Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Գանձասար»-ի- Փետրուար Դ. Առանձին Չենք…

March 1, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրիական տագնապի սարսափազդու հետեւանքները, հայ համայնքին կրած բազմատեսակ դժուարութիւններն ու հոգեկան ճնշուածութիւնը, անոր կորուստներն ու ցաւերը, կենցաղային աննկարագրելի պայմանները բնականաբար երբեմն յուսահատութեան, ընկրկումի պահեր կը ստեղծեն, մարդոց դիմադրողականութիւնը կը տկարացնեն:

Այս բազմաչարչար տագնապին մէջ, սակայն, մենք առանձին չենք, պինդ կանգնած ենք ու չենք կորսնցուցած մեր լաւատեսութիւնն ու հաւատքը, որովհետեւ մեր կողքին կանգնած է համայն հայութիւնը, հայրենիքի մէջ թէ Սփիւռքի, իր քարոզչական, նիւթական եւ դիւանագիտական բոլոր լծակներու օգտագործման հնարաւորութիւններով:

21 փետրուարին Միացեալ Նահանգների մէջ սուրիահայութեան օժանդակութեան մարմինին` ՍԱՐՖ-ին կազմակերպած «Կեանք մը փրկենք» հեռուստամարաթոնին հետեւելով, անոր նախապատրաստական աշխատանքներուն մէջ ներգրաւուած նուիրեալ երիտասարդներուն, պատասխանատուներուն, հոգեւորականներուն, նուիրատուներուն, արուեստագէտներուն, լրագրողներուն, հաղորդավարներուն տենդն ու եռանդը տեսնելով, կը ներշնչուինք, համբերութեամբ կը տոգորուինք ու սուրիահայութեան վերականգնումի մեր աշխատանքները նորանոր թափով ծրագրաւորելու հրամայականին ընդառաջ առաւել վճռական կը դառնանք:

ՍԱՐՖ-ի հեռուստամարաթոնին նկատմամբ շնորհակալական մեր խօսքերը սոսկ հանգանակուած նիւթական օժանդակութեան արձագանգելու երախտագիտութեան շրջագիծին մէջ չեն տեղադրուիր: Մենք երախտապարտ ենք մեր ազգակիցներու բարձր գիտակցութեան, սուրիահայ համայնքի պահպանման ուղղուած բոլորանուէր ջանքերուն ու հաւատքին համար: Քաջատեղեակ ենք ամերիկահայ համայնքի դրամահաւաքի զանազան աշխատանքներուն, որոնց միջոցով մեր ազգակիցները, առանց դոյզն գանգատի, կը հանգանակեն համահայկական մէկէ աւելի ծրագիրներու օգտին: Ողջունելի են նուիրական այս մօտեցումը, ազգային մեր առաջնահերթութիւններուն անսալու բարձր գիտակցութիւնը, իսկ այս պարագային սուրիահայ համայնքին դերն ու կարեւորութիւնը լուսարձակի տակ պահելու միասնական աշխատանքը:

Հազարաւոր մղոնները արգելք չհանդիսացան, որ մեր ազգակիցները Միացեալ Նահագների հեռաւոր ափերուն մէջ անգամ զգան, ապրին, կիսեն մեր ցաւը, յոյս ներշնչեն, մաքառին մեր գոյութեան ու մեր գալիքին համար:

Որպէս սուրիահայեր, համայնքի բարւոք օրերուն, համահայկական խնդիրներուն մօտեցած ենք նոյն գիտակցութեամբ, նոյն նուիրումով, իսկ այսօր հպարտ կը զգանք այն վիթխարի աշխատանքին համար, որ տարին ՍԱՐՖ-ի մեծ ընտանիքն ու համայն հայութիւնը:

Համակարգիչներուն դիմաց նուիրատուներու ցանկագրումին լծուող, հեռատեսիլներու պաստառներուն առջեւ սուրիահայ իրենց քոյրերուն եւ եղբայրներուն խաղաղութեան ջերմ մաղթանքներ ուղղող հայ երիտասարդները, աշակերտները, արի-արենուշները էական պատգամ մը փոխանցեցին. ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ԱՌԱՆՁԻՆ ՉԷ ԱՅՍ ՏԱԳՆԱՊԻՆ ՄԷՋ…

Զ. Պ.

Նախորդը

Ցնցիչ Թիւեր

Յաջորդը

Անդրադարձ. Ներգաղթի Եւ Արտագաղթի Մասին, Եւ` Սուրիահայ Գաղթականները

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.