Յօդուածներ

Նշմար.- Ծայրայեղական Չես Դուն…

Թղթածրար- Ի Խնդիր Հայերէնին Պահպանման – 2. Հրաւէր Համատարած Շարժումի Մը

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Հայերէնի պահպանման ու ծաղկումին առաջադրանքը կը հարկադրէ ազգային համատարած շարժում մը, որ ընդգրկէ Հայաստանն ու արտերկրի բոլոր` մեծ ու փոքր  օճախները: Այս հաստատումը չի նշանակեր, որ ցարդ որեւէ շարժում տեղի չէ ունեցած կամ աշխատանք չկայ, այլ կ՛ենթադրէ` սկսուած աշխատանքներուն տալ աւելի ուժեղ թափ, զանոնք փոխադրել տեսականէն գործնական դաշտեր: Այլ խօսքով, վճռական քայլեր առնել, որպէսզի խորհրդաժողովներու, համագումարներու, գիտաժողովներու եւ...

Մի Կարեւոր Վկայութիւն Ռուս-Թուրքական (Պոլշեւիկա-Քեմալական) Յարաբերութիւններ Սկզբնաւորման Մասին (Մայիս 1919թ.)

Մի Կարեւոր Վկայութիւն Ռուս-Թուրքական (Պոլշեւիկա-Քեմալական) Յարաբերութիւններ Սկզբնաւորման Մասին (Մայիս 1919թ.)

ԱՐԱ ՊԱՊԵԱՆ «Մոդուս Վիւենդի» կեդրոնի ղեկավար Վերջին շրջանում շատացել են քննարկումները ռուս-թուրքական յարաբերութիւնների եւ այդ յարաբերութիւնների պատմութեան մասին: Դա մեծապէս պայմանաւորուած է ռուսական քաղաքացիական օդանաւի պայթեցման գործում թուրքերի ունեցած դերի, Թուրքիայի կողմից ռուսական ռազմական ինքնաթիռի կործանման, ինչպէս նաեւ ռուս-թուրքական` աւելի ճիշդ պոլշեւիկա-քեմալական, Մոսկուայի, 1921թ. մարտի 16-ի պայմանագրի առաջարկուած չեղարկման հետ: Ռուս քաղաքական գործիչները յաճախ շեշտում են, որ թուրքերը երախտամոռ եղան`...

Մեր Մայրերուն Եւ Հայրերուն «Դուք Որո՞ւ Կը Նմանիք»

Ազեզի Հայերը

ԽԱՉԱՏՈՒՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՊՕՂՈՍԵԱՆ Հալէպի քէմփին մէջ վերապրած լճեցիներ. առաջին կարգին մէջտեղը իրարու վրայ երկարած են հայրս՝ Սարգիս Պօղոսեան եւ քեռիս՝ Սարգիս Կիրակոսեան Ժողովրդավարութեան անունով Սուրիոյ իշխանութիւնը տապալելու նպատակով հրահրուած ընդդիմադիր խմորումներուն սկիզբը զարմանքս չէի կրցած զսպել, երբ Արաբական լիկան առկախած էր Սուրիոյ անդամակցութիւնը ու անոր տեղ աթոռներ շնորհած էր Թուրքիոյ, Միացեալ Նահանգներուն, Ֆրանսային ու Սուրիոյ բարեկամ կոչուած, հիմա ցնդած...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ Արմէն Մուրատեան Եւ Յարութ Սասունեան Քննարկած Են Մարդասիրական Օգնութեամբ Դեղերու Ներածման Կարելիութիւնը Հայաստանի առողջապահութեան նախարար Արմէն Մուրատեան ընդունած է Միացեալ հայկական հիմնադրամի նախագահ Յարութ Սասունեանը: Նախարարը շնորհակալութիւն յայտնած է բարերարին` առողջապահական համակարգի արդիականացման եւ ժողովուրդի առողջութեան պահպանման ծառայող երկարամեայ աշխատանքին համար: Ան շեշտած է, որ իրականացուած աշխատանքը պատահական բնոյթ չի կրեր, այլ համակարգուած հսկայական գործընթաց է: Քննարկման...

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն.  Թաէֆի Համաձայնութիւնը Եւ «Ջնջումի Պատերազմ»-ը

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Թաէֆի Համաձայնութիւնը Եւ «Ջնջումի Պատերազմ»-ը

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Արաբական լիկային կողմէ 1989-ի յունուարին Սէուտական Արաբիոյ, Ալճերիոյ եւ Մարոքի ներկայացուցիչներէն բաղկացած եռանդամ յանձնախումբ մը կազմուած էր, որ լիբանանեան տագնապի լուծման համար Քուէյթի մէջ լիբանանեան կողմերու միջեւ բանակցութիւններու ձեռնարկած էր: Բանակցութիւնները յանգեցան Սէուտական Արաբիոյ Թաէֆ քաղաքին մէջ կայացած խորհրդակցութիւններուն: Թաէֆի ժողովը բացուեցաւ 30 սեպտեմբեր 1989, լիբանանցի 62 երեսփոխաններու ներկայութեամբ, նախագահութեամբ` խորհրդարանի նախագահ Հիւսէյն Հիւսէյնիի եւ ներկայութեամբ եռանդամ յանձնախումբի...

Խմբագրական.  Երեք Փաստաթուղթեր. Բովանդակային  Հետեւողականութիւն

Խմբագրական. Երեք Փաստաթուղթեր. Բովանդակային Հետեւողականութիւն

Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի առիթով որդեգրուած Համահայկական հռչակագիրին, բարեփոխուած սահմանադրութեան կենսագործման ուղիները ցոյց տուող նախագահի ելոյթին եւ ՀՅԴ-ՀՀԿ  համագործակցութեան համաձայնագիրին բովանդակութեանց մէջ կան բազմաթիւ արժեհամակարգային նմանութիւններ: Բովանդակային նմանութիւնները, իրար լրացնող գաղափարները եւ մանաւանդ համահայկական տարողութեամբ որդեգրուած վարքագծի մը հանդէպ հետեւողականութիւն ցոյց տալու մօտեցումը կարմիր թելի նման կ՛երկարի այս երեք փաստաթուղթերուն մէջ: Եւ հաւանաբար սխալ չ՛ըլլար, եթէ համագործակցութեան համաձայնութիւնը ընդհանուր այս...

Ակնարկ.  Քուէարկողը Կը Վճարէ՞…

Թղթածրար – Ի Խնդիր Հայերէնին Պահպանման.- 1. Մեկնելով Արդար Մտահոգութենէ Մը

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ «Ա՜խ, լեզո՜ւն, լեզո՜ւն, լեզո՜ւն, լեզուն որ չըլի...» Հայերս վստահաբար միակ ժողովուրդը չենք, որ տագնապ ապրած ենք ու կ՛ապրինք մեր լեզուին կրած նահանջներուն ու աղաւաղումներուն. ազգի ապագայով մտահոգ ենք` նոր սերունդին կողմէ հայերէնին հանդէպ աճող անտարբերութեան պատճառով, երբեմն ալ կը բոլորենք նման մտահոգութիւններ փարատող փուլեր: Մեզի ճակատագրակից-վիճակակից ժողովուրդներու հարցերը թողունք իրենց, մտնենք մեր «փոքր ածուն»` որոնելու համար նահանջին ու...

Վերապրողները .  Հեղինակ` Քեմալ Եալչըն

Վերապրողները . Հեղինակ` Քեմալ Եալչըն

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ Օրերս լոյս տեսած այս  վէպը կը պարտինք «Գէորգ Մելիտինեցի» մատենաշարի մէկ բարեբաստիկ որոշումին: Քեմալ Եալչըն` գերմանաբանակ թուրք այլախոհը,  այլեւս հանրածանօթ անուն մըն է ժամանակակից հայուն` ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի,  շնորհիւ իր զանազան աշխատութեանց` վէպերուն, յօդուածներուն,  մամլոյ ասուլիսներուն եւ այլ կարգի հայանպաստ ելոյթներուն ու կողմնորոշումներուն: Ան կը պատկանի փաղանգին այն ազնիւ թուրքերուն,  որոնք Հայոց եղեռնը կ’անուանեն իր...

Փետրուար Ամսուան Գործունէութիւնները.  Ազգ. Աբգարեան Վարժարանին Մէջ

Փետրուար Ամսուան Գործունէութիւնները. Ազգ. Աբգարեան Վարժարանին Մէջ

ԼԵՆԱ ՔԷՇԻՇԵԱՆ  Փետրուար ամսուան գործունէութիւնները Ազգային Աբգարեան վարժարանէն ներս այլազան եւ ճոխ ընթացք մը ունեցան այս տարեշրջանին: Առաջինը Վարդանանց ճակատամարտի նշումն էր հինգշաբթի, 4 փետրուար 2016-ին, ատենամարզանքի կոկիկ յայտագրի մը ընդմէջէն, որ յաւուր պատշաճի կատարուեցաւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ եւ առիթ եղաւ, որ աշակերտները աւելի լաւ հասկնան Վարդանանց խորհուրդը` «Վասն կրօնի, վասն հայրենեացը»: Կարդացուեցաւ Վարդան Մամիկոնեանի ճառէն հատուած մը, Վարդանանցի...

Նամականի

Անդրադարձ. Ներգաղթի Եւ Արտագաղթի Մասին, Եւ` Սուրիահայ Գաղթականները

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Դժբախտաբար արդէ՛ն գաղթական սերունդի շառաւիղը եղող կարգ մը հայերու հայրենամերձ Միջին Արեւելքէն դէպի հեռաւոր երկիրներ գաղթի հոսանքը նորութիւն չէ. անիկա երկար տարիներ հազուադէպօրէն արծարծուած նիւթ մըն էր, մինչեւ` սուրիական տագնապը: Այս ուղղութեամբ 2016 փետրուարին «Ազդակ»-ին մէջ հանդիպեցանք բազմաթիւ յօդուածներու, որոնցմէ յիշեմ քանի մը հատը. 1. «Յուսահատ մտորումներ», 2. «Ինչի՞ կը սպասէք, միացէ՛ք մեզի», 3. «Սուրիական պատերազմը, հայութիւնը, ազգային...

Խմբագրական «Գանձասար»-ի` Յունուար Ա.  Հայրենիքի Վերանկախացման 25-Ամեակը Դիմաւորենք Նորանոր Ծրագիրներով

Խմբագրական «Գանձասար»-ի- Փետրուար Դ. Առանձին Չենք…

Սուրիական տագնապի սարսափազդու հետեւանքները, հայ համայնքին կրած բազմատեսակ դժուարութիւններն ու հոգեկան ճնշուածութիւնը, անոր կորուստներն ու ցաւերը, կենցաղային աննկարագրելի պայմանները բնականաբար երբեմն յուսահատութեան, ընկրկումի պահեր կը ստեղծեն, մարդոց դիմադրողականութիւնը կը տկարացնեն: Այս բազմաչարչար տագնապին մէջ, սակայն, մենք առանձին չենք, պինդ կանգնած ենք ու չենք կորսնցուցած մեր լաւատեսութիւնն ու հաւատքը, որովհետեւ մեր կողքին կանգնած է համայն հայութիւնը, հայրենիքի մէջ թէ Սփիւռքի, իր...

Հիւսիսային Պողոտան

Ցնցիչ Թիւեր

ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ Նեխած հոգիներու եւ բթացած ուղեղներու տէրերը, որոնք կը ղեկավարեն աշխարհը, թող իրենց գերբեռնաւորուած վիճակէն դադար առնելով` իրենց ուիսքիի, վոտքայի ու արաբական սուրճի բաժակները վայրկեան մը վար դնեն ու աչքերնին սեւեռեն այս չամբողջացած հնգամեայ տեղեկագիր-հաշուետուութեան վրայ ու շարունակեն իրենց հաճելի պահը: Կանխաւ ներողութիւն կը հայցեմ, որ իրենց ըմպելիքին մէջ լեղի կաթեցուցի: - Սուրիոյ հնգամեայ պատերազմին պատճառով երկրին տնտեսութեան վնասը կը...

Իւրաքանչիւր Արուեստի Գործ…

Յաւիտենական Հայաստան. Մեծ Դէմքեր (Arménie Eternelle Grandes Figures) Հեղինակներ` Հրայր Հրաչեան Եւ Արա Գրիգորեան

Յ. ԹՈՐՈՍԵԱՆ Ընթացիկ տարուան յունուար 13-ին Փարիզի Բարեգործականի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Յաւիտենական Հայաստան» գիրքին շնորհահանդէսը` փարիզաբնակ հայերու ընտրանիի մը ներկայութեան: Երեկոյթը պիտի սկսէր գիշերուան ժամը 9:00-ին, ժամանակէն առաջ սրահը լեցուած էր ընթերցասէրներով, որոնք անհամբեր կը սպասէին լսելու, հաղորդուելու «Յաւիտենական Հայաստան»-ին հետ: Բացման խօսքէն ետք բեմ հրաւիրուեցաւ Արա Գրիգորեան` հմուտ մտաւորական եւ հայագիտական հարցերու մասնագէտ: Քանի մը տարի առաջ, երբ...

2016-Ծառայութեան Տարի. «Ծառայութիւնը» Քրիստոնէական Աստուածաբանութեան Պրիսմակէն

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ «Սակայն խորունկ նշանակութիւն ունի ծառայութիւնը» Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը 2016 տարին հռչակեց Ծառայութեան տարի: Ան ծառայութիւնը նկատեց «մարդկային կեանքին ամէնէն բարձր արժէքներէն», ինչպէս նաեւ` «խորունկ նշանակութիւն» ունեցող իրականութիւն:  Եւ ծառայութեան խորութիւնը, գէթ` քրիստոնէական աստուածաբանութեան պրիսմակէն մեկնելով, կը բացատրուի այն իրականութեամբ, որ մարդ էակին կու տայ  ինքնութիւն եւ անոր հետ ապրելու հիմք. այս խորունկ է...

Արեգնացնող «Արեգ»-ը` Իր Արեգակնացնող Արեգակներով

Արեգնացնող «Արեգ»-ը` Իր Արեգակնացնող Արեգակներով

ՊԱՐՈՅՐ ԱՂՊԱՇԵԱՆ Ուրբաթ, 19 փետրուար 2016-ին ներկայ գտնուեցայ Համազգայինի «Արեգ» թատերախումբի ներկայացումին` սպանացի վաղամեռիկ թատերագիր Ֆետերիքօ Կարսիա Լորքայի «Պեռնարտա Ալպայի տունը» թատերախաղին` հանրածանօթ տաղանդաւոր բեմադրիչ-արուեստագէտ Ռոպերթ Առաքելեանի ղեկավարութեամբ: Առ այդ, բարեկամս` Ռ. Առաքելեան, ուրիշներու կարգին, զիս եւս հրաւիրած էր ներկայ գտնուելու այս թատերախաղի նախաներկայացման մէկ փորձին` կարծիք յայտնելու ու տպաւորութիւններ տալու, դերակատարներու եւ ընդհանրապէս այս գործին արժեւորումին մասին, ինչ որ,...

Գրիգոր Պըլտեանի Գրական Գործունէութեան 50-Ամեակի Յոբելենական Հանդիսութիւն

Գրիգոր Պըլտեանի Գրական Գործունէութեան 50-Ամեակի Յոբելենական Հանդիսութիւն

2016 թուականի 25 յունուարին Հայագիտական ուսմանց ծրագիրը պատիւը ունեցաւ կազմակերպելու Գրիգոր Պըլտեանի գրական գործունէութեան 50-ամեակի յոբելենական հանդիսութիւնը: Գրիգոր Պըլտեան անձամբ ներկայ գտնուեցաւ եւ մասնակցեցաւ հանդիսութեան,  իրողութիւն մը,  որ Հայագիտական ուսմանց ծրագիրին համար եղաւ յատկապէս յիշատակելի: Բացման խօսքը կատարեց Հայագիտական ուսմանց ծրագիրի ղեկավար Գրիգոր Մոսկոֆեան: Ան հիացումով խօսեցաւ Պըլտեանի գրականութեան մասին, որ կրցած է անցնող 50 տարիներու ընթացքին պահել իր «թարմութիւնը»:...

Կոմիտասեան Երգերը` Համասեանական  Մեկնաբանութեամբ…  Ի Խնդիր Գիւմրիի Անօթեւաններուն

Կոմիտասեան Երգերը` Համասեանական Մեկնաբանութեամբ… Ի Խնդիր Գիւմրիի Անօթեւաններուն

ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ «Էրւում եմ, էրւում, Կարմիր քարը տաշած ա» ԿՈՄԻՏԱՍ   Երկրաշարժէն վերապրած Գիւմրիի մէջ, երկրաշարժէն 28 տարի ետք տակաւին երկրաշարժին հետեւանքներուն ահաւորութիւնը յիշեցնող թիթեղեայ խրճիթի մը կողքին պարզ, անպաճոյճ բեմին վրայ  հայ երաժիշտ, Մոնքի անուան աշխարհահռչակ միջազգային ճազ մրցումին յաղթանակ ապահոված Տիգրան Համասեանն էր, որ կու գար միանալու մարդասիրական-բարեսիրական իւրայատուկ նախաձեռնութեան մը` Գիւմրիի մէջ տուն կոչուելու անարժան երդիքներու տակ...

Բարի Լոյս 11.  Անհրաժեշտ Է Գուրգուրալ Լիբանանի  4-րդ Իշխանութեան` Մամուլին Վրայ

Բարի Լոյս 20. Հայ Դպրոցը` Ի Պատուի

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ Շաբաթ երեկոյեան, Այնճարի ժողովուրդը համախմբուած էր իր ազգային վարժարանին շուրջ: Վարժարանի հիմնադրութեան 75-ամեակի նշումներու մեկնարկը կը կատարուէր խուռներամ բազմութեամբ եւ մեծ խանդավառութեամբ: Անցնող երեք տարիներուն, Այնճար հայաւանը դիմագրաւեց լուրջ դժուարութիւններ: Շրջանին մէջ տիրող անապահով կացութիւնը մտահոգեց հայաւանի բնակիչները եւ ընդհանրապէս բովանդակ լիբանանահայութիւնը: Այսուհանդերձ, այնճարցին անգամ մը եւս պատուով ստանձնեց այդ կացութեան պատասխանատուութիւնը` հաստատակամօրէն եւ քաջութեամբ: Այսօր, բարեբախտաբար համեմատական...

Զօր. Քահուաժի. «Բանակին Կատարուելիք Ամերիկեան Օժանդակութեան Արժէքը Կրկնապատկուած Է Եւ Հասած` 150 Միլիոն Տոլարի»

Զօր. Քահուաժի. «Բանակին Կատարուելիք Ամերիկեան Օժանդակութեան Արժէքը Կրկնապատկուած Է Եւ Հասած` 150 Միլիոն Տոլարի»

Պատրաստեց` ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ Զօր. Քահուաժի - Ճոն Մըքքէյն Բանակը զինելու նպատակով, երեք տարի շարունակ Սէուտական Արաբիոյ երեք միլիառ տոլարի օժանդակութիւնը սպասելէ ետք, յատկացուած այդ նպաստը ջնջուեցաւ, հակառակ անոր որ Լիբանանի արեւելեան սահմաններէն երկրին սպառնացող ահաբեկչութեան վտանգը աւելի լրջացաւ: Այս շրջագիծին մէջ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի վերջերս այցելեց Միացեալ Նահանգներ, ուր ան հանդիպումներ ունեցաւ ամերիկացի ապահովական պատասխանատուներու եւ բարձրաստիճան...

Բանակը Ձերբակալեց ՏԱՀԵՇ-ի Պատասխանատու Մը  Եւ Ռմբակոծեց Ահաբեկիչներուն Դիրքերը

Պարիս Պիտի Բացայայտէ՞ ՏԱՀԵՇ-ի Մօտ Գտնուող Բանակայիններուն Արգելարանը

Պատրաստեց` ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ Ահմետ Ամմուն Լիբանանեան բանակին գործած ապահովական նուաճումներէն կը նկատուի գրեթէ օրական դրութեամբ կատարած իր ձերբակալութիւնները` ահաբեկչական բջիջներու հետապնդումին շնորհիւ: Այս շրջագիծին մէջ բանակը անցեալ շաբթուան ընթացքին ձերբակալեց Արսալի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի պատասխանատու Ահմետ Ամմունը, որ ծանօթ է Պարիս ծածկանունով: Ապահովական կառոյցներուն համաձայն, «Ապու Ապտել Սալամ» ահաբեկչական խմբաւորումը գլխաւորող երեսուննոց Պարիսը թանկագին որս մը կը նկատուի: Պարիս Արսալի մէջ...

Page 958 of 1110 1 … 957 958 959 … 1,110

Արխիւներ