Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գրիգոր Պըլտեանի Գրական Գործունէութեան 50-Ամեակի Յոբելենական Հանդիսութիւն

Մարտ 1, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

2016 թուականի 25 յունուարին Հայագիտական ուսմանց ծրագիրը պատիւը ունեցաւ կազմակերպելու Գրիգոր Պըլտեանի գրական գործունէութեան 50-ամեակի յոբելենական հանդիսութիւնը: Գրիգոր Պըլտեան անձամբ ներկայ գտնուեցաւ եւ մասնակցեցաւ հանդիսութեան,  իրողութիւն մը,  որ Հայագիտական ուսմանց ծրագիրին համար եղաւ յատկապէս յիշատակելի:

Բացման խօսքը կատարեց Հայագիտական ուսմանց ծրագիրի ղեկավար Գրիգոր Մոսկոֆեան: Ան հիացումով խօսեցաւ Պըլտեանի գրականութեան մասին, որ կրցած է անցնող 50 տարիներու ընթացքին պահել իր «թարմութիւնը»: Մոսկոֆեան խօսեցաւ հայ գրականութեան վրայ Պըլտեանի ունեցած դրական ազդեցութեան մասին` աւելցնելով, որ Պըլտեան անդրանցած է մեր ժամանակներու հայ գրականութեան արտայայտչամիջոցի եւ իմաստի սահմանագիծերը: Այս ձեռնարկին ներկայ էին նաեւ երիտասարդ գրող Քրիստիան Բատիկեան, որ Պըլտեանի հին գործերէն կարդաց, եւ Մոնրէալէն` Րաֆֆի Աճեմեան, որ ղեկավարեց այս զրոյց-հանդիպումը: Հարկ է նշել, որ Աճեմեան տարբեր առիթներով լայնօրէն անդրադարձած է Պըլտեանի գրականութեան: Այս ձեռնարկը տեղի ունեցաւ SOAS-ի (Լոնտոնի համալսարան) «Խալիլի» սրահին մէջ:

Գրիգոր Պըլտեան
Գրիգոր Պըլտեան
Րաֆֆի Աճեմեան Լուսանկարները՝ «Հայագիտական Ուսմանց Ծրագիր»-ի
Րաֆֆի Աճեմեան

Րաֆֆի Աճեմեան արտայայտեց իր գոհունակութիւնը` մասնակցելու այնպիսի իրադարձութեան մը, ուր որեւէ քաղաքական պատկանելիութիւն կամ ուղղութիւն չէր քարոզուեր կամ փառաբանուեր: Ան նշեց, թէ հայկական գաղութներուն մէջ տեղի ունեցող նմանատիպ հանդիսութիւններու ընթացքին, ուր կը նշուի գրողի մը գործունէութեան յոբելեանը,  ընդհանրապէս թաքուն կամ բացայայտ կապ մը կ՛ըլլայ գրողին եւ տուեալ քաղաքական խմբակցութեան միջեւ: Իսկ այս հանդիպումին ընթացքին այսպիսի յաւակնութիւններ չկային. այլ կային Պըլտեանի գործերը գնահատող եւ ընթերցող ներկաներ: Աճեմեան Գրիգոր Պըլտեանի գործերուն վրայ ընդհանուր ակնարկ մը նետեց` նշելով անոր կրած ազդեցութիւնները, եւ անդրադարձաւ այն պատճառներուն, որոնք դրդեցին Պըլտեանը գրելու զինք շրջապատող աշխարհին մասին:

Ապա Րաֆֆի Աճեմեան մեկնարկեց զրոյց մը Պըլտեանին հետ: Ան Պըլտեանին հարցուց իր կողմէ «պարզամիտ» դասուող հարցում մը,  սակայն ատիկա Պըլտեանին հարցուելիք ամէնէն պատշաճ հարցումն էր. «Ե՞րբ, ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ որոշումը տուիք գրելու»: Պըլտեան յստակ թուական մը տուաւ` 1965-ի ապրիլը: Այդ թուականին Պըլտեան կը յաճախէր լիբանանեան-ֆրանսական երկրորդական վարժարանը (lycée franco-libanais). այս մէկը Պըլտեանին համար նոր եւ անծանօթ միջավայր մըն էր: Ան միակ հայ աշակերտն էր դասարանին մէջ: Այս շրջանին է, որ ան կը հանդիպի Միշէլ Ռիպոնի. Պըլտեան զայն կը նկարագրէ որպէս փիլիսոփայութեան հիանալի ուսուցիչ: Պըլտեան Ռիպոնին կը վերագրէ գրող դառնալու իր ներշնչումը:  Պըլտեան ուզած էր մասնաւորապէս փիլիսոփայութեան գրող դառնալ: Ռիպոն շատ կը խօսէր ֆրանսացի բանաստեղծ, գրող եւ փիլիսոփայ Փոլ Վալերիի մասին, հետեւաբար Պըլտեան նշեց, որ իր առաջին գրական փորձերը մեծապէս ազդուած էին անկէ:

Աճեմեանի երկրորդ հարցումը կը վերաբերէր Պըլտեանի ընտրած գրական լեզուին. «Ինչպէ՞ս որոշեցիք հայերէնով գրել»: Պըլտեան պատասխանեց` ըսելով, թէ իր մտքէն բնաւ չէր անցած ուրիշ լեզուով գրել, հակառակ անոր որ հայերէնով գրելու որոշումը կայացուցած է Փարիզ գտնուած ժամանակ: Այս ժամանակաշրջանին է, որ ան ծանօթացած է Յակոբ Օշականի գործերուն, նախ` գրաքննադատական ժանրին: Պըլտեան խոստովանեցաւ, որ այդ ժամանակ զարմացած էր` տեսնելով, որ այդքան խորունկ եւ բարդ միտքեր կարելի էր արտայայտել հայերէնով: Պըլտեան նաեւ նշեց Վահան Թէքէեանը, որուն գործերը ինք նախապէս պարզ ու անհետաքրքրական գտած էր, բայց աւելի ուշ անդրադարձած էր, որ Վահան Թէքէեան մեծ ազդեցութիւն ունեցած է արեւմտահայ լեզուի գրական զարգացումին վրայ: Պըլտեան անդրադարձաւ իր յաճախած հայկական դպրոցի ուսուցումին թերութիւններուն. աշակերտները չէին խրախուսուեր կարդալ «դժուար» գրողներ եւ անոնց չէին սորվեցներ գրական օրէնքներուն մասին: Այս մէկը ուսուցիչներուն տուեալ նիւթին մէջ ունեցած անգիտութեան հետեւանք էր: Պըլտեան ակնարկեց, թէ հայ գրականութեան եւ գրելու արուեստին տիրապետելու համար հարկ էր ձեւով մը «ինքնուսոյց» ըլլալ: Աճեմեան նշեց, թէ այդ տարիներուն բանաստեղծութիւններ գրելը տարածուած էր, երեւոյթ մը, որ կը շարունակուի մինչեւ այսօր: Պըլտեան պատասխանեց` ըսելով, թէ գրական գործունէութեան առաջին տարիներուն հայերէնով բանաստեղծութիւններ գրելը շատ դժուար կը սեպէր, քանի որ դեռ ամբողջովին չէր տիրապետած լեզուին: Ան յիշեց, թէ ինչպէս կը նստէր ու ժամերով կը սպասէր, որ ներշնչուի… Հայոց լեզուին չտիրապետելէն եւ հայերէնի հետ փորձառութիւն մը չունենալէն բացի, Պըլտեան ոչ ոք ունէր իրեն տաղաչափութիւն սորվեցնող: Պըլտեան առանձին կը սորվի այս բոլորը, նախ գիրքերու միջոցով ապա` լեզուին հետ աւելի ու աւելի աշխատելով, ծանօթանալով նաեւ անոր ձայներուն ու կշռոյթներու բնոյթին:

Պըլտեան ապա խօսեցաւ իր անձնական գրական ոճի զարգացումին մասին: Գրելու ժամանակ ան ինքն իրեն սահմաններ եւ առաջադրանքներ կը դնէր` նախադասութեան կառուցուածքին եւ բառերուն հետ խաղալով: Այս մէկը ան սորված էր Փոլ Վալերիէն: Օրինակի համար, Պըլտեան կը փորձէր քանի մը տող գրել` խուսափելով տուեալ ձայնաւոր մը գործածելէ: Այս մէկը նպատակայարմար վարժութիւն մըն է, որպէսզի գրելը ըլլայ աւելի դժուար առաջադրանք մը, եւ որպէսզի լեզուի տիրապետումը աւելի ամրանայ: Պըլտեան նշեց, որ այսպիսի ծանրաբեռնումը կարելի է անշուշտ միայն այն ժամանակ, երբ լեզուի տիրապետումը որոշ մակարդակի արդէն հասած է:

Աճեմեան նշեց, թէ Պըլտեան արդէն գրած է, որ գիտեր, թէ բանաստեղծութիւնը ի՛նչ չէ. Պըլտեան թուեց լեզուի տեսակներ, որոնք, ըստ իրեն, բանաստեղծութիւն չեն համարուիր. ասոնք են` նկարագրական, հայրենասիրական, հռետորական եւ նարկիզականները: Բանաստեղծութեան մէջ Պըլտեանի առաջնակարգ նպատակներէն է ջնջել «ես»-ը: Բառերու խաղի վարժութիւնը Պըլտեանի համար պարզապէս զուարճանք չէր, այլ միջոց մը` լեզուին տիրապետելու մինչեւ ա՛յն աստիճան, որ «ես»-ը ելլէր գրութեան մէջէն: Ասոնք եղան վարժութիւններ, որոնք Պըլտեանին առիթ տուին հետագային աւելի ազատ արտայայտուելու` առանց ապաւինելու «ես»-ին, որպէս ներշնչման աղբիւրի: Գրելու հմտութիւնը զարգացնելու համար պէտք է աշխատիլ մտքին, զգացումներուն եւ լեզուին վրայ: Բանաստեղծութիւն գրելու գերագոյն նպատակը մտքի եւ լեզուի հաշտեցումն է:

Պըլտեան շարունակեց անդրադառնալ իր գրական գործերուն պատմութեան` խօսելով բանաստեղծական, գրաքննադատական գործերուն, մանտրաներուն եւ «պատում»-ներուն մասին: Պըլտեան բացայայտեց «պատում»-ի իր հասկացողութիւնը (որ կու գայ «պատմել» բայէն, նաեւ արմատն է «պատմութիւն» բառին): Ան գրական այս ոճը տարբերեց վէպէն` այս վերջինը համարելով աւելի մեծ գործ, որ կը հիմնուի նիւթի մը վրայ եւ անպայման պէտք է հերոս մը ունենայ:  Իսկ «պատում»-ը մտածելակերպ մըն է, որուն ընդմէջէն խնդիր մը կ՛առաջադրուի: Գրութիւն մը, որ յստակ խնդիր մը չունի, պարզապէս կը դառնայ պատմութիւն մը, եւ այս մէկը չի կրնար «պատում» սեպուիլ: Պատմութիւն մը պարզապէս պատմելը կամ նկարագրելը չի հետաքրքրեր զինք.«պատում»-ին մէջ խնդիր մը կամ հարց մը պէտք է խուզարկուի:

Պըլտեան հաստատեց պատկերի մը կարեւորութիւնը. Արիստոտէլ ըսած է, որ մարդ չի կրնար մտածել առանց պատկերի: Պատկերը այն կերպն ու տեսքն է, որուն միջոցով մարդ կը մտածէ: «Պատում»-ին նպատակն է կեանք տալ պատկերին: Պատկերը նախապէս «սառած» է, «պատում»-ն է, որ շունչ ու կերպարանք կու տայ անոր: Պըլտեան կը շեշտէ, որ գրելու ժամանակ մարդ պէտք չէ պատկերին գերին դառնայ ու պէտք չէ անոր յանձնուի…:

Ձեռնարկի աւարտին, Պըլտեան շնորհակալութիւն յայտնեց Գրիգոր Մոսկոֆեանին` այս յոբելեանը կազմակերպելու համար: Պըլտեանի համար խնդրայարոյց էր այս ձեռնարկը գրական գործունէութեան «50-րդ յոբելեան» անուանելը. ան պիտի նախընտրէր զայն կոչել հանդիպում մը, որուն նիւթը գրականութիւնն էր:

Հայագիտական ուսմանց ծրագիրը պատիւը ունեցաւ այսպիսի ձեռնարկ մը կազմակերպելու` հաճոյքը ունենալով անձամբ հիւրընկալելու Գրիգոր Պըլտեանը եւ լսելու անոր իսկ կողմէ ներկայացուած գրական գործունէութեան քննարկումը:

ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ՈՒՍՄԱՆՑ ԾՐԱԳԻՐ

 Լուսանկարները՝
«Հայագիտական Ուսմանց Ծրագիր»-ի

Լոնտոն

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (1 Մարտ 1966)

Յաջորդը

Արեգնացնող «Արեգ»-ը` Իր Արեգակնացնող Արեգակներով

RelatedPosts

Դպրեվանեան Ոգին.  Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ
Անդրադարձ

Դպրեվանեան Ոգին. Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Փաշինեանը Փոխելու Շարժումը Չի Մարիր,  Այլ Նոր Թափ Կը Ստանայ
Անդրադարձ

Արդեօք Հայաստանի Ժողովուրդը Վերջապէս Պիտի Արթննա՞յ, Երբ Փաշինեանը Հրամայէ Ձերբակալել Կաթողիկոսը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Մամուլը Ե՞րբ Իր Կոչումը Կը Վսեմացնէ Եւ Ե՞րբ Զայն Կը Նսեմացնէ (Հայ Մշակոյթի Ամսուան Առթիւ)

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?