Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կրթական Հոգեր. Շուկայի Չվերածենք Կրթական Մեր Կեանքը

Յունուար 12, 2016
| Անդրադարձ
1
Share on FacebookShare on Twitter

Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ

Շուկայական տնտեսութեան օրերը կ’ապրինք բոլորս: Մեր կեանքի գրեթէ բոլոր մարզերուն մէջ տիրապետողը առ եւ տուրն է` պիզնեսը: Բարոյական արժէքներ, ազգային ըմբռնումներ սկսած են իրենց տեղը զիջիլ առեւտրական, շուկայական մօտեցումներու: Ամէն մարդ «ծախելիք» բան մը ունի: Իսկ «ծախելու» համար պէտք է ծանուցել, քարոզչութիւն կատարել, այսինքն` «ծախու հանուածը» կարելի եղածին չափ շպարել, գեղեցկացնել եւ մարդոց իբրեւ նորութիւն հրամցնել:

Կրթական կեանքն ալ մատնուած է շուկայական այս փորձութեան: Ամէն մարդ շուկայ կը փնտռէ մեր դպրոցներուն մէջ: Հրաւէրներ կը տեղան աջէն ու ձախէն` ներկայ գտնուելու այս կամ միութեան ներքին ձեռնարկին, տօնավաճառին կամ հրապարակային մէկ նախաձեռնութեան: Ի վերջոյ, աշակերտութիւնը պատրաստի «յաճախորդութիւն է»: Եթէ կարելի ըլլայ հասնիլ անոր` դիւրութեամբ շահ կ’ապահովուի, յաջողութիւն կ’իրագործուի: Շուկայի տրամաբանութեամբ աշակերտութիւնը թիւ է, որուն հասնելու համար կ’արժէ դիմել ամէն միջոցի:

Միութիւններ, յաճախ նաեւ անհատներ տեղի-անտեղի կը դիմեն դպրոցներու` աշակերտութեան հասնելու համար: Բոլորին ընդառաջելու համար պէտք է դասագիրք-ծրագիր մէկ կողմ դնել եւ աշակերտութիւնը այս ձեռնարկէն միւս ձեռնարկը փոխադրել, որպէսզի… բոլորը գոհ մնան եւ իրենց «ծախելիքը ծախեն»:

Դպրոցները իրե՛նք յաճախ սկսած են շուկայական մտահոգութիւններով առաջնորդուիլ: Ամանորի թէ Զատկուան աւանդական տօնավաճառները սկսած են կիրակնօրեայ շուկաներու տեսք ստանալ: Ծնողներ կը հրաւիրուին այդ տօնավաճառներուն իրենց զաւակներուն գեղարուեստական ելոյթները դիտելու եւ նաեւ… շուկայական գնումներ կատարելու: Առ ու ծախն է տիրապետողը եւ ոչ անպայման` հայկական աւանդական ուտելիքներու կամ աշակերտական ձեռայիններու ցուցադրութիւնը: Նիւթական ապահովելու ճիգին մէջ ո՞վ ի՛նչ կը վաճառէ, այնքան ալ յստակ չէ:

Բայց կայ աւելի՛ն: Շուկայական մօտեցումով` դպրոցներու չափազանցեալ եւ երբեմն անտեղի քարոզչութիւնը:

Կրթական հաստատութիւններու պարտականութիւնն է ուսուցչական թէ ծնողական ժողովներ գումարելը, ատենամարզանք կատարելը եւ ազգային ոգեկոչական հանդիսութիւններ կազմակերպելը: Իսկ ի՞նչ օգուտ ունի այդ բոլորը ծանուցելը, իբրեւ յաջողութիւն ներկայացնելը… Ամէնէն զաւեշտականը, հաւանաբար, պետական քննութիւններու յաջողութիւններու համեմատութիւններուն հրապարակումն է: Դպրոցներու առաքելութիւնն է եւ պարտաւորութի՛ւնը աշակերտներ պետական քննութիւններուն պատրաստելը եւ յաջողցնելը: Ո՞վ ի՛նչ իրագործում կը կատարէ, երբ կը յոխորտայ, թէ ինք այսքան աշակերտութիւն յաջողցուցած է պետական քննութիւններուն:

Շուկայական այս մօտեցումը, միայն թիւի եւ թուանշաններու այս տարօրինակ կառչածութիւնը  (աշակերտութեան թիւ, քննութիւններու յաջողութեան թիւ, պաքալորէայի բաժանմունքներու թիւ, միջվարժարանային մրցանքներու մրցանակակիրներու թիւ, թի՛ւ, թի՛ւ…) «յօնք շինելու փոխարէն` աչք կը հանէ»: Հայկական դպրոցները իրարու մրցակից չեն կրնար ըլլալ, պէտք չէ ըլլան: Եթէ մրցակցութեան հարց մը կայ, այդ ալ օտար վարժարաններու մրցակից դառնալն է` հոն յաճախող հայ աշակերտութիւնը հայ դպրոց ներգրաւելու համար: Ներքին մրցակցութիւնը վնասաբեր է եւ ջլատիչ: Այլապէս, ի՞նչ օգուտ ունի, երբ հայկական դպրոց մը այլ դպրոցի մը փորձառու մէկ ուսուցիչը «կ’որսայ»` նիւթական շռայլ խոստումներով, որովհետեւ շուկայական մրցակցութիւնը կը թելադրէ, որ այդ ուսուցիչը «յաճախորդութիւն»` աշակերտութիւն կրնայ ապահովել դպրոցին: Այլ տեղ դպրոց մը իրեն դրացի այլ դպրոցի մը աշակերտները «կ’որսայ», որովհետեւ իր քարոզչութեան պատիւ չի բերեր աշակերտութեան թիւին նուազումը:

Շուկայական մրցակցութիւնն ու տնտեսութիւնը հեռու պէտք է պահել հայ դպրոցէն, որովհետեւ հայ դպրոցը խանութ չէ, իսկ անոր յաջողութիւնը կամ ձախողութիւնը թիւերու, շահու եւ վնասի մօտեցումներու վրայ հիմնուած չէ, այլ` մարդակերտումի եւ հայակերտումի այնպիսի արժեչափերու վրայ, որոնք կը պայմանաւորեն հայեցի մեր դիմագիծն ու ինքնութիւնը, կրթութիւնն ու դաստիարակութիւնը: Բաներ, որոնք միլիոններով չեն գնուիր ու ծախուիր ո՛չ կրթական մեր շուկային եւ ոչ ալ աշխարհի որեւէ այլ շուկայի մէջ:

Նախորդը

Մալարիա-Դողտենդ – Malaria

Յաջորդը

Եզիտիները Մերձաւոր Արեւելքի Ճգնաժամից Յետոյ. Արեւի Սպասմամբ

RelatedPosts

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Դպրոցական Օրերէն Լաւ Յիշատակ Մը
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն «Թռչէի Մտքով Տուն»

Մայիս 10, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Գիտակից Մայրը (Մայրերու Օրուան Առթիւ)

Մայիս 10, 2025
Բնակա՞նը,  Թէ՞  Բնութիւնը
Անդրադարձ

Հերոսածին Մայրեր

Մայիս 10, 2025

Comments 1

  1. Ծնող says:
    9 years ago

    Մրցակցութիւնը շատ կարեւոր է: Շատ կարեւոր է նաեւ մրցակցութիւնը հայկական դպրոցներու միջեւ, այլապէս առաջընթաց չըլլար:

    Reply

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?