թ. Ա.».- Միանալ ծրագիրին, որովհետեւ հայ իրականութեան մէջ, ցաւօք սրտի, այսօր կայ երեւոյթ մը, երբ երեխաներու կեանքին մէջ շատ յաճախ կը բացակային ծնողներէն մէկը կամ միւսը աշխատանքային  պատճառներով, եւ կամ մարզային դպրոցներուն մէջ կը բացակայի օրինակելի մայրը «Ռոլ մատըրը», որուն երեխան նայի եւ ըսէ. «Ես քեզի պէս կ՛ուզեմ ըլլալ», կամ այն անձը, որ կրնայ ոգեւորել երեխաները եւ յառաջացնել սէր` սորվելու նկատմամբ: Մինչ մեր մասնակիցը կրնայ ըլլալ այն անձը, որ կը յաջողի փոփոխութիւն ներմուծել թէկուզ մէկ երեխայի կենաքին մէջ: Մէկ երեխայի հաւանական կեանքի ուղին փոխել հնարաւոր կեանքի ուղիի: Ինչպէս նշեցի, «Կրթութիւն Հայաստան»-ը ոչ միայն մեր  երկրին մէջ կը գործէ, այլ համաշխարհային շարժման մաս կը կազմէ, հետեւաբար մեր ծրագիրին մասնակիցներն ալ այդ շարժման մաս կազմելով` կը բերեն փոփոխութիւն երկրին ու իրենց ապագային համար: Մենք գիտենք, որ երեխաները մեր ապագան են , բայց մեր մասնակիցները այսօրուան առաջնորդներն են: Մենք շատ մեծ կարեւորութիւն կու տանք այն բանին, որ մեր մասնակիցներն ալ ստանան հմտութիւններ, գիտելիքներ, որ իրենց կ՛օգնէ հետագայ աշխատանքի զարգացման համար: Ասոր համար մենք երկու տարուան ընթացքին կ՛աշխատինք իրենց հետ` զարգացնելու այն հմտութիւնները, որոնք ոչ միայն յաջողութեան կը տանին դասարանէն ներս, այլ նաեւ` դասարանէն դուրս հետագայ որեւէ քայլի համար: Մենք չենք ակնկալեր, որ ծրագիրին միացողները անպայման ուսուցիչ ըլլան կամ  հետագային ուսուցիչ դառնան. անշուշտ փորձը ցոյց կու տայ, որ մօտաւորապէս 40-50 տոկոսը անկախ անկէ, թէ իրենք ունին մանկավարժական ձգտումներ, կը մնան կրթութեան ոլորտին մէջ: Որոշ մասնակիցներ ալ կը սկսին նոր ձեռնարկութեան կամ կը մտնեն հասարակական կազմակերպութիւններու մէջ:

Մենք կ՛ուզենք նուիրուած, խելացի, նպատակներ ունեցող անհատներ: Անոնք, որոնք սէր ունին երեխաներու նկատմամբ, որովհետեւ չես կրնար դասաւանդել, եթէ չունիս սէր երեխաներուն նկատմամբ: Մենք կ՛ուզենք այնպիսի մարդիկ, որոնք պատրաստ են մարտահրաւէրներու, որովհետեւ մեր աշխատանքը մարտահրաւէրներով լեցուն աշխատանք է, այդ մարտահրաւէրներն են, որոնք պիտի զարգացնեն հոյակապ մասնագէտներ ոչ միայն կրթական ոլորտին մէջ, այլ` որպէս անհատներ:  Մենք կ՛ուզենք այնպիսի մարդիկ, որոնք կը հաւատան կամ գիտեն, որ բան ունին տալու կամ ներդրելու մեր Հայաստանի հետագայ զարգացման գործին մէջ, բայց միաժամանակ պատրաստ են իրենք եւս զարգանալու:  Մեզի համար մեր մասնակիցները շատ կարեւոր են` ըլլալով ներկայ առաջնորդները երկրին: Երկիր, որ կ՛ըսեմ, սփիւռքն ալ` ներառեալ, որովհետեւ մենք այսօր ունինք երկուքուկէս-երեք միլիոն ժողովուրդ Հայաստանի մէջ եւ 10 միլիոն սփիւռք, հնարաւոր չէ չօգտուիլ սփիւռքի ներուժէն:

«Ա.».- Ի՞նչ առաւելութիւն ունի ծրագիրը: Ինչո՞վ աւելի հետաքրքրական կը դառնայ:

«Թ. Ա.».- Մենք սափմանափակումներ չունինք: Ան,  որ ուսուցիչ է արդէն, կրնայ դիմել ծրագիրին մասնակից դառնալու: Բայց մեծ մասամբ կը փորձենք հաւաքագրել այնպիսիք, որոնք ուսուցիչ չեն: Թիրախային խումբը աւելի շատ ուսուցիչ չեղողներն են, հակառակ անոր որ բազմաթիւ ուսուցիչներ կը դիմեն: Անոնք, որոնք կը դիմեն,  պէտք է պատրաստ ըլլան այլ վայր տեղափոխուելու: Վայրի ընտրութիւնը կը կատարուի ըստ դիմողի մասնագիտական գիտելիքներուն եւ ապա տեղի կ՛ունենայ մեզի հետ համագործակցող ուսուցիչներու համապատասխանեցում. այնպէս որ,  մասնակիցները չեն կրնար ընտրել, թէ ո՛ր վայրը  պիտի տեղափոխուին աշխատելու նպատակով:

Մենք, որպէս հասարակական կազմակերպութիւն,  ուսուցիչի աշխատավարձին կողքին, կը տրամադրենք ամսական թոշակ, որովհետեւ տեղափոխուելու հետ կապուած ծախսեր կան: Երկրորդ` ենթադրելով, որ ոչ բոլորը ունին մանկավարժի որակաւորում, որովհետեւ Հայաստանի մէջ դասաւանդելու համար պարտադիր պայման է ունենալ մանկավարժի որակաւորում, մեր բոլոր մասնակիցները կ՛ընդգրկենք մագիստրոսի ծրագիրին` մեզի հետ համագործակցող համալսարաններէն մէկուն մէջ, որ երկու տարուան ընթացքին ստանան նաեւ մագիստրոսի աստիճան` մանկավարժական ոլորտի մէջ այն նիւթով, որ կը դասաւանդեն, յաւելեալ` ուսուցիչի որակաւորում, որպէսզի եթէ ցանկութիւն ունենան շարունակել կրթական ոլորտին մէջ, ապա օրինականօրէն կարողանան այդ իրագործել ծրագիրի շրջանակներէն դուրս:

«Ա.».- Ձեր միամեայ գործունէութեան արդիւնքին մասին որոշ տեղեկութիւններ կրնա՞ք տալ:

TeachforArmenia3_111116

«Թ. Ա.».- Սեպտեմբեր 2015-ը առաջին տարին էր, որ մեր ուսուցիչները մուտք գործեցին դպրոց: Այս պահի դրութեամբ կ՛աշխատինք երեք մարզերու մէջ` Լոռի, Տաւուշ եւ Արմաւիր: Ունինք 14 մասնակից, որոնք տեղաւորուած են 12 դպրոցներու մէջ: Երկու դպրոց ունինք, ուր կը գործեն 2 մասնակից:

Առաջին տարուան համար մե՛նք մօտեցած ենք դպրոցներուն` առաջարկելով իրենց ծրագիրի շրջանակներուն մէջ ընդգրկել մեր մասնակիցը:

Ի դէպ, դպրոցներն ալ մեր ծրագիրին համապատասխանող որոշակի չափանիշներ պէտք է ունենան, որ դառնան հիւրընկալ դպրոց`  մեր մասնակիցներուն. նոյնպէս եւ տնօրէնը պէտք է պատրաստակամ ըլլայ ընդունելու մեր մասնակիցը: Եւ որովհետեւ մենք կ՛աշխատինք հանրակրթական դպրոցներու հետ, ունինք համաձայնագիր կրթութեան նախարարութեան հետ, որպէսզի կարենանք իրագործել մեր ծրագիրը հանրակրթական դպրոցներուն մէջ:

Սեպտեմբերին սկսած են մեր մասնակիցները աշխատիլ դպրոցներու մէջ եւ արդէն երկու-երեք ամսուան ընթացքին փոքր, բաց յուզիչ արդիւնքներ կը տեսնենք մեր աշակերտներուն մէջ: Օրինակ, շնորհիւ մեր մասնակիցներէն մէկուն, երկու հաշմանդամ աշակերտներ երկու ամսուան ընթացքին սորված են գրիչ բռնել, մօտաւորապէս 15-16 տառ կը գրեն եւ փոքր հատուածներ կը կարդան:

Աշակերտները, որոնց հետ կ՛աշխատին մեր մասնակիցները, յաճախ կ՛արտայայտուին, թէ կ՛ուզեն իրենց ուսուցիչներու պէս լաւ ուսուցիչ ըլլալ: Կը ձգտին դառնալ այն կերպարը, որ կը ներկայացնեն մեր մասնակիցները դպրոցին մէջ:

Հայաստանի մէջ խնդիրներու լուծումը առաւել վերաբերմունք ցուցաբերելու մէջ է, ճիշդ մեթոտով մատուցելու մէջ: Գիտելիքները նոյնն են, իսկ հիմնական խնդիրը այն է, թէ ի՛նչ մեթոտներով կը մատուցուին այդ նիւթերը:

«Թիչ ֆոր» մեթոտը հիմնուած է «Թիչինկ ազ լիտըրշիփ» մեթոտի վրայ, որ բոլոր երկիրներուն մէջ նոյնն է: Միշտ կ՛ուզեմ խօսիլ մեր ձեռնարկած գործի մեծութեան մասին: Մենք չենք ստեղծեր անիւը: Անիւը արդէն կայ, մենք կը յարմարեցնենք զայն հայաստանեան իրականութեան եւ տուեալներուն հետ:

Նորութիւն չէ այս ծրագիրը, այլ` 25 տարուան փորձառութիւն ունեցող կազմակերպութիւն. «Կրթութիւն Հայաստան»-ը թէեւ բոլորվին անկախ է, բայց 25 տարուան փորձառութիւն ունի իր ետին:

Անցեալ տարի մեր առաջին հաւաքագրման տարին ըլլալով` մենք մեծ ջանքեր չթափեցինք սփիւռքէն մասնակիցներ հաւաքագրելու, սակայն այս տարի կը փնտռենք աւելի մեծ թիւով մասնակիցներ: Մենք մեր ջանքերը կ՛ընդլայնենք, որ սփիւռքի բարեկամներէն հաւաքագրենք, առաւել եւս` Լիբանանէն, Ամերիկայէն եւ Ռուսիայէն:

 

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Իրանի Դեսպանը

Յաջորդը

Տեսակէտ. Հիմնականն Ու Երկրորդականը (2)

RelatedPosts

«Եթէ Մի Օր Չունենամ Այն Միջոցները, Որ Չկարողանամ Օգնել Երեխաներին, Պարտուած Կը Զգամ Ինձ». Արմինէ Յովհաննիսեան
Հարցազրոյց

«Եթէ Մի Օր Չունենամ Այն Միջոցները, Որ Չկարողանամ Օգնել Երեխաներին, Պարտուած Կը Զգամ Ինձ». Արմինէ Յովհաննիսեան

Յունիս 24, 2025
«Այս Աշխատանքը Միայն Համերգ Մը Չէ, Այլ` Ապացոյց Մը, Որ Մեր Մշակոյթը Կրնայ Նոր Ձեւերով Շարունակել Ապրիլ` Առանց Իր Հոգին Կորսնցնելու», «Ազդակ»-Ին Կ՛ըսէ Սէրուժ Պաղտասարեան
Հարցազրոյց

«Այս Աշխատանքը Միայն Համերգ Մը Չէ, Այլ` Ապացոյց Մը, Որ Մեր Մշակոյթը Կրնայ Նոր Ձեւերով Շարունակել Ապրիլ` Առանց Իր Հոգին Կորսնցնելու», «Ազդակ»-Ին Կ՛ըսէ Սէրուժ Պաղտասարեան

Յունիս 20, 2025
«Պուրճ Համուտի Մէջ Սորվեցայ Մարդասիրութիւնն Ու Ազգասիրութիւնը, Իսկ Մեր Առաքելութեան Նպատակը Բոլորին Ծառայելն Է»  «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Տոքթոր Վաչէ Վասիլեան
Հարցազրոյց

«Պուրճ Համուտի Մէջ Սորվեցայ Մարդասիրութիւնն Ու Ազգասիրութիւնը, Իսկ Մեր Առաքելութեան Նպատակը Բոլորին Ծառայելն Է» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Տոքթոր Վաչէ Վասիլեան

Յունիս 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?