ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
Դժբախտաբար արդէ՛ն գաղթական սերունդի շառաւիղը եղող կարգ մը հայերու հայրենամերձ Միջին Արեւելքէն դէպի հեռաւոր երկիրներ գաղթի հոսանքը նորութիւն չէ. անիկա երկար տարիներ հազուադէպօրէն արծարծուած նիւթ մըն էր, մինչեւ` սուրիական տագնապը: Այս ուղղութեամբ 2016 փետրուարին «Ազդակ»-ին մէջ հանդիպեցանք բազմաթիւ յօդուածներու, որոնցմէ յիշեմ քանի մը հատը. 1. «Յուսահատ մտորումներ», 2. «Ինչի՞ կը սպասէք, միացէ՛ք մեզի», 3. «Սուրիական պատերազմը, հայութիւնը, ազգային ինքնութեան եւ համրանքի պաշտպանութիւնը», 4. «Սուրիահայութեան գոյերթը ռազմավարական նշանակութիւն ունի նաեւ» , 5. «Հեռուից ես քեզ գոնէ տեսնեմ, սիրեմ», 6. «Քանատան` փրկութեան լաստ, կամ` աւազախրում», 7. «Ի՞նչ պիտի տայ Հայաստանը ինծի» կամ` «Ի՞նչ պատահած է մեր ժողովուրդին» 8. «Յայտարարութիւն» (երեք կուսակցութիւններու):
Պիտի փորձեմ վերլուծել իրողութիւնը` առանց վիճակագրական եւ գիտական ուսումնասիրութիւն կատարած ըլլալու, գլխաւորաբար հիմնուելով բացայայտ, ընդհանուր տուեալներու եւ շրջանի պատմական իրադարձութիւններուն վրայ` Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան պատճառով յատկապէս դէպի արաբական անապատներ, երկիրներ բռնի տեղահանումէն` 1915 թուականէն ետք:

Ա. Նախ հպանցիկ ակնարկ` կազմակերպուած ներգաղթի, հայրենադարձութեան մասին:
Պիտի սկսիմ յիշելով մանկութեանս մայրական մեծ մօրս հաճընցի ազգական ծերունի մայրիկին` մտքիս մէջ տպաւորուած լալագին պատասխանէն. երբ մեծ մայրս հարցուց, թէ ի՛նչ լուրեր կան Հայաստան ներգաղթած իր զաւակի ընտանիքին մասին, ան Հաճնոյ բարբառով ըսաւ. «Լադիժիէն հալեւա չայոծտան մըգկոգ աշոճ է», այսինքն` «Լադիժի»-էն», անուշեղէն չառած` մի՛ գաք», ըսած է տղան նամակին մէջ: «Լադիժի» արաբերէնով «մի՛ գաք» կը նշանակէ, իսկ այդ անունով անուշավաճառ չի գտնուիր Լիբանանի մէջ, այլ խօսքով, գաղտնագիրով մը տղան կը յայտնէ, թէ կացութիւնը լաւ չէ, եւ կ՛ըսէ «Խորհրդային Հայաստան մի՛ գաք»:
Դժբախտաբար 1946-1948 թուականի ներգաղթը կազմակերպողները (որոնց յայտնի «քարոզիչները» չներգաղթեցին) «Երկաթէ վարագոյրի» ետին մտացածին, աներեւակայելիօրէն սուտ եւ երազային Խորհրդային Հայաստան մը կը նկարագրէին ժողովուրդին: Սուտերէն օրինակ մը. «Տան մէջ կոճակ մը սեղմելով` եփած հաւ կը ստանաք»… Շատեր կոճակ սեղմելու համար մեկնեցան, ուրիշներու վիճակը, կենսամակարդակը արդէն շատ թշուառ էր, թիթեղաշէն «տուներու» մէջ կ՛ապրէին եւ յոյսով էին, որ այդ չափազանցուած սուտերէն գոնէ մաս մը իրականութիւն կրնար ըլլալ եւ աւելի լաւ պայմաններով կրնային ապրիլ հայրենիքին մէջ: Երրորդ խումբը` փոքրամասնութիւնը, հայրենասիրութեան մղումով ներգաղթեց, նոյնիսկ գիտակցելով իրականութեան: Ներգաղթողներուն կարեւոր մէկ մասը ժամանակ մը Սիպիր աքսորուեցաւ եւ 1970-1980 թուականներուն, խորհրդային իշխանութեան թոյլտուութեամբ, ընդհանրապէս Ամերիկա արտագաղթեց, անոնցմէ` հօրաքոյրներէս մէկուն ընտանիքը:
Իրողապէս, առաջին կազմակերպուած ներգաղթը Խորհրդային Հայաստան տեղի ունեցած է 1927-ին` Արեւմտահայաստանէն, միայն շուրջ 1500 գաղթական ընդունելով իբրեւ բանուորներ: Այստեղ կ՛արժէ յիշել նաեւ 1914-1918 Ամերիկայէն եւ Եւրոպայէն մեկնած շուրջ 3000 զինուած հայ կամաւորներու խումբը, որոնք մասնակցեցան Կիլիկիոյ, Արեւմտահայաստանի եւ Կովկասի ինքնապաշտպանութեան եւ ազատագրական շարժումին. անոնցմէ էր, օրինակ Ամերիկայէն եկած 1950-60-ական թուականներու Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մեր քահանան` Տէր Գէորգը եւ դրացի մը: Իսկ տարբեր ժամանակներուն, չկազմակերպուած դրութեամբ, սահմանափակ թիւով ներգաղթողներ եղած են զանազան երկիրներէ:
Ազգովին ի՞նչ դասեր քաղեցինք «ներգաղթի», հայրենադարձութեան հոլովոյթէն` հայրենիք եւ սփիւռք…
Վերանկախացումի օրերուն հայրենիքը ունէր հրատապ բազմաթիւ հարցեր, որոնցմէ` 1988-ի ահաւոր երկրաշարժը, որուն պատճառով մինչեւ այսօր անարդարանալիօրէն տակաւին անօթեւան մնացած աղէտեալ ընտանիքներ գոյութիւն ունին, ինչպէս նաեւ` արցախեան ինքնապաշտպանութեան եւ ազատագրութեան պատերազմը (որուն համար կրկին սփիւռքէն կամաւորներու մեծ խումբ մը մասնակցեցաւ): Սակայն եթէ բաղդատութիւն մը կատարենք 1918 թուականի առաջին եւ այժմու հանրապետութեանց միջեւ, պիտի նկատենք, որ անհամեմատելիօրէն աւելի դժուարին ու դաժան պայմաններու մէջ օրուան կառավարութիւնը իշխանութիւնը հրաշալի ազգահաւաք, հողահաւաք եւ հայրենակերտում իրագործեց, յատկապէս` անձնուրաց, նուիրեալ ղեկավարութեան մը կողմէ, որուն անհատական ունեցուածքը չէր տարբերեր միւս քաղաքացիէն. օրինակի համար, կը հագուէին մաշած ու երբեմն պատռած շապիկ եւ ունէին միայն մէկ պաշտօնական զգեստ:
Միւս կողմէ` վերանկախացած Հայաստանի առաջին վարչակարգը, որ ժառանգեց կայացած յառաջադէմ պետութիւն, իր գործող ու հարուստ բոլոր ենթակառոյցներով` գործարաններով, ուժանիւթով եւ այլն, բնաւ չմտածեց հայրենակերտումի, ազգահաւաքի ու հայրենի ժողովուրդին բարօրութեան մասին, այլ թալանեց երկիրը` մթութեան եւ թշուառութեան մատնելով ժողովուրդը: Զարմանալիօրէն այս մասին շատ քիչ անդրադարձ կը կատարուի: Ներկայի տնտեսական դժուարին պայմանները հետեւանքն են այդ առաջին վարչակարգի ազգակործան վարքագիծին: 1. Երկրի ելեկտրականութեան 30 տոկոսը հայթայթող Մեծամօրի հիւլէական կայանի փակում, 2. Խորհրդային Միութեան մեծագոյն գործարաններէն` «Նայիրիտ»-ի փակում, 3. Շուրջ 5200 գործարաններ գրեթէ ձրի վաճառում իշխանութեան մերձաւորներուն, որոնց մեծամասնութիւնը փոխանակ շարունակելու աշխատանքը` վաճառեց արտադրողական բոլոր սարքերը, նոյնիսկ` գործարաններուն դուռ-պատուհանները, 4. Հողերու եւ կալուածներու իւրացում: Այս բոլորին պատճառով ժողովուրդը տարուէ տարի աղքատանալով` հիմնականօրէն անգործութեան պատճառով կը դիմէ ժամանակաւոր կամ մնայուն արտագաղթի, իսկ անդին կայ մեծահարուստներու նախկին եւ ներկայ իշխանաւորներու շատ մեծ թիւ:
Ահա այս կացութեան մէջ վրայ հասաւ 2003-ի Իրաքի պատերազմը, որուն պատճառով անաղմուկ եւ սահմանափակ թիւով իրաքահայերու ներգաղթ տեղի ունեցաւ: Սակայն 2011-ին սկսաւ Սուրիոյ «համաշխարհային» պատերազմը` «յեղափոխութիւն» պիտակին տակ` 2013-էն սկսեալ վերածուելով կործանարար քաոսի: Հայաստանը եղաւ առաջին երկիրը, որ գլխաւորութեամբ Վահան Յովհաննիսեանի, քանի մը անգամ մարդասիրական օժանդակութիւն հասցուց հայաշատ Հալէպ քաղաքը, երբ օդակայանը կը բանէր տակաւին: Ապա Հալէպը շրջափակուեցաւ ու թիրախ դարձաւ ուղղակի ռմբակոծումներու, պատճառելով ջուրի եւ ելեկտրականութեան ընդհատումի, սնունդի եւ վառելանիւթի չքացումին… Ի՞նչ պէտք էր ընել: Յստակ է` 25 փետրուար 2016-ին լիբանանահայ երեք կուսակցութիւնները կրկնեցին ցարդ կատարուող թելադրանքը. «Ժողովականները մաղթելով հանդերձ, որ սուրիահայութիւնը չլքէ իր ծննդավայրը, շեշտեցին, որ պայմաններու հարկադրանքով ամէն գաղթական պէտք է ունենայ մէկ ու միակ ուղղութիւն, որն է հայրենիքը` Հայաստան ու Արցախ»:
Հայաստանի կառավարութիւնը կատարեց եւ կը կատարէ կարելին` ցարդ հիւրընկալելով շուրջ 18 հազար սուրիահայեր, զանազան դիւրութիւններ եւ նպաստներ տալով անոնց: Դժբախտաբար այս ներգաղթողներուն մէջ գտնուեցան շատեր, որոնք արտագաղթեցին դէպի արեւմտեան երկիրներ… Կ՛իմանանք, որ անոնցմէ ոմանք «զղջալով»` վերադարձած են Հայաստան:

Բ. Հպանցիկ ակնարկ` կազմակերպուած արտագաղթի հայրենամերձ Միջին Արեւելքէն:
1955 թուականին Ամերիկեան-հայկական պետական ԱՆՉԱ կազմակերպութիւնը, գլխաւորութեամբ Ճորճ Մարտիկեանի, կազմակերպեց Միջին Արեւելքի հայաթափում` դիւրութիւններ ընծայելով դէպի հեռաւոր Ամերիկա զանգուածային արտագաղթին: Պատկառելի թիւով հայեր մեկնեցան Ամերիկա: Օրին այս մասին եղան թեր ու դէմ բանավէճեր: Այն ժամանակ պատերազմի մը դրդապատճառը, սպառնալիքը չկար: Կը կարծեմ որ անոր դրդապատճառը Պաղ պատերազմն էր, եւ Ամերիկայի կառավարութիւնը ուզեց հայկական մեծ համայնք մը ունենալ, որպէսզի հայութեան անունով եւ պատրուակով «միջամտէ» խորհրդային իշխանութեան հարցերուն, նաեւ Թուրքիոյ վրայ ճնշում բանեցնէ: Այս երկու վարկածները օգտագործած է Ամերիկան, մինչ Թուրքիոյ պարագային` մինչեւ այսօր:
1958-1961 թուականներու Եգիպտոս-Սուրիա միութիւնը, որուն իբրեւ հետեւանք` 1958-ի Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը, ապա Եգիպտոսի եւ Սուրիոյ մէջ բոլոր սեփականութիւններու ազգայնացումը պատճառ դարձան այս երկիրներէն դէպի հեռաւոր երկիրներ` Ամերիկա, Քանատա եւ Աւստրալիա հաւանաբար «չկազմակերպուած» զանգուածային արտագաղթին: Ապա 1967-ի արաբ-իսրայէլեան պատերազմը, 1975-1990 Լիբանանի քաղաքացիական երկրորդ պատերազմը պատճառ դարձան արտագաղթի նոր ալիքներու:
2015 թուականի թրքական մեղսակցութեամբ դէպի Եւրոպա սուրիացի բազմահազար գաղթականներու հոսքը, ներառեալ հայեր, վերածուեցաւ միջազգային տագնապի, եւ երկիրներ սկսան սահմանել իւրաքանչիւրը որոշ քանակի գաղթական ընդունելու իրենց մասնաբաժինը: Այս ծիրին մէջ յանկարծ մէջտեղ ելաւ Քանատայի ներգաղթի նախարարութեան «Հայ տուն» կազմակերպութիւնը, որ կազմակերպեց սուրիահայերու գաղթը Քանատա: Մինչ այդ «Հայ տուն»-ը յայտարարած է, որ 19 փետրուար 2016-էն սկսեալ «Սուրիահայ հովանաւորութեան ծրագիր»-ը նոր դիմումներ պիտի չընդունի: Միւս կողմէ` կ՛իմանանք, որ շատեր գաղթելէ ետք դժգոհ մնալով` վերադարձած են արդէն: Կ՛արժէ իմանալ անոնց վկայութիւնները:
Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացումէն եւ Արցախի Հանրապետութեան կայացումէն ետք, ցարդ հայահաւաքի եւ հայրենադարձութեան պետական համապարփակ ծրագիր եւ ռազմավարութիւն չէ մշակուած: Ինչպէս Քանատան, նոյնպէս Հայաստանը եւ Արցախը պէտք է ունենան ներգաղթի նախարարութիւն կամ վարչութիւն, որ հաստատուն հիմերու եւ ըստ պահանջի կազմակերպէ ծրագրուած հայրենադարձութիւն` անկախ տնտեսապէս կարող «զբօսաշրջիկ» հայրենադարձներէ եւ հայաշատ սփիւռքներու անակնկալ տագնապներէն:
Մենք ունինք կայացած երկու պետութիւններ, հսկայական կարողականութեամբ, հարուստ` բոլոր բնագաւառներու մէջ, բաւարար` ամբողջ հայութեան: Աւարտին, կը մէջբերեմ նախագահ Ս. Սարգսեանի փետրուար 2016-ի ուղերձէն հատուած մը. «Մեր խնդիրների լուծումը մեզնից դուրս պէտք չէ փնտռել: Այո՛, մենք ենք տէրը մեր երկրի, մենք ենք տէրը մեր խնդիրների եւ մենք ենք լուծողը այդ խնդիրների»:® «Մեզնից իւրաքանչիւրը, ինչպիսին որ ուզում է տեսնել իր շրջապատը, իր ընտանիքը, իր ընկերներին, իր հասարակութիւնն ու պետութիւնը, առաջին հերթին ինքն է պարտաւոր այդպիսին լինել»:® «Թերահաւատութեամբ տոգորուած մարդիկ տեղ չունեն իշխանութեան մէջ»:® «Իրենց ուժերի նկատմամբ վստահութիւն չունեցող մարդիկ տեղ չունեն իշխանութեան մէջ»:
Նոր կառավարութեան կը մաղթենք արդիւնաբեր եւ «կրկնապատկուած եռանդով եւ պատասխանատուութեամբ» ժրաջան աշխատանք:
26 փետրուար 2016


