Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վերապրողները . Հեղինակ` Քեմալ Եալչըն

Մարտ 1, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Verabroghner_030116

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

Օրերս լոյս տեսած այս  վէպը կը պարտինք «Գէորգ Մելիտինեցի» մատենաշարի մէկ բարեբաստիկ որոշումին:

Քեմալ Եալչըն` գերմանաբանակ թուրք այլախոհը,  այլեւս հանրածանօթ անուն մըն է ժամանակակից հայուն` ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի,  շնորհիւ իր զանազան աշխատութեանց` վէպերուն, յօդուածներուն,  մամլոյ ասուլիսներուն եւ այլ կարգի հայանպաստ ելոյթներուն ու կողմնորոշումներուն: Ան կը պատկանի փաղանգին այն ազնիւ թուրքերուն,  որոնք Հայոց եղեռնը կ’անուանեն իր իսկական անունով» կը ձաղկեն անոր հեղինակները,  հրապարակաւ ներողութիւն կը խնդրեն վերապրող հայութենէն եւ չեն վարանիր յայտարարելու. «Ձեր ցաւերը մե՛ր ալ ցաւերն են…»:

Սոյն` «Վերապրողները» վէպով հեղինակը խոր անկեղծութեամբ եւ անթաքոյց հարազատութեամբ լուսարձակի տակ կ’առնէ յետեղեռնեան տարիներուն գաւառներու մէջ մնացած հայերուն հանդէպ ցուցաբերուած վերաբերումը «արդի թուրք»-ին կողմէ, որուն էութեան դաժանութիւնն ու հոգիին չարութիւնը կը յաջողին իսկական դժոխքի մը վերածել կեանքը բոլոր փոքրամասնութեանց ու մասնաւորաբար հայ խլեակներուն: Եւ փշաքաղիչ դիպաշարերու,  դիպուկ դրուագներու, թելադրական

մանրամասնութեանց հետեւողական շարքերով եւ գործող անձերու իսկ անհամար վկայութիւններով կը պատկերէ «Եաթաղանի աւելցուկներու» կեանքը, որ եղած է զրկանքներու,  արհամարհանքի, նուաստութեան, ցաւի ու տառապանքի անհատնում շղթայ մը, որ գաւառաբնակ վերջին հայերն ալ մղած է ի վերջոյ լքելու իրենց պատմական ու պապենական տուներն ու կալուածները, կամ` ինչ որ կը մնար այդ բոլորէն, ու հաստատուելու յարաբերաբար աւելի ապահով Պոլսոյ մէջ կամ ընդմիշտ հեռանալու յետօսմանեան Թուրքիայէն:

Այս մռայլ խորապատկերին վրայ, սակայն, ահա վարանոտ ու տարտամ քայլերով երեւան կու գայ «միւս թուրքը» եւս, ան, որ իր առօրեան, տեղին համեմատ իր ունեցածն ալ` ուրախութիւնն ու ցաւը կը բաժնէ հայուն հետ, կը ճանչնայ անոր մարդկային իրաւունքները ու կը յարգէ անոր լեզուն, կրօնը, համոզումներն ու արժանապատուութիւնը, ընդհուպ կ’եղբայրանայ անոր հետ: Այսպիսիներուն շնորհիւ ալ կարելի կ’ըլլայ ակնկալել, որ հեռաւոր օր մը բան մը պիտի փոխուի Թուրքիոյ մէջ:

Հեղինակին յանդուգն ու ազնիւ պատգամը իր հայրենակիցներուն ու աշխարհին  այն է, որ փոքրամասնութիւններու, յատկապէս հայերու ոչնչացումը մեծ չարիք մը եղաւ Թուրքիոյ եւ թուրք ժողովուրդին համար: Եւ ան կը մաղթէ Թուրքիա մը, ուր մշակութային, կրօնական եւ լեզուական տարբերութիւնները պիտի հանդուրժուին ու յարգուին բոլորէն:

Վէպը մշակուած է գրողական շատ բարձր տաղանդով:

Թարգմանութիւնը կատարուած է վարժ ու սահուն հայերէնով:

Ըստ ամենայնի` հաճելի ու թելադրական աշխատութիւն մը, որուն ընթերցումը, եւ տարածումը, յանձնարարուած է բոլոր տարիքներու հայ գրասէրներու անխտիր:

armenag@gmail.com

 

Նախորդը

Փետրուար Ամսուան Գործունէութիւնները. Ազգ. Աբգարեան Վարժարանին Մէջ

Յաջորդը

Թղթածրար – Ի Խնդիր Հայերէնին Պահպանման.- 1. Մեկնելով Արդար Մտահոգութենէ Մը

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Յանձնառու ՀՕՄ-ականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Յանձնառու ՀՕՄ-ականը

Հոկտեմբեր 27, 2025
Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում
Անդրադարձ

Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին
Անդրադարձ

Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?