Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բարի Լոյս 20. Հայ Դպրոցը` Ի Պատուի

February 29, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Hagop-Havatian_9-07-15Շաբաթ երեկոյեան, Այնճարի ժողովուրդը համախմբուած էր իր ազգային վարժարանին շուրջ: Վարժարանի հիմնադրութեան 75-ամեակի նշումներու մեկնարկը կը կատարուէր խուռներամ բազմութեամբ եւ մեծ խանդավառութեամբ:

Անցնող երեք տարիներուն, Այնճար հայաւանը դիմագրաւեց լուրջ դժուարութիւններ: Շրջանին մէջ տիրող անապահով կացութիւնը մտահոգեց հայաւանի բնակիչները եւ ընդհանրապէս բովանդակ լիբանանահայութիւնը: Այսուհանդերձ, այնճարցին անգամ մը եւս պատուով ստանձնեց այդ կացութեան պատասխանատուութիւնը` հաստատակամօրէն եւ քաջութեամբ:

Այսօր, բարեբախտաբար համեմատական կայունութիւն հաստատուած է: Օրին, ստեղծուած այդ անկայուն վիճակին մէջ անգամ այնճարահայութիւնը իր հաւատքը եւ յոյսը ամուր պահեց գիւղի ապագայի նկատմամբ: Կեանքը ընթացաւ բնականոն կերպով, միութիւնները շարունակեցին իրենց աշխուժ գործունէութիւնը, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի եւ գիւղի հիմնադրութեան 75-ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկները ստեղծեցին լայն խանդավառութիւն եւ ստացան լայն ընդգրկուածութիւն: Կեանքը շարունակուեցաւ եւ այնճարահայութիւնը շրջանցեց բոլոր պատնէշներն ու արգելքները: Այո՛, կարելի եղաւ յաղթահարել խոչընդոտները, որովհետեւ այնճարցիի նկարագիրին անբաժանելի մէկ գիծը դարձած է այս երեւոյթը: Դժուարութիւններուն դիմաց չընկրկելու եւ գիւղի ապագային կառչած մնալու հաւատամքը ինքզինք պարտադրած է բոլոր դժուար եւ ճակատագրական հանգրուաններուն:

Շաբաթ երեկոյեան, դպրոցի տարեկան ձեռնարկ-նուիրահաւաքին ներկայ գտնուող ոեւէ անհատ արդարօրէն պիտի վկայէր, թէ հայաւանը տակաւին պատնէշի վրայ է եւ արժանավայել կերպով տէր կը կանգնի իրեն վստահած համահայկական դերակատարութեան:

Երեկոյին, վարժարանի յառաջընթացին ու գոյերթին համար հանգանակուած գումարները փայլուն ապացոյցն էին վերեւ նշուած հաստատումին: Գիւղի եւ վարժարանի հիմնադրութեան մէջ հիմնական դերակատար հանդիսացած Նարեկ Աւագ քհնյ. Շիրիքեան, որ երկար տարիներէ ի վեր հաստատուած է Միացեալ Նահանգներ, իր եւ իր ընտանիքին կողմէ հաստատուած կրթական ֆոնտը, այս երեկոյի առիթով 350.000 ամ. տոլարէն բարձրացուց 450.000 ամ. տոլարի` կատարելով 100.000 ամ. տոլարի նոր ներդրում մը. աւելի՛ն, այս գումարին կողքին նաեւ վարժարանի այս տարեշրջանի կարիքներուն համար նուիրեց պատկառելի գումար մը: Դպրոցաշէն եւ ազգային բարերար այլ յարգելի անձնաւորութիւն մը` Գէորգ Արապեան, 200.000 ամ. տոլարի նուիրատուութեամբ եկաւ զօրավիգ հանդիսանալու Ազգային-Յառաջ Գ. Կիւլպէնկեան վարժարանի նախակրթարանի եւ մանկապարտէզի վերանորոգութեան ու արդիականացման ծրագիրներուն: Գիւղի միութիւններու եւ անհատ բարերարներու ու բարեկամներու, ինչպէս նաեւ արտասահման ապրող շրջանաւարտներու նուիրատուութիւններով գոյացաւ նաեւ պատկառելի գումար մը` երեկոյին հասոյթը հասցնելով 375.000 ամ. տոլարի: Այս բոլորին կողքին նուիրատուներուն կողմէ արտասանուած խօսքերը ներկաները համակեցին անբացատրելի խանդավառութեամբ:

Այո՛, շաբաթ երեկոյ Այնճարի մէջ հայ դպրոցը ի պատուի էր, հայեցի դաստիարակութիւնը իր արժանավայել պատուանդանին վրայ էր, նորահաս սերունդներու կազմաւորման աշխատանքին համար բոլորին գործնական քաջալերանքը եւ զօրակցութիւնը ակներեւ էր:

Այս բոլորին կողքին, առկայ կը մնան սակայն այլ մարտահրաւէրներ: Գիւղի հայեցի դիմագիծի անաղարտ պահպանումը բոլոր ժամանակներէն աւելի կը հանդիսանայ հիմնական խնդիր: Գիւղի տարածքները հայապատկան պահելու գործօնը մաս կը կազմէ մեր գաղութային եւ ազգային ռազմավարութեան: Շուարելու կամ մոլորելու դոյզն վտանգը կրնայ իր ճակատագրական անդրադարձը ունենալ մեր համազգային երթին վրայ: Վստահ ենք, որ այս հայավայել գիտակցութիւնը եւ անկէ բխող համաժողովրդային յանձնառութիւնն ալ պատուով կը շարունակէ ստանձնել հայաւանին մէջ թէ անկէ դուրս ապրող իւրաքանչիւր այնճարցի:

Մինչ այդ, վարձքը կատար շաբաթ օրուան ձեռնարկին յաջողութեան նպաստած բոլոր կազմակերպիչներուն եւ ներկաներուն:

Բարի երթ հայաւանին եւ անոր մարդակերտումի ու հայակերտումի անփոխարինելի դարբնոց Ազգային-Յառաջ Գ. Կիւլպէնկեան երկրորդական վարժարանին:

 

 

 

 

Նախորդը

«Սայաթ-Նովա» Համոյթի Աննախընթաց Համերգ. «Ձեզի Բերեր Ենք Հայրենիքի Շունչը, Մեր Նախնեաց Օրհնութիւնը Եւ Հայ Անապական Զուլալ Երգը» Ըսաւ Փրոֆ. Թովմաս Պօղոսեան

Յաջորդը

Կոմիտասեան Երգերը` Համասեանական Մեկնաբանութեամբ… Ի Խնդիր Գիւմրիի Անօթեւաններուն

RelatedPosts

«Ազդակ»-ի Հարցազրոյցը Նշանաւոր Դերասան Սիմոն Աբգարեանին Հետ
Անդրադարձ

«Ազդակ»-ի Հարցազրոյցը Նշանաւոր Դերասան Սիմոն Աբգարեանին Հետ

November 13, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խօսողին Լսող Է Պէտք

November 13, 2026
Ապրուած Օրեր. ԺԳ.- Օրիորդ Գարմէնը
Անդրադարձ

Ապրուած Օրեր. ԺԳ.- Օրիորդ Գարմէնը

November 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.