Հիւսէյնի. «Երեսփոխանին Իրաւունքն Է Նախագահական Ընտրութեան Նիստէն Բացակայիլ Եւ Ժամանակն Է Ընտրելու Փոխանցման Շրջանի Նախագահ Մը»
Պատրաստեց` ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ Խորհրդարանի նախկին նախագահ Հիւսէյն Հիւսէյնի հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ սկզբունքով երեսփոխանին իրաւունքն է նախագահական ընտրութեան նիստէն կամ խորհրդարանի որեւէ այլ նիստէ բացակայիլ` ըստ սահմանադրութեան 39-րդ յօդուածին: Հիւսէյնի յայտնեց, որ ներկայ խորհրդարանը ապօրինի է` նկատի ունենալով, որ անիկա ընտրուած է սահմանադրութեան հակասող ընտրական օրէնքով, ինչպէս նաեւ նկատի ունենալով անոր պաշտօնավարութեան երկարաձգումը` երկու անգամուան համար: Ան նշեց, որ...




















