Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Երեք Փաստաթուղթեր. Բովանդակային Հետեւողականութիւն

March 1, 2016
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

alliance_Khemp

Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի առիթով որդեգրուած Համահայկական հռչակագիրին, բարեփոխուած սահմանադրութեան կենսագործման ուղիները ցոյց տուող նախագահի ելոյթին եւ ՀՅԴ-ՀՀԿ  համագործակցութեան համաձայնագիրին բովանդակութեանց մէջ կան բազմաթիւ արժեհամակարգային նմանութիւններ: Բովանդակային նմանութիւնները, իրար լրացնող գաղափարները եւ մանաւանդ համահայկական տարողութեամբ որդեգրուած վարքագծի մը հանդէպ հետեւողականութիւն ցոյց տալու մօտեցումը կարմիր թելի նման կ՛երկարի այս երեք փաստաթուղթերուն մէջ:

Եւ հաւանաբար սխալ չ՛ըլլար, եթէ համագործակցութեան համաձայնութիւնը ընդհանուր այս պարունակին մէջ տեղադրելով փորձենք քննարկել հիմնադրոյթները, որոնք թէ՛ գաղափարախօսական եւ թէ՛ քաղաքական առումներով առաջադրանքներու փոխկապակցուածութիւնը կը շեշտեն:

Այժմ կեդրոնանանք համահայկական առումով ամէնէն սուր հնչեղութիւն ունեցող խնդիրին վրայ:

Համահայկական հռչակագիրը յղում ընելով Սեւրի պայմանագիրին եւ Ուիլսընի իրաւարար վճիռին կը վերահաստատէր Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի յանձնառութիւնը` շարունակելու միջազգային պայքարը ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման, ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդներու իրաւունքներու վերականգնման եւ պատմական արդարութեան հաստատման համար: Այդ օրերուն հարց կը յառաջանար, որ նման հաստատում կատարող եւ պետութեան ստորագրութիւնը կրող փաստաթուղթը չէ՞ր հակասեր պետութեան ստորագրութիւնը տակաւին կրող մէկ այլ փաստաթուղթի` Երեւան Անգարա արձանագրութիւններուն:

Նախագահի վերջին ելոյթը եկաւ ընդգծելու, որ այս առումով կար յստակ քաղաքական պատկերացում: Այսպէս. «Որեւէ յառաջընթացի հնարաւորութիւն այս պահին չեմ տեսնում Թուրքիայի հետ յարաբերութիւնների հարցում:

«Մենք այս պայմաններում ապրում ենք արդէն 25 տարի: Այս պայմաններին մենք արդէն ընտելացել ենք եւ յարմարուել: Մեր առաջընթացի հնարաւորութիւնները մենք այս խնդիրների լուծման հետ չենք կապում եւ չենք կապելու:

«Մենք պէտք է համակերպուենք այն մտքին, որ Մարտակերտից եւ Մարտունուց դէպի արեւելք եւ Գիւմրուց ու Արմաւիրից արեւմուտք մենք որեւէ իսկական գործընկեր չունենք: Մինչեւ հիմա ապրել ենք առանց նրանց` ապահովելով զարգացման աւելի կամ պակաս կշռոյթ: Համարենք, որ այնտեղ անյատակ ու անանցանելի ճահիճ է»:

Այս բառերով կը բնորոշէր Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը Թուրքիոյ հետ որեւէ յարաբերութեան զարգացման անհաւանականութիւնը: Այս կը նշանակէր բնականաբար, որ խորհրդարանի ընթացիկ եւ ապա ընդհանրապէս  յետ քաշումը արձանագրութիւններու վաւերացման օրակարգին, ստորագրութիւններու չեղեալ յայտարարման ընթացակարգի ամբողջանալիք հանգրուաններն են: Հետեւողականութիւնը կը շարունակուէր պահպանուիլ:

Հռչակագիրն ու սահմանադրութեան կենսագործման ուղիները միայն այս հարցով չէ, որ կ՛աղերսուին անշուշտ: Այս մէկը ցուցիչ օրինակ է պարզապէս: Վարքագիծ մը ակներեւ է երեք փաստաթուղթերուն մէջ էական փոփոխութիւններ յառաջացնելու, համակարգային փոփոխութիւնը իրականացնելու եւ մանաւանդ համայն հայութեան հայրենիքը բոլորին մասնակցութեամբ զարգացման ճանապարհին վրայ տեսնելու:

Շրջադարձ կատարուած է մեր երկրին մէջ. այդ շրջադարձը յանկարծակի չէ, քանի որ անիկա նախանշուած էր նախ Հռչակագիրով, ապա նոր սահմանադրութեամբ, ապա սահմանադրութեան կենսագործման համար նախագահի ելոյթով եւ այժմ ՀՀԿ-ՀՅԴ համագործակցութեան համաձայնութեամբ:

Այդ շրջադարձը առայժմ գուցէ աւելի շատ արտայայտուած է խօսքի եւ փաստաթուղթի ձեւով, սակայն ծանրակշիռ ու հետեւողական ըսելիքը, որ մարտավարական ու նոյնիսկ ռազմավարական փոփոխութիւններ կը նախանշէ եւ  ինքնին արդէն գործողութիւն կը պարունակէ եւ կը յուսադրէ քայլերու անկասելիութեան հարցին մէջ:

Ուղղուածութիւններու տարբեր հարթութիւններ կան այս փաստաթուղթերուն մէջ: Եթէ առաջինը աւելի համահայկական շեշտուած բովանդակութիւն ունի, ապա նախագահինը ներհայաստանեան եւ համապետական ըլլալով հանդերձ կ՛ընդգծէ նաեւ համահայկական կարեւոր եզրեր: Մարտահրաւէրներուն մասին խօսելով նախագահը «մեզ» հասկացողութիւնը կը պարզաբանէր Հայաստանի Հանրապետութիւն, Արցախ եւ աշխարհասփիւռ հայութիւն. այլ խօսքով` հայկական աշխարհ:

Այս մենքն է համահայկական հասարակութիւնը: Թէ՛ Հռչակագիրը, թէ՛ նախագահի ելոյթը եւ թէ՛ համագործակցութիւնը կը բովանդակեն լրջագոյն նախադրեալներ մեր երկիրը դարձնելու ՄԵՆՔ-ի առաջադրած երկիրը, պետութիւնն ու հասարակարգը:

Նախորդը

ՄԱԿ Կը Գնահատէ Ցեղասպանութիւններու Կանխարգիլման Վերաբերող Հայաստանի Ջանքերը

Յաջորդը

Մալաքեան Եղբայրները 3 Տարուան Պայմանագրութիւն Ստորագրեցին Սթալի Հետ

RelatedPosts

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը,  Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները  Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը  Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը, Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»

November 14, 2026
Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան  Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ  Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»
Գլխաւոր լուրեր

Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»

November 14, 2026
Եւրոպական Երկիրները Պատրաստակամութիւն  Յայտնած Են Աջակցելու Հայաստանի Տնտեսական  Եւ Ուժանիւթային Անկախութեան
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Երկիրները Պատրաստակամութիւն Յայտնած Են Աջակցելու Հայաստանի Տնտեսական Եւ Ուժանիւթային Անկախութեան

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.