Մեծ եղեռնի 100-ամեակին առթիւ, «Ժամանակ»-ի նահատակ աշխատակիցներէն Ռուբէն Զարդարեանի յօդուածներու ժողովածոն հրատարակուեցաւ` որպէս երրորդ հատորը թերթին «100-ամեակ»-ի մատենաշարին, Քասիմի ու Երուխանի հատորներէն ետք: Կուսակցական ու հասարակական գործիչ, մանկավարժ ու արձակագիր Ռուբէն Զարդարեան «Ժամանակ»-ի հիմնադրութեան առաջին ամիսներուն, հոկտեմբեր 1908-էն մինչեւ մարտ 1909-ը, կարճ շրջան մը, իր առաջնորդող յօդուածներով աշխատակցած է թերթին` դառնալով անոր աւելի քան 100-ամեայ երթին պատուական անուններէն մէկը:
Զարդարեանի հրապարակագրական յօդուածներու հաւաքածոն (200 էջ) լոյս տեսած է աշխատասիրութեամբ բանասէր Սեւան Տէյիրմենճեանի, որ պատրաստած է նաեւ հատորին ծանօթագրական հարուստ բաժինն ու յատուկ անուններու ցանկը: Յառաջաբանը գրի առած է պատմաբան Վահէ Թաշճեան, Պերլինէն: Կողքը, որ 1908-ին, սահմանադրութեան վերահռչակման առթիւ հայերու կողմէ Զմիւռնիոյ մէջ կատարուած խանդավառ ցոյց մը կը պատկերէ, պատրաստած է տաղանդաւոր արուեստագէտ Արէտ Կըճըր:
Ո՞վ Է Ռուբէն Զարդարեան
Արեւմտահայ գրականութեան կոթողներէն մէկը, գրագէտ, հրապարակագիր, դաստիարակ, հանրային եւ դաշնակցական ականաւոր գործիչ Ռուբէն Զարդարեան ծնած է 1874-ին, Սեւերեկ: Հազիւ երկու տարեկան` ընտանեօք կը փոխադրուի Խարբերդ, ուր ալ կ՛անցնին իր մանկութեան ու պատանեկութեան տարիները եւ երիտասարդութեան առաջին շրջանը:
Զարդարեան իր կրթութիւնը կը ստանայ Խարբերդի ազգային դպրոցին մէջ, ապա ամերիկեան հաստատութենէ ներս եւ ի վերջոյ` Թլկատինցիի վարժարանին մէջ, ուր ալ կը ձեւաւորուի անոր մտաւոր-բարոյական նկարագիրը: Թլկատինցիի ազդեցութիւնը հետագային պիտի արտայայտուէր նաեւ իր գրականութեան մէջ:
Դպրոցական շրջանին արդէն պատանի Զարդարեանի մէջ կը նկատուի հակում ու սէր` գրականութեան եւ գիտութեան նկատմամբ: Ինքնամփոփ, իր խոհերով տարուած անձ մըն էր ան, գիծ մը, որ անբաժան մնաց իր բնաւորութենէն ամբողջ կեանքին ընթացքին: Զարդարեան իր ամբողջ ուժն ու ժամանակը կը յատկացնէր ինքնազարգացման: Եւ երբ 1892-ին լրացուց իր ուսման ընթացքը եւ մտաւ ուսուցչական ասպարէզ, շուտով աչքի ինկաւ իբրեւ հմուտ ու սիրուած դաստիարակ եւ բանիմաց ու լուրջ հանրային գործիչ:
1897-1903 թուականներուն Զարդարեան վարեց Մեզրէի Կեդրոնական վարժարանի տնօրէնութեան պաշտօնը` իրեն գործակից ունենալով կարող ու նուիրուած ուսուցիչներու խումբ մը: Կը դասաւանդէր հայերէն ու ֆրանսերէն, պատմութիւն եւ գրականութիւն: Այս 5-6 տարիներու ընթացքին իր ձեռքին տակէն ելան մտաւոր լայն պաշարով օժտեալ գաղափարական երիտասարդներ, որոնք իբրեւ ուսուցիչ, գրագէտ կամ հանրային գործիչ` արդիւնաւոր դեր կատարեցին ո՛չ միայն Խարբերդի ու շրջակայքին մէջ, այլեւ` ընդհանուր ազգային կեանքէ ներս:
Սակայն միայն կրթական-դաստիարակչական աշխատանքով չէր սահմանափակուեր Զարդարեանի աշխատանքը: Ան եռանդով կը մասնակցէր հասարակական գործերուն եւ աւելի մեծ եռանդով` յեղափոխական աշխատանքին: Անդամ էր ՀՅ դաշնակցութեան եւ հետզհետէ պիտի դառնար կուսակցութեան խորհրդանշական անուններէն մէկը: Իր շունչով կը կազմակերպուէին եւ յեղափոխական դաստիարակութիւն կը ստանային երիտասարդները, քաղաքին թէ գիւղերուն մէջ: Կը կատարէր վարիչ դեր մը շրջանի կուսակցական կեանքին մէջ, յարաբերութիւն կը պահէր դուրսի մարմիններուն հետ եւ կը թղթակցէր «Դրօշակ»-ին:
Զարդարեան իր գործունէութեամբ անջնջելի հետք մը ձգեց Խարբերդի դաշնակցական կազմակերպութեան, մասնաւորապէս երիտասարդութեան վրայ: Այդ գործունէութիւնը, բնականաբար, չէր կրնար վրիպիլ կառավարութեան ուշադրութենէն, մանաւանդ որ նախանձողներ ու հակառակորդներ ալ ունէր հայերու մէջ: Պատահական առիթէ մը օգտուելով, 1903-ին կառավարութիւնը կը ձերբակալէ Զարդարեանը` Թլկատինցիի ու քանի մը ուրիշ մտաւորականներու հետ: Տարի մը բանտին մէջ մնալէ ետք, 1904-ին տեղի կ՛ունենայ դատավարութիւնը, եւ Զարդարեան ազատ կ՛արձակուի, բայց այլեւս չի կարենար պաշտօնավարել Խարբերդի մէջ:
Նոյն տարին, 1904-ին Զմիւռնիոյ ազգային վարժարանի հոգաբարձութեան հրաւէրով Զարդարեան ընտանիքով կը տեղափոխուի Զմիւռնիա, բայց արգելքի հանդիպելով` կը ստանձնէ մերձակայ Մանիսայի հայկական վարժարանին տնօրէնութիւնը, ուր սակայն հազիւ տարի մը կրնայ մնալ: Վրայ կը հասնին 1905-ի դէպքերը, սուլթան Համիտի մահափորձի պատրաստութեան զուգընթաց Զմիւռնիոյ մէջ եւս կը կատարուին յեղափոխական աշխատանքներ, որոնց լուրը կը հասնի բռնապետական վարչակարգի ականջը: Տեղի կ՛ունենան խուզարկութիւններ եւ ձերբակալութիւններ: Կը խուզարկուի նաեւ Զարդարեանի բնակարանը եւ ան կը բանտարկուի երկու շաբաթ: Մանիսայի մէջ մնալն այլեւս անկարելի էր: Ընկերներուն պնդումով եւ աջակցութեամբ, Զարդարեան իր ընտանիքին հետ, իբրեւ փախստական, կը մեկնի Պուլկարիա եւ կը հաստատուի Ֆիլիպէ քաղաքը:
Այստեղ Զարդարեանի առջեւ կը բացուի գործունէութեան նոր ասպարէզ մը: 1906-ին կը ձեռնարկէ «Ռազմիկ» եռօրեայ թերթի հրատարակութեան, որ կը դառնայ ՀՅ դաշնակցութեան Պալքաններու շրջանի ազդեցիկ պաշտօնաթերթը: Խմբագրական աշխատանքէն զատ, ազատ ժամանակը Զարդարեան կը յատկացնէ գրականութեան ու Դաշնակցութեան կազմակերպական գործերուն: Որպէս Պալքաններու ներկայացուցիչ` ան կը մասնակցի ՀՅ դաշնակցութեան Վիեննայի մէջ կայացած Դ. Ընդհանուր ժողովին:
Օսմանեան սահմանադրութեան հռչակումէն ետք Զարդարեան կու գայ Պոլիս, ուր կը սկսի իր կեանքի ու գործունէութեան երրորդ շրջանը, որ կ՛ըլլայ այնքան նշանակալից: Կ՛աշխատակցի «Ժամանակ»-ին ու արեւմտահայ մամլոյ այլ օրկաններուն: 1909-ին, ՀՅ դաշնակցութեան Բիւրոն կը հիմնէ «Ազատամարտ»-ը, որուն մնայուն խմբագրապետը կը դառնայ Ռուբէն Զարդարեան` շրջապատուած օգնականներու եւ աշխատակիցներու փայլուն հոյլով մը: Որպէս խմբագիր եւ հրապարակագիր` Զարդարեան ցոյց կու տայ արտասովոր հմտութիւն եւ աշխատունակութիւն: «Ազատամարտ» իր ղեկավարութեան ներքոյ կը դառնայ արեւմտահայ մամլոյ տարեգրութեան մէջ եզակի երեւոյթ մը:
Խմբագրական զբաղումներէն դուրս, Զարդարեան ժամանակ կը յատկացնէր նաեւ գրականութեան, հանրային ու կուսակցական աշխատանքի: Կը թղթակցէր Պոսթընի «Հայրենիք»-ին, տարիներ շարունակ ուղարկելով շաբաթական տեսութիւններ` «Աչք Եհովայի» ծածկանունով: Կը դասախօսէր Հայրիկեանի Արդի կրթարանին ու Ղալաթիոյ Կեդրոնական վարժարանին մէջ: Անդամ էր Ազգային երեսփոխանական ժողովին: Գործօն մասնակցութիւն կը բերէր գրական ասուլիսներուն, ազգային, գրական, կուսակցական ձեռնարկներուն:
1914-ի ամրան Զարդարեան ալ կը մասնակցի ՀՅ դաշնակցութեան Կարնոյ Ը. Ընդհանուր ժողովին` լի յոյսերով ու ոգեւորութեամբ: Բայց ժողովը դեռ չէր վերջացած, երբ կը սկսի Համաշխարհային Ա. պատերազմը եւ Զարդարեան ընկճուած` կը շտապէ վերադառնալ Պոլիս: Կը սկսին մռայլ օրերը: Զարդարեան մինչեւ վերջ կը մնայ
«Ազատամարտ»-ի գլուխը` անյողդողդ պաշտպանելով հայութեան դատը: Ապրիլ 24-ին ան ալ կ՛աքսորուի հարիւրաւոր ուրիշ մտաւորականներու հետ նախ Այաշ, ապա` Գոնիա, վերջը` Հալէպ: Եւ Հալէպէն ետք ոչ մէկ լուր իրմէ. Գերեզման իսկ չունեցաւ, ինչպէս` իր բախտակից ընկերները:
Զարդարեան իր պատուաւոր տեղը ունի հայ մամուլի եւ հանրային-յեղափոխական կեանքի պատմութեան մէջ, բայց անհամեմատ աւելի մեծ է իբրեւ գրագէտ: Գրական հետաքրքրութիւնը իր մէջ զարգացաւ դեռ աշակերտական նստարաններուն վրայ, Թլկատինցիի ազդեցութեան տակ: 1890-ին լոյս տեսաւ իր առաջին գրութիւնը` Պոլսոյ «Ծաղիկ»-ին մէջ: 1891-1892 կ՛աշխատակցէր Գր. Զօհրապի եւ Հր. Ասատուրի «Մասիս»-ին, 1895-ին` Ա. Չօպանեանի «Ծաղիկ»-ին, ապա` «Արեւելեան մամուլ»-ին, «Արեւելք»-ին, «Շիրակ»-ին, Ն. Ադոնցի «Բանբեր գրականութեան եւ արուեստի» հանդէսին եւ այլն, ինչպէս նաեւ` «Դրօշակ»-ին: «Ռազմիկ»-ի եւ «Շիրակ»-ի մէջ կը ստորագրէր` Էժտահար: Զարդարեան հրատարակած է նաեւ դասագիրքեր` «Մեղրագետ»-ներու շարքը եւ թարգմանութիւններ` օտար գրականութիւններէ: Գրած է նաեւ Գէորգ Չաւուշի կենսագրութիւնը` Ասլան ծածկանունով, «Դրօշակ»-ի մատենաշարին համար:
Սկզբնական շրջանին Զարդարեան կը գրէր առաւելապէս գաւառական պատկերներ, ժողովրդական հեքիաթներ, առօրեայ կեանքէն զանազան նիւթերու մասին յօդուածներ: Հետզհետէ իր գրական հորիզոնը կ՛ընդլայնի, փիլիսոփայական, բարոյական եւ հայրենասիրական հարցեր կը յափշտակեն իր միտքը եւ կը գրէ անմահ մնալու սահմանուած գրական գոհարներ, ինչպէս` «Պահակները արթուն են», «Եօթը երգիչներ», «Ով որ սուլթան մը ունի իր հոգիին մէջ» եւ այլն: