Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Արմէն Մուրատեան Եւ Յարութ Սասունեան
Քննարկած Են Մարդասիրական Օգնութեամբ
Դեղերու Ներածման Կարելիութիւնը
Հայաստանի առողջապահութեան նախարար Արմէն Մուրատեան ընդունած է Միացեալ հայկական հիմնադրամի նախագահ Յարութ Սասունեանը: Նախարարը շնորհակալութիւն յայտնած է բարերարին` առողջապահական համակարգի արդիականացման եւ ժողովուրդի առողջութեան պահպանման ծառայող երկարամեայ աշխատանքին համար: Ան շեշտած է, որ իրականացուած աշխատանքը պատահական բնոյթ չի կրեր, այլ համակարգուած հսկայական գործընթաց է:
Քննարկման առանցքը հանդիսացած են մարդասիրական օգնութեան ճամբով Հայաստան բժշկական սարքերու եւ դեղերու ներածման վերաբերող հարցերը: Նախարարը շեշտած է, որ բժշկական սարքաւորումներու բաշխման գործընթացին մէջ առաջնահերթութիւնը կը տրուի մարզային եւ նախարարութեան հովանիին տակ գործող բժշկական հաստատութիւններուն:
Յարութ Սասունեան պատրաստակամութիւն յայտնած է յառաջիկային եւս շարունակել համագործակցութիւնը զարգացման` յստակ ծրագիրներով: Նշուած է, որ մարդասիրական ուղիով Հայաստան բերուած սարքաւորումները առաջին հերթին կը նպաստեն հայրենիքի բժշկական օգնութեան որակի բարելաւման: Որակեալ սարքաւորումներու խումբ մը նախորդ տարուան աւարտին բաժնուած է հայաստանեան բժշկական կազմակերպութիւններուն` Հայաստանի առողջապահութեան նախարար Արմէն Մուրատեանի 2015-ի գարնան Միացեալ Նահանգներ կատարած այցելութեան ծիրին մէջ ձեռք բերած համաձայնութեան շնորհիւ:
Արդիւնաւէտ համագործակցութեան եւ հայրենանուէր գործունէութեան համար Արմէն Մուրատեան շնորհակալութիւն յայտնած է Միացեալ Նահանգներու 34 հիւանդանոցներ ղեկավարող «Prime Healthcare Management Inc» միութեան նախագահ Մայք Սարեանին: Անդրադարձ կատարուած է նաեւ Միացեալ հայկական հիմնադրամին կողմէ իբրեւ մարդասիրական օգնութիւն ստացուած ե՛ւ Հայաստանի, ե՛ւ Լեռնային Ղարաբաղի պետութեան կողմէ երաշխաւորուած անվճար եւ արտօնեալ պայմաններով ուռուցքաբանական ծառայութիւններ իրականացնող բժշկական կազմակերպութիւններուն յատկացուած թանկարժէք հակաուռուցքային դեղերուն:
Սէյրան Օհանեան Այցելած Է Երեւանի
Ուսողական Սարքերու
Գիտական Հետազօտական Հիմնարկ
Փետրուար 23-ին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան այցելած է Երեւանի ուսողական սարքերու գիտական հետազօտական հիմնարկ, շրջած է ձեռնարկութեան մէջ եւ ծանօթացած` կատարուած շինարարական աշխատանքներուն:
Ձեռնարկութեան տնօրէն Արսէն Թառոյեան ներկայացուցած է պաշտպանութեան նախարարութեան հովանիին տակ գործող ռազմական արդիւնաբերական պետական կոմիտէի շնորհահանդէսային կեդրոնի վերանորոգուած տարածքը եւ կեդրոնի գործարկման առնչուած հարցերը:
Ներկայացուած են նաեւ ձեռնարկութեան մէջ իրականացուող ծրագիրները եւ յառաջիկայի նախագծերը:
Այցելութեան ընթացքին անդրադարձ կատարուած է ռազմական արդիւնաբերական ձեռնարկութիւններու զարգացման հեռանկարներուն, եւ Արմէն Թառոյեան հանդէս եկած է համագործակցութեան շարք մը առաջարկներով:
Պաշտպանութեան նախարարը դրական նկատած է գիտական հետազօտական ձեռնարկութեան մէջ կատարուած աշխատանքները, առաջարկած է կեդրոնի կահաւորման եւ գործարկման մասին, ինչպէս նաեւ յորդորած է ամրապնդել ռազմական արդիւնաբերական պետական կոմիտէի, ձեռնարկութիւններու եւ տնտեսութեան այլ ճիւղերու կապը եւ, մտածել սպառման հարցերուն մասին:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած է նաեւ գաղափարը համացանցային նոր հանգոյցի ստեղծման, ուր պէտք է ներկայացուած ըլլան հայկական բոլոր ռազմական արդիւնաբերական ձեռնարկութիւններուն արտադրութիւնները:
ԹՈՒՄՕ-ն` Սահմանամերձ
Շրջաններու Փոքրիկներուն Հետ
ԹՈՒՄՕ ստեղծարար արհեստագիտութեան կեդրոնին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացուի, որ Դիլիջանէն երեք ժամ հեռաւորութեան վրայ գտնուող Տաւուշի սահմանամերձ Վազաշէն, Ներքին Կարմիրաղբիւր, Այգեպար, Սարիգիւղ, Բերքաբեր, Բաղանիս, Պառաւաքար, Մովսէս, Չինարի, Ոսկեւան, Կոթի, Բարեկամաւան եւ Ծաղկաւան գիւղերու բնակիչներէն մօտաւորապէս եօթանասուն պատանիներ արդէն վեց ամիս է «ԹՈՒՄՕ Դիլիջան»-ի ուսանողներ են: Անոնք ԹՈՒՄՕ-ի, «Հայրենիքի դարպասներ» կազմակերպութեան եւ «Պիլայն Արմենիա»-ի միացեալ «Սահմանամերձ գիւղերու փոքրիկները` ԹՈՒՄՕ-ի մէջ» ծրագրի մասնակիցներն են:
Երբ ամիսներ առաջ ծրագիրը սկսաւ, նոր թումօցիները երեսուն հոգի էին, իսկ դասերուն տեւողութիւնը` երեք ամիս: Ծրագիրները փոխուեցան, ուսանողներուն թիւը աւելցաւ, որովհետեւ կազմակերպիչներուն համար յստակ երեւցաւ այդ երեսուն պատանիներուն կրած փոփոխութիւնը: «Անոնք ոչ միայն արդիական հմտութիւններ ձեռք կը բերեն, այլեւ աւելի բաց կը դառնան, անկաշկանդ: Ազատօրէն ապագայի ծրագիրներ կը կազմեն, որովհետեւ գիտեն` ուրկէ գործնական գիտելիքներ պիտի ստանան», ըսած է «Հայրենիքի դարպասներ» կազմակերպութեան հիմնադիր եւ նախագահ Արման Հայրապետեանը:
Ամէն շաբաթ օր Դիլիջանի ԹՈՒՄՕ կեդրոն այցելելով` ծրագրի մասնակիցները ծանօթացած են կեդրոնի հիմնական կրթական ոլորտներուն, ամբողջացուցած են ինքնուսուցման սկզբնական հանգրուանը եւ ներկայիս կ՛որոշեն, թէ ի՛նչ է իրենց հետաքրքրութեան ուղղութիւնը:
«ԹՈՒՄՕ Դիլիջան»-ի համակարգող Տաթեւ Մանտոյեան անդրադառնալով ուսանողներուն հետ ունեցած զրոյցներուն եւ կազմած տպաւորութեան` ըսած է. «Բոլոր քաղաքներու, տարիքի ու սեռի թումօցիներուն ամէնէն սիրելի ուղղութիւններէն մէկը ռոպոթաշինութիւնն է, եւ այս նախագիծի ուսանողներն ալ, ի հարկէ, այդ թիւին մաս կը կազմեն: Բայց բացի այդ, հետաքրքրական փաստի մը հանդիպեցայ` սահմանամերձցիները յատկապէս հետաքրքրուած են ժապաւէններու ստեղծմամբ, լուսանկարչութեամբ, եւ ընդհանրապէս` մետիայով: Անոնցմէ մէկը նոյնիսկ կը վարէ իր գիւղի Դիմատետրի էջը: Կը կարծեմ, որ ասոր պատճառը իրենց ցանկութիւնն է աշխարհին պատմել իրենց գիւղերուն մասին եւ բարելաւել այնտեղի վիճակը: Այս շատ ոգեշնչող է, որովհետեւ ցոյց կու տայ, թէ հետաքրքրուող, պրպտող ըլլալէ բացի, այս երիտասարդները նաեւ գիտակից քաղաքացիներ են»:
Վերջերս խումբին միացաւ համացանցին վրայ «Ծաղկաւանի Այնշթայն» մականունը ձեռք բերած Բագրատ Պետրոսեանը: Իր մասին պատրաստուած տեսագրութեան մէջ Բագրատ պատմած էր, որ կ՛երազէր ԹՈՒՄՕ գալ, եւ ասիկա, բնականաբար, անտարբեր չձգեց «Սահմանամերձ գիւղերու փոքրիկները ԹՈՒՄՕ-ի մէջ» ծրագրի հեղինակները: Այս ամիս ծրագրի մասնակիցները արդէն թումօցի Բագրատի հետ միասին սկսան ռոպոթաշինութեան առաջին մակարդակի դասընթացքին:
«Այս ԹՈՒՄՕ-ի առաջին նախագիծը չէ, որ կապուած է Հայաստանի սահմանամերձ գիւղերու պատանիներուն համար` նորագոյն արհեստագիտութիւններու ոլորտը բացայայտելուն: ԹՈՒՄՕ-ի ամառնային ճամբարը ամէն տարի կը հիւրընկալէ տասնեակ պատանիներ, որոնք մէկ շաբաթ կ՛ապրին Երեւանի մէջ, կ՛ուսուցանեն ԹՈՒՄՕ-ի հիմնական ուսումնական ծրագիրը կեդրոնացուած տարբերակով եւ կ՛ընկերանան տարբեր երկիրներէ ԹՈՒՄՕ-ի մէջ հաւաքուած իրենց հասակակիցներուն հետ: Այս տարի ամառնային ճամբարին կը սպասենք` ամբողջ աշխարհէն, ամբողջ Հայաստանէն եւ սահմանամերձ գիւղերէն բազմաթիւ պատանիներու, ի դէպ, նաեւ Բագրատին», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Կը Քննարկուի Ստեփանակերտ-Շուշի
Ճոպանուղիի Կառուցման Ծրագիրը
Փետրուար 25-ին Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի նիստին վարչապետ Արա Յարութիւնեան տեղեկացուցած է, որ Ստեփանակերտ-Շուշի ճոպանուղիի կառուցման ծրագիրը կը քննարկուի:
Ան նաեւ նշած է, որ կառավարութիւնը կարեւոր կը նկատէ Շուշին մօտիկ ապագային կրթական, մշակութային, զբօսաշրջային կեդրոն դարձնելը:
2016-ին Եւրոպացի Զբօսաշրջիկներուն Համար
Գորիսի Լեռներուն Մէջ
Պիտի Կազմակերպուին Արշաւներ
2016 թուականին եւրոպացի զբօսաշրջիկներուն կարելիութիւն պիտի տրուի ծանօթանալու Գորիսի շրջակայքի լեռնային արահետներուն: Լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած է Հայ զբօսավարներու միութեան նախագահ Լիա Բախշինեան:
«Մենք հիմնականօրէն արշաւներ կը կազմակերպենք դէպի Արագած: Այս շատ տարածուած երթուղի է: Իսկ հիմա կը պատրաստուինք արշաւներու սիրահարներուն ծանօթացնելու Գորիսին: Արդէն հետիոտնի համար նախատեսուած արահետներով երթուղիներ կազմած ենք, բայց դժուար ճանապարհներ են: Այս պատճառով պէտք է պատրաստուիլ զբօսաշրջիկներուն հասնելուն», ըսած է Լ. Բախշինեան:
Հայաստանի լեռներու կուսական արահետները ներկայիս աւելի քիչ կը գրաւեն եւրոպացիները, քան` աւանդական այցելութիւնները, այդ պատճառով քիչ է նաեւ արհեստավարժ զբօսավար-ուղեկցորդներուն թիւը: Անոնք պէտք է կարենան վրաններ լարել, խարոյկ վառել, ճամբաները շատ լաւ գիտնան, անհրաժեշտութեան պարագային առաջին օգնութիւն ցոյց տալ:
2008 թուականին USAID/CAPS ծրագրով քանի մը ուղեկցորդ Ֆրանսայի մէջ հետեւեցան վերապատրաստութեան, իսկ անոնք ներկայիս սկսնակները կը մարզեն: «Այդ մասնագիտացմամբ կրթութիւնը շատ հաճելի է, այդ պատճառով մեզի շատ կ՛օգնէին նպաստներ տրամադրող նոր նախագիծները: Ասիկա առանձին մասնագիտութիւն է, որ կ՛իւրացնեն տարիներու ընթացքին: Այդ պատճառով, իբրեւ կանոն, խումբին հետ կ՛ուղարկենք երկու զբօսավար. մէկը` դասական զբօսավար, որ լեզու գիտէ եւ կրնայ պատմել երկրին, շրջանին մասին, միւսը` ուղեկցորդ», նշած է Լ. Բախշինեան:
Յայտնենք, որ արշաւները սովորաբար տեղի կ՛ունենան ամրան, որովհետեւ ձմեռը անյարմար է այսպիսի նախաձեռնութիւններու համար:
«Գիտելիքներու Հանրագիտարան »-ի
Մրցանշային Վաճառք Հայաստանի Մէջ
Վերջերս Երեւանի պետական սենեկային թատրոնին մէջ ընթերցողներուն ներկայացուեցաւ նշանաւոր «Dorling Kindersley» հրատարակչութեան «Գիտելիքներու հանրագիտարան» գիրքին հայերէն թարգմանութիւնը, որ իրականացած է «Բուկինիստ» հրատարակչութեան նախաձեռնութեամբ: Գիրքին մէջ ամենայն մանրամասնութեամբ եւ նկարազարդումներով ներկայացուած են տիեզերքի, բնութեան, մարդու ստեղծման եւ այլ երեւոյթներու մասին տուեալներ, որոնք կը զարմացնեն յատկապէս պատանի ընթերցողը: «Բուկինիստ» գրախանութի տնօրէն Խաչիկ Վարդանեան մամլոյ ասուլիսի ընթացքին նշած է, որ «Գիտելիքներու հանրագիտարան»-ին մէջ հայ ընթերցողին համար աւելցուած է «Հայաստան» բաժինը. «Երբ կը թերթէի գիրքը, տեսայ «Հին Հռոմ», «Հին Արեւելք», «Օսմանեան կայսրութիւն» բաժինները, մինչդեռ Հայաստանի մասին ոչինչ կար: Բոլոր բաժիններուն յօդուածները ներկայացուած են 4 էջով, իսկ «Հայաստան» բաժինը` 16: Հանրագիտարանը բաւականին յաջողած է: Հրատարակած ենք 3000 օրինակ` նախատեսելով երեք տարուան սպառումի ժամանակ: Ուզեցինք, որ գինը աժան ըլլայ, կազմեց` 15 հազար 900 դրամ: Նկատի առնենք, որ այսպիսի գիրքերը 20-30 հազար դրամ կ՛արժեն»:
Ան դիտել տուած է, որ իրենց նախատեսութիւնները ճիշդ չէին, որովհետեւ անսպասելի կերպով դեկտեմբերին եւ յունուարին վաճառուած է 650 օրինակ, իսկ ներկայիս, արդէն առանց ծանուցումի վաճառուած է 700 հանրագիտարան: Վարդանեանի կարծիքով, յառաջիկայ մէկ տարուան ընթացքին «Գիտելիքներու հանրագիտարան»-ին ամբողջ տպաքանակը պիտի սպառի:
Շնորհահանդէսին մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան այս առիթով արտասանած խօսքին մէջ նշած է, որ արդէն քանի մը գիրք գնած է` հարազատներուն նուիրելու նպատակով. «Երբ կը թերթատես գիրքը, «Համաց՞անց, թէ՞ գիրք» հարցադրումը կը չքանայ: Այս նախաձեռնութիւնը կ՛օգնէ փոքրիկներուն աւելի կապուելու տպագիր գիրքին հետ: Շատ ուրախ եմ, որ այս իրադարձութիւնը տեղի կ՛ունենայ Գիրք նուիրելու օրուան ընդառաջ», ըսած է նախարարը:
Կեանքի Որակով Երեւան
Շրջանցած Է Թիֆլիսը
Բրիտանական «Մերկեր» ընկերութիւնը հրապարակած է կեանքի որակի վերաբերեալ տարեկան վարկանշային աղիւսակը, որուն մէջ ներառուած են աշխարհի 230 մեծ քաղաքներ:
Հրապարակուած վարկանիշին համաձայն, կեանքի որակով լաւագոյն քաղաքը Աւստրիոյ մայրաքաղաք Վիեննան է, իսկ վատագոյնը` Իրաքի մայրաքաղաք Պաղտատը: Ցանկին մէջ երկրորդ դիրքի վրայ է Ցիւրիխը, երրորդ` Նոր Զելանտայի Օքլենտ քաղաքը:
Երեւանը գրաւած է 182-րդ դիրքը` իր ետին ձգելով Թիֆլիսը եւ Պաքուն, որոնք համապատասխանաբար գրաւած են 188-րդ եւ 197-րդ դիրքերը:
Այս աղիւսակին կազմութեան ժամանակ նկատի կ՛առնուին 39 գործօններ, որոնք խմբաւորուած են 10 բաժիններու` քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային-մշակութային միջավայրը, անվտանգութիւնը, բնապահպանութիւնը, բժշկութեան եւ կրթութեան մակարդակը, սպառողական ապրանքներու, պետական ծառայութիւններու, երթեւեկի, կացարանի եւ զուարճալիքներու մատչելիութիւնը:
Բրիտանական Ժապաւէններու 14-րդ Փառատօնին
7 Ժապաւէն Պիտի Ցուցադրուի Երեւանի Եւ Մարզերու Մէջ
Բրիտանական խորհուրդը կը յայտարարէ Բրիտանական շարժապատկերի 14-րդ փառատօնի սկիզբին մասին: Փառատօնը 2016-ին կը կրէ «Լաւագոյնը Բրիտանիայէն» խորագիրը:
Փառատօնի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի ունեցաւ փետրուար 20-ին, «Մոսկուա» թատրոնին մէջ: Փառատօնին բացումը սկսաւ «Լէյտին ֆուրկոնի մէջ» ժապաւէնով: Այս տարի փառատօնի ծրագրին մէջ ընդգրկուած են «Օսքար» մրցանակին առաջադրուած միանգամէն քանի մը ժապաւէն:
«Բրիտանական ժապաւէններու փառատօնը հրաշալի կարելիութիւն կ՛ընձեռէ ներկայացնելու բրիտանական շարժապատկերի արտադրութեան լաւագոյն նմուշները: Մշակոյթը հիանալի միջոց է այնպիսի երեւոյթներու մասին տեսակէտներու փոխանակման համար, ինչպիսիք են` մարդու իրաւունքները, արդարադատութիւնը եւ բազմազանութիւնը, ուստի մենք հպարտ ենք համաֆինանսաւորելու այս փառատօնը: Առաջարկուող ժապաւէնները իսկապէս շատ լաւ են, եւ մենք յոյսով ենք, որ անոնք կ՛արժանանան մեր հայ բարեկամներու հաւանութեան», նշած է Միացեալ Թագաւորութեան դեսպան Ճուտիթ Ֆարնուորթը:
Բրիտանական խորհուրդի հայաստանեան մասնաճիւղի տնօրէն Արեւիկ Սարիբեկեանը նշած է, որ այս տարի ժապաւէնները կը պատմեն սիրոյ, սեփական իրաւունքներու, արդարութեան եւ իրենց երազանքներուն համար պայքարող մարդոց մասին: Փառատօնի ծրագիրը բազմազան է թէ՛ թեմաներու ընտրութեամբ եւ թէ՛ ժապաւէններու ժանրային առանձնայատկութեամբ: Ժապաւէններու ընտրութեան Բրիտանական խորհուրդը մօտեցած է ամենայն պատասխանատուութեամբ` նպատակ ունենալով մեր հանդիսատեսին ներկայացնել միայն լաւագոյնը:
Փառատօնի շրջանակներուն մայրաքաղաքին եւ մարզերուն մէջ պիտի ցուցադրուի եօթը ժապաւէն: Փառատօնի մարզերուն մէջ այս տարի կ՛ընդգրկուին` Ապարան, Դիլիջան եւ Ալավերդի քաղաքները: Նշենք, որ մուտքը ազատ է բոլոր ժապաւէններուն համար:
Այս տարի փառատօնին հիւրն է Սայմոն Ուիլքինսոնը, որ ԹՈՒՄՕ ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնին մէջ պիտի ներկայացնէ «The Cube» ժապաւէն-ներկայացումը, որ վիրթուալ իրականութեան, թատրոնի, շարժանկարի եւ լուսանկարչութեան միաձուլումն է: Բրիտանական ժապաւէններու 14-րդ փառատօնը կազմակերպած են Բրիտանական խորհուրդը եւ Երեւանի մէջ բրիտանական դեսպանատունը: Փառատօնի գլխաւոր հովանաւորն է Պիլայնը: Բրիտանական ժապաւէններու 14-րդ փառատօնի ծրագրին յաւելեալ մանրամասնութիւններ կրնաք ստանալ այցելելով` www.britishcouncil.am կայքը: